ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԹԱՂՈՒՄԸ

Մա­հը՝ կեան­քին ան­խու­սա­փե­լի վախ­ճանն է։ Մա­հուան քրիս­տո­նեայ ի­մաս­տը կը յայտ­նուի Քրիս­տո­սի մա­հուան եւ յա­րու­թեան «Զատ­կա­կան խոր­հուրդ»ին լոյ­սին մէջ, այն Քրիս­տո­սին՝ ո­րուն վրայ դրուած է մար­դուս միա՛կ յոյ­սը։ Քրիս­տո­նեան որ կը վախ­ճա­նի ի Քրիս­տոս Յի­սուս, «կը թո­ղու այս մար­մի­նը եւ կ՚եր­թայ բնա­կե­լու Տի­րոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։ Ուս­տի, ժա­մա­նա­կա­ւոր-մարմ­նա­կան կեան­քին վախ­ճա­նին, մա­հուան օ­րը քրիս­տո­նեա­յին հա­մար՝ ա­ւա՛րտն է ա­նոր Մկրտու­թեամբ սկսած «վերս­տին ծնունդ»ին։ Սուրբ Հո­գիին օ­ծու­մով ըն­ձե­ռուած Որ­դիին պատ­կե­րին վերջ­նա­կան «նմա­նու­թիւն»ն է այդ պա­հը՝ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեամբ սկսուած Ար­քա­յու­թեան կո­չուն­քին, հրա­ւէ­րին մաս­նակ­ցու­թի՛ւնն է։ Ար­դա­րեւ բո­լոր խոր­հուրդ­նե­րը նպա­տա­կա­կէտ ու­նին Աս­տու­ծոյ Որ­դիին վեր­ջին Զա­տի­կը՝ որ մա­հով կը մտցնէ զԻնք Ար­քա­յու­թեան կեան­քին մէջ։

Ե­կե­ղե­ցին, որ իբր «Մայր»՝ ք­րիս­տո­նեա­յին երկ­րա­ւոր ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ըն­թաց­քին, զայն իր ծո­ցին մէջ խորհր­դե­նա­կա­նա­պէս կրեց, կ՚ըն­կե­րա­նայ ա­նոր, որ­պէս­զի ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ւար­տին՝ զինք յանձ­նէ «Հօր ձեռ­քե­րուն մէջ»։ Ե­կե­ղե­ցին իր շնորհ­քին զա­ւա­կը կը նուի­րէ Հօր՝ Քրիր­տո­սով, եւ յու­սա­լից՝ հո­ղին կը յանձ­նէ հուն­տը ա­նոր մար­մի­նին, որ պի­տի յառ­նէ փառ­քով. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 42-44)։­

Այս նուի­րու­մը լրիւ կը հան­դի­սա­կա­տա­րուի սրբա­գործ­ման ու գո­յա­ցա­փո­խու­թեան խոր­հուր­դով՝ ո­րուն նա­խոր­դող ու յա­ջոր­դող օրհ­նու­թիւն­նե­րը խորհր­դա­կեր­պեր են։

Ուս­տի քրիս­տոս­նեա­յի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը Ե­կե­ղե­ցիի «ծի­սա­կան հան­դի­սա­կա­տա­րում» մըն է, ո­րուն մի­ջո­ցով Ե­կե­ղե­ցիին պաշ­տօ­նա­տա­րու­թիւ­նը կը ձգտի թէ՛ ար­տա­յա­տե­լու իր գոր­ծօն հա­ղոր­դու­թիւ­նը «ննջե­ցեալ»ին հետ, թէ՛ թա­ղու­մին հա­մար հա­մախմ­բուած «հա­սա­րա­կու­թիւն»ը ա­նոր մաս­նա­կից ը­նե­լու եւ ա­ւե­տե­լու ա­նոր յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը՝ ո­րուն կո­չուած է իր ա­րար­չու­թե­նէն իսկ։

