ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՍԵՒ ՔՂԱՆՑՔԸ

Եթէ ուշադրութեամբ դիտենք, կեանքը երբեմն նոյն, երբեմն նման շարժումներու, ապրումներու միօրինակութիւն մը, կրկնութիւն մըն է։ Թէեւ կ՚ըսուի, որ ամէն օր նոր կեանք մըն է ապրողին համար. այո, ամէն առաւօտ նոր կեանքի մը կը սկսի մարդ, բայց որքան «նոր», նո՛յնքան «նման» կեանք մը՝ գրեթէ նոյն առաւօտը եւ նոյն գիշերը… եւ այսպէս կ՚անցնի ամբողջ կեանք մը։

Ուրիշ առիթով յիշեցինք այն իրականութիւնը՝ թէ կեանքի երկար կամ կարճ ըլլալէն աւելի, կեանքին օգտակար, բարեբեր եւ լաւ ապրիլն է կարեւորը։ Ի՞նչ պիտի արժէր երկար բայց անօգուտ, տառապանքով լեցուն, դժբախտութիւններով ապրուած կեանք մը, երբ ուրիշ մը բաւականի չափ շուրջիններուն օգտակար, երջանիկ կեանք մը ապրած է։

Առաւօտները նոր յոյս մը կը բերեն մարդուս, քանի որ առաւօտները լոյսին մէջ կը յայտնուին եւ թերեւս այդ լոյսը եւ յոյսն է, որ «նոր կեանք»ի մը տպաւորութիւնը կը թողու նեղութիւններու մէջ ապրող մարդուն վրայ։ Բայց աշխարհը նոյն աշխարհն է. ոչինչ փոխուած է, ինչ որ փոխանցած է նախորդ օրը, այն է որ կը շարունակուի, եւ մութ, խաւար գիշերն ալ ոչինչ փոխած է, միայն խաւարը փարատած եւ լոյսը տարածուած է աշխարհի վրայ։ Արեւը որ կը ծագի ամէն առաւօտ, նոյն արեւն է, այլապէս ոչինչ կայ փոխուած։ Բայց խաւարը իր մէջ յոյս չունի, լոյսին մէ՛ջն է յոյսը, եւ ահաւասիկ այդ յոյսն է, որ մարդուս «նոր կեանք»ի մը, փոխուած՝ բարեշրջուած կեանքի մը տպաւորութիւնը կը թողու, առոյգ, առողջ, ջանասէր կ՚ընէ մարդը՝ բաղդատմամբ մութ եւ խաւար գիշերին թողած անյոյս ապրումներուն։

Գիշերը կու գայ եւ իր սեւ քղանցքին տակ կ՚առնէ աշխարհի տարածութիւնը, եւ սեւութիւնը՝ սեւութեան եւ մութի մէջ անտեսանելի կ՚ընէ աչքերու աշխարհի իրականութիւնը։ Մութը անորոշութիւն կ՚ենթադրէ եւ անորոշութիւնը՝ կասկած, նեղութիւն, տառապա՛նք։ Սակայն աշխարհ միայն «տեսանելի» իրականութիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ «լսելի՛» իրականութիւն մը. ան թէ՛ կերպարանք ունի եւ թէ՛ լեզու։ Եւ եթէ աշխարհ միայն ցերեկուան լոյսովը «տեսանելի» է, ցերեկ եւ գիշեր «լսելի՛» է։

Աշխարհը կը խօսի. երբեմն զուսպ, եւ երբեմն որոտագին ձայնով մը՝ որ իր սեփական յանգաւորութիւնը ունի։ Աշխարհը մութին մէջ անտեսանելի է, բայց ան միշտ լսելի է, ան տեւական կը խօսի, կը ձայնէ մտաւոր եւ հոգեւոր ականջներու, եւ կը լսեն անոնք, որոնք ունին գիտակցութիւնը մտաւոր եւ հոգեւոր ականջներ օգտագործելու։

Ի՛նչ կ՚ըսէ՝ երբ գիշերուան մութին մէջ կը փսփսայ աշխարհ, եւ կամ երբ կ՚որոտայ. գիտնալ կարելի չէ։ Արդեօք կու լա՞յ աշխարհ մութին մէջ, կամ թէ կ՚երգէ՞, կամ բաներ մը ըսել կ՚ուզէ՞, ի՞նչ, եւ կամ որո՞ւ. այդ ալ գիտնալ անկարելի է. բայց աշխարհը կը խօսի, ձայն ունի գիշերուան մութին մէջ նոյնիսկ։ Աշխարհի լեզուն հասկնալ կարելի չէ. անոր լեզուին իմաստը մարդուն հասկցածը կամ մեկնածն է, անշուշտ երբ լսէ անոր ձայնը։

