ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Գեղեցկութիւնը, բարութեան եւ ճշմարտութեան հետ, կեանքի հիմնական եւ էական սկզբունքն է։ Բայց այս սկզբունքը աշխարհային նեղ առումով յարաբերական ըմբռնում մըն է. ի՞նչ է գեղեցկութեան չափանիշը, ի՞նչ բան գեղեցիկ է, ո՞վ գեղեցիկ է։ Այս հարցումները ստուգապէս պատասխանել կարելի չէ։

Անշուշտ կա՛յ բացարձակ գեղեցիկը՝ անճառելի՛ն։

Մարդը, իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, իր զգացումով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս ամէնուն ընդմէջէն ան կը նշմարէ նշաններն իր աննիւթական հոգիին։ Իր հոգին, սերմ յաւիտենականութեան, զոր կը կրէ իր մէջ եւ որ անվերածելի է լոկ նիւթին, իր ծագումը չի կրնար գտնել եթէ ոչ միայն Աստուծոյ մէջ։ Ուստի, տիեզերքը մեկնելով աշխարհի ցուցաբերած շարժումէն, լինելութենէն, պատահմունքներէն, կարգաւորութենէն եւ գեղեցկութենէն, կարելի է ճանչնալ Աստուած իբրեւ սկիզբ եւ վախճան տիեզերքին։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս սապէս կ՚ըսէ.

«Հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնն աշխարհի, հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը ծովուն, հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը համասփռուած օդին, հարցաքննէ՛ գեղեցկութիւնը երկինքին… հարցաքննէ՛ այս բոլոր գոյակները։ Ամէնքը կը պատասխանեն քեզ.- Տե՛ս, մենք գեղեցիկ ենք։ Անոնց գեղեցկութիւնը դաւանութիւն մըն է։ Փոփոխականութեան ենթակայ այս գեղեցկութիւնները ո՞վ ստեղծեց եթէ ոչ Գեղեցիկը՝ որ ենթակայ չէ փոփոխութեան»։

Երբ կը խօսինք գեղեցկութեան մասին, պէտք է խօսիլ նաեւ տգեղութեան մասին, քանի որ մարդկային աչքով գեղեցիկը որոշելու համար հարկ է զայն բաղդատել տգեղին հետ։ Գեղեցիկը չենք կրնար որոշել, եթէ չբաղդատենք տգեղին հետ։

Սպիտակը կարելի՞ է բացատրել իբրեւ գոյն, եթէ սեւ գոյնը չճանչցուի, կամ լոյսը կարելի՞ է հասկնալ եթէ մութը գոյութիւն չունենայ։ Ուրեմն, գեղեցկութիւնը զգալու համար պէտք է տգեղութիւնը գոյութիւն ունենայ մարդկայնօրէն։

Մարդ, անշուշտ, կ՚ուզէ գեղեցիկ ըլլալ։ Տգեղութիւնը անբաղձալի է, տգեղութիւնը ատելի է։ Բայց մարդը իր ընթացքով գեղեցկութենէ հետզհետէ կը հեռանայ, հակառակ որ կ՚ատէ տգեղութիւնը, իր զանազան արարքներով տգեղութեան կ՚ուղղուի։ Իսկ գեղեցկութեան համար ժամանակաւոր եւ խաբէական միջոցներու կը դիմէ։ Մարդուն համար գեղեցկութիւնը միայն արտաքին, ձեւական փափաք մըն է։ Մինչդեռ գեղեցկութիւնը ներքին աշխարհին կը պատկանի։

Ի՞նչպէս «գեղեցիկ» ըլլալ։

Մարդ կրնայ գեղեցիկ ըլլալ՝ բացարձակ Գեղեցիկ՝ Աստուծոյ նմանելու ջանալով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024