ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

Մարդոց իրարմէ կախումը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Ան տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելող արարածները, յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը։ Ասիկա պահանջքը կը ստեղծէ ազգերու հասարակութեան՝ կազմակերպութեան մը, որ կարող ըլլայ «հոգալու մարդոց կարիքները թէ՛ ընկերային կեանքին մարզին մէջ (սնունդ, առողջութիւն, կրթութիւն), թէ՛ դիմակալելու իւրայատուկ բազմաթիւ պարագաներ, որոնք կրնան ի յայտ գալ հոս կամ հոն (ինչպէս՝ օժանդակութիւն ապաստանեալներուն թշուառութեան, օգնութիւն գաղթականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն)։

Հասարակաց բարիքը ուղղուած է միշտ դէպի անձերու յառաջդիմութիւնը. իրերուն կարգը պէտք է ստորադասուի անձերուն կարգին եւ ո՛չ թէ հակառակը։ Այս «կարգ»ը իբր հիմ ունի ճշմարտութիւնը, կը կերտուի արդարութեան վրայ եւ կը կենսագործուի՝ կեանքի կը վերածուի սիրոյ մէջ։

Մասնակցիլը՝ կամովին եւ ինքնանուէր յանձնառութիւնն է անձին՝ ընկերային փոխանակութիւններուն մարզին մէջ։ Անհրաժեշտ է, որ ամէնքը մասնակցին, իւրաքանչիւրը ըստ իր գրաւած տեղին եւ ըստ իր կատարած դերին, զարգացնելու համար հասարակաց բարիքը։ Այս պարտականութիւնը յարակից է մարդկային անձին արժանապատուութեան։ Մասնակցութիւնը կը կատարուի նա՛խ յանձնառումովը այն մարզերուն, որոնց «անձնական պատասխանատուութիւն»ը ունինք։ Մարդ երբ խնամք կը տանի իր ընտանիքին կրթութեան կամ երբ իր աշխատանքը խղճով կը կատարէ, այն ատեն կը մասնակցի ուրիշին եւ ընկերութեան՝ հասարակաց բարիքին։

Այս ուղղութեամբ, քաղաքացիներ պարտին որքան կարելի է «գործօն մասնակցութիւն» բերել հանրային կեանքին։ Եղանակները այս մասնակցութեան կրնան տարբերիլ մէկ երկրէն միւսը կամ մէկ մշակոյթէն միւսը։ Գովելի են այն գործելակերպերը, ուր մեծագոյն թիւով քաղաքացիներ իսկական ազատութեամբ կը մասնակցին իրենց հանրային գործերուն։

«Հասարակաց բարիք»ին գործադրումին մասնակցութիւնը բոլորին համար կ՚ենթադրէ, ինչպէս բարոյական ամէն պարտականութեան պարագային, ընկերային գործակիցներուն յարատեւ «փոփոխումը»։

Խարդախութիւնը եւ այլ անպարկեշտ հնարքները, որոնց միջոցով ոմանք կը խուսափին օրէնքին ստիպողութիւններէն եւ ընկերային-հասարակական պարտականութեան պատուիրած հրահանգներէն, պէտք է վճռակամօրէն դատապարտուին, որովհետեւ անոնք անհաշտ են արդարութեան պահանջներուն հետ։

Հարկ է զբաղիլ զարգացումին ընթացքով այն հաստատութիւններուն, որոնք կը բարելաւեն մարդկային կեանքին պայմանները։

Արդարեւ, մարդկային ամէն հասարակութիւն կարիքը ունի իշխանութեան մը՝ ինքզինք կանգուն պահելու եւ բարգաւաճելու համար։ Ընկերութիւն մը, ընկերային արդարութիւնը կ՚ապահովէ այն ատեն, երբ կ՚իրականացնէ այն պայմանները, որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ մարդոց իւրաքանչիւրին ստանալու ինչ որ իրենց անկ է՝ ըստ իրենց բնութեան եւ կոչումին։ Ընկերային արդարութիւնը զօդուած է «հասարակաց բարիքին» եւ իշխանութեան գործադրութեան հետ։ Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ՛ ձեռք ձգել՝ եթէ ոչ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային անձը կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան, որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։ Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը եւ յառաջմղումը յանձնուած է մարդուն՝ Արարիչէն։ Պատմութեան բոլոր պարագաներուն մէջ իւրաքանչիւր այր-մարդ եւ կին-մարդ այդ պատասխանատուութեան խստիւ պարտապան պէտք է մնայ։

Մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն, որոնք կը բխին մարդկային անձին արժանապատուութենէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024