Ար­դա­րեւ Ա­ւագ Շաբ­թուան ա­մե­նէն նուի­րա­կան եւ սուրբ օրն է Ա­ւագ Ուր­բա­թը՝ որ իր մէջ կ՚ամ­փո­փէ Յի­սու­սի չար­չա­րանք­նե­րու, խա­չե­լու­թեան եւ թաղ­ման խոր­հուրդ­նե­րը։ Մարդ­կու­թեան ա­մե­նէն գար­շե­լի, ա­նարգ, զա­զիր եւ սոս­կում ազ­դող, քստմնե­լի ա­րար­քը ե­ղաւ այն՝ երբ ա­րա­րած­նե­րը ի­րենց ձեռ­քե­րո­վը սպան­նե­ցին ի­րենց Ա­րա­րի­չը՝ զայն խա­չը հա­նե­լով։ Ուս­տի Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ շա­րա­կա­նա­գիր Հայ­րա­պե­տը կ՚ը­սէ. «Ո՜վ սքան­չե­լի եւ տե­սիլ ա­հա­ւոր, զԱ­րա­րիչն երկ­րի եւ երկ­նի այ­սօր տե­սաք ի խա­չին… Ա­նար­գա­բար խա­չե­ցաւ Տէրն ի մէջ յա­նօ­րի­նաց…»։­

Ա­ւագ Ուր­բաթ օր, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին կը կա­տա­րուին ըն­թեր­ցում­ներ Ա­ւե­տա­րան­նե­րէն՝ ո­րոնք կը պատ­մեն Քրիս­տո­սի դա­տուի­լը հռո­մէա­ցի Կու­սա­կալ Պի­ղա­տո­սէն, հրեայ կրօ­նա­ւոր­նե­րու ամ­բաս­տա­նու­թեամբ եւ պնդու­մով խա­չի ա­նարգ ու ստա­հակ մա­հուան Ա­նոր դա­տա­պար­տու­թիւ­նը, մար­դոց­մէ եւ զի­նուար­նե­րէ ծաղ­րուի­լը, ապ­տա­կուի­լը, ա­նար­գուի­լը, խա­չը ու­սին Գող­գո­թա բարձ­րա­նա­լը, ա­րե­գա­կին խա­ւա­րի­լը, տա­ճա­րին վա­րա­գոյ­րին պատ­ռուի­լը, երկ­րա­շարժ պա­տա­հի­լը եւ խա­չին վրայ Յի­սու­սի վախ­ճա­նի­լը՝ գլու­խը խո­նար­հեց­նելն ու հո­գին ա­ւան­դե­լը Հօր ձեռ­քե­րուն մէջ։

Յի­սուս, գի­տա­կից իր Աս­տուա­ծա­յին ծրագ­րին՝ մարդ­կու­թիւ­նը մեղ­քի տիղ­մէն դուրս բե­րե­լու, գառ­նու­կի մը լռու­թեամբ եւ հլու հնա­զան­դու­թեամբ՝ կա­մա­ւո­րա­պէս բարձ­րա­ցաւ դէ­պի Գող­գո­թա եւ հոն խա­չուե­ցաւ։ Ան «Նա­խա­տուե­ցաւ, բայց փո­խա­րէ­նը չնա­խա­տեց, չար­չա­րուե­ցաւ, բայց փո­խա­րէ­նը չսպառ­նաց, այլ՝ ինք­զինք Ար­դար Դա­տա­ւո­րին յանձ­նեց Հա­մայն մարդ­կու­թեան մեղ­քե­րը ի՛նք կրեց իր մար­մի­նով՝ խա­չին վրայ, որ­պէս­զի մեղ­քի տի­րա­պե­տու­թե­նէն ա­զա­տած՝ ար­դա­րու­թեան հա­մար ապ­րին մար­դիկ։ Ա­նոր վէր­քե­րովն է որ բժշկուե­ցաք» (Ա ՊԵՏ­ՐՈՍ, Բ 23-24)։

­Նոյն օ­րուան ե­րե­կո­յեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը յի­շա­տա­կէ Քրիս­տո­սի թա­ղու­մը։