Այս իմաստով, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բազմալեզուեան է աշխարհը. այնքան լեզու ունի, որքան՝ ունկնդիրներ։ Աշխարհ կը խօսի իւրաքանչիւր մարդու հասկցած լեզուով, բայց պէտք է լսել հասկնալու համար, առանց լսելու հասկնալ կարելի չէ, եւ ուրեմն լսելու համար մարդ պէտք է անդրադառնայ իր հոգեւոր եւ մտաւոր ականջներուն եւ տրամադիր ըլլայ զանոնք օգտագործելու։ Սա ստոյգ է, որ հոգեւոր եւ մտաւոր ականջները կը լսեն այն ձայները՝ ինչ որ մարդուս մարմնաւոր ականջները երբեք պիտի չկարենայ լսել։

Աշխարհի լեզուն մարդուս կը խօսի, ի՛նչ որ մարդ անհատապէս կը հասկնայ։ Աշխարհի լեզուն ամէն մարդու համար յատուկ լեզու մը կը գործածէ։

Եւ այս իսկ պատճառով, իւրաքանչիւր անհատի հասկցածները կրնան հիմնովին իրարմէ տարբերիլ. բայց տարբերին կամ ո՛չ՝ աշխարհի իրականութիւնը եւ անոր յայտարարութիւնները անփոփոխ են. եւ ա՛յդ է կարեւորը։

Մարդուս հասկցողութիւնը սահմանաւոր է աւելի կամ պակաս, շիտակ կամ սխալ, բայց իրականութիւնը՝ անյեղլի եւ մշտնջենակա՛ն։ Աշխարհի լեզուն բնութեան լեզուն է՝ որուն մէջ ո՛չ մէկ խաբէութիւն, ո՛չ մէկ խարդախութիւն, ո՛չ մէկ անստուգութիւն կայ։ Բնութեան լեզուն՝ Աստուծոյ լեզուն է, որ կը խօսի թէ՛ մութին եւ թէ՛ լոյսին մէջ։

Աստուծոյ նկարագիրը մարդկային մեկնութենէն կախեալ չէ՛։ Մարդ ի՛նչպէս ալ որ մեկնէ կամ բացատրէ, Աստուծոյ նկարագիրը է՛ ի՛նչ որ է։ Անոր նկարագիրը անկախաբար կը յայտնուի մարդուս մեկնութենէն։ Ուստի, մարդը չէ որ Քրիստոսը պիտի ձեւէ, կերպանանք տայ եւ ստեղծէ իր սեփական կարծիքներովը, եւ համոզումներովը, գաղափարներովը։

Քրիստոս է ի՛նչ որ Հայրը ըրաւ զԱյն, նոյնը երէկ, եւ այսօր, եւ յաւիտեա՛ն։

Ոմանք հիւանդագին՝ ախտաւոր զգայնութիւն մը ունին մարդկային մեկնութիւններու հանդէպ, կը վախնան թէ՝ աս ու ան կրնան քանդել իրենց կարծիքներովը Քրիսոտսի անձնաւորութեան հարազատութիւնը։ Երբե՛ք։ Քրիստոս կայ եւ կը մնայ անեղծ իր իրականութեան վեհափառութեամբը որպէս Աստուծոյ Որդի. եւ Փրկիչը մեղաւոր մարդկութեան։

Քրիստոս, արդարեւ, Ի՛նք չի մեռնիր, չի դադրիր իրականութիւն մը ըլլալէ, երբ կ՚ուրացուի…։

Թո՛ղ խօսի աշխարհն ալ ինչպէս որ մարդը կը հասկնայ, բայց խօսքէն վեր, եւ առաջ, եւ վերջ կայ եւ կը մնայ խօսքին իրականութեան յաւիտենականութիւնը։ Եւ այսպէս, աշխարհը արթուն կը պահէ մարդուս հոգին յաւիտենական արժէքներու նկատմամբ։ Լսուածէն՝ տեսնուածէն՝ կարծիքներէն՝ մեկնութիւններէն՝ աւելին պէտք է հոգիին կեանքը պահպանելու, տեւականացնելու եւ հարստացնելու համար։

Ո՜վ աշխարհ, ի՛նչ որ ալ կը նշանակեն քու խօսքերդ, ըսածներդ լսող ականջիս, եւ սակայն հոգիիս սա միակ ապահովիչ պատգամը կու տաս դուն.

«Ե՛ս ահա՛ հոս եմ, յաւիտենապէս»։

Նոյն հաւաստիքը ունի Յիսուս Քրիստոս նոյնիսկ տարակուսող հոգիներու համար. «Ե՛ս ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը»։ Այսքանը կը բաւէ մեզի համար, որպէսզի ապրինք, յուսանք, սիրենք եւ գործենք։ Հոգիին կեանքը կախեալ է անյեղլի իրականութեան մը ներշնչած հաւաստիքէն, եւ ո՛չ թէ իրականութեան մը մեկնութենէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 21, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021