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ խորհրդն­շա­կան կեր­պով կը պատ­րաս­տուի Յի­սու­սի «դա­գաղ»ը կամ գե­րեզ­մա­նը, ո­րուն վրայ կը զե­տե­ղուի ճեր­մակ պա­տան­քով պա­տուած խաչ մը՝ ի նշան Յի­սու­սի թաղ­ման։

Ծնկա­չոք եւ ար­տա­սուա­լից կ՚եր­գուի «Սուրբ Աս­տուած… որ թա­ղե­ցար վասն մեր», եւ նաեւ «Խա­չի քո Քրիս­տոս» շա­րա­կան­նե­րը։

Ժո­ղովր­դա­կան բա­րե­պաշ­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն է, երբ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ե­րեք ան­գամ ծուն­կե­րու վրայ կ՚անց­նին Քրիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նին տա­կէն՝ ի նշան վեր­ջին յար­գան­քի, ինչ­պէս նաեւ Յի­սու­սի դա­գա­ղին առ­ջեւ խո­նար­հե­լու եւ մեր հա­ւա­տար­մու­թիւնն ու հպա­տա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­լու Քրիս­տո­սի։

Ուս­տի մենք, որ նա­խորդ գի­շեր հե­տե­ւե­ցանք Քրիս­տո­սի քայ­լե­րուն մին­չեւ Գող­գո­թա եւ ա­ռան­ձին չձգե­ցինք մեր Փրկի­չը, ե­կէ՛ք այ­սօր ծուն­կի գանք մեր հո­գի­նե­րուն մէջ, Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տին առ­ջեւ, եւ բազ­կա­տա­րած ա­ղեր­սենք, որ Յի­սուս ալ վերջ­նա­կա­նօ­րէն խա­չա­փայ­տին վրայ քա­մէ մեր մեղ­քե­րը, որ­պէս­զի կրկին ան­գամ մեր հին մեղ­քե­րուն չդառ­նա՛նք։

Քրիս­տոս մէկ ան­գամ խա­չուե­ցաւ Գող­գո­թա­յի կա­տա­րին՝ խա­չա­փայ­տին վրայ մեր մեղ­քե­րուն հա­մար։ Ապ­րինք այն­պէս՝ որ ա­մէ­նօ­րեայ մեր գոր­ծած կա­մա­ւոր թէ ա­կա­մայ մեղ­քե­րով ա­մէն ան­գամ նո­րէն խա­չը չհա­նենք մեր Փրկի­չը, չխո­ցենք Ա­նոր ար­դէն իսկ խո­ցուած սիր­տը։

Քրիս­տո­սի մար­մի­նէն կա­թած կա­թիլ մը սուրբ ա­րիւ­նո­վը ցօ­ղենք մեր հո­գին, սիրտն ու միտ­քը, որ­պէս­զի կեր­պա­րա­նա­փո­խուած՝ մենք ալ կա­րե­նենք Քրիս­տո­սի հետ յա­րու­թիւն առ­նել մեր մե­ռե­լու­թե­նէն։

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան կ՚ը­սէ, թէ՝ թա­ղու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, այն ալ թէ ոչ բա­ցա­ռա­բար, գո­նէ գլխա­ւո­րա­բար քա­ղա­քիս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն յա­տուկ կեր­տուած մըն է՝ յոյ­նե­րու հե­տե­ւո­ղու­թեամբ կազ­մուած եւ գոր­ծա­ծուած։ Թա­ղու­մի փայ­տա­կերտ­նե­րուն եր­բեմն Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թիւ­նի կամ Ս. Յա­կո­բի եւ եր­բեմն ալ Ս. Էջ­միած­նի տա­ճա­րին նմա­նու­թիւ­նը կը տրուի։

Թա­ղու­մի գտած ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը պէտք է մեկ­նենք Քրիս­տո­սի Սուրբ Գե­րեզ­մա­նին նկատ­մամբ ե­ղած բուռն ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016