ՇՆՈՐՀՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Մարդուս արդարացումը կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն։
Շնորհքը մասնայատուկ «բարիք»ն է. «ձրի օգնութիւն»ը՝ զոր Աստուած կու տայ մարդուս, որպէսզի պատասխանէ Իր կոչին. «ըլլալ որդիներ Աստուծոյ». (ՅՈՎՀ. Ա 12-18), «որդիներ». (ՀՌՈՄ. Ը 14-17), «մասնակիցներ աստուածային բնութեան». (Բ ՊԵՏ. Ա 3-4), եւ «յաւիտենական կեանքին». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։
Շնորհքը մասնակցութիւն մըն է Աստուծոյ կեանքին, ան կը մտցնէ մարդս մտերմութեան մէջ երրորդութենական կեանքին. Մկրտութեամբ՝ քրիստոնեան կը մասնակցի Քրիստոսի շնորհքին։ Յաւիտենական կեանքին կոչումը գերբնական է։ Ան ամբողջովին կախում ունի Աստուծոյ ձրի նախաձեռնութենէն, քանի որ միայն Ինք կարող է Ինքզինք յայտնել եւ տալ Ինքզինք։ Ան գերազանց է քան Իր եւ որեւէ արարածի իմացականութեան կարողութիւններն եւ մարդկային կամքին ուժերը. (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 7-9)։ Քրիստոսի շնորհքը այն ձրի պարգեւն է, զոր Աստուած կու տայ մեզի Սուրբ Հոգիէն մեր հոգիին մէջ հեղեալ Իր կեանքով, զայն բուժելու մեղքէն եւ զայն սրբացնելու. ասիկա սրբարար եւ կամ աստուածացնող շնորհքն է՝ ընդունուած Մկրտութեամբ։ Ան մեր մէջ աղբիւրն է սրբացումի գործին. (ՅՈՎՀ. Դ 14), (ՅՈՎՀ. Է 38-39)։
«Եթէ ուրեմն մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նո՛ր արարած մըն է, հին արարածը չքացաւ եւ հիմա նորը սկսաւ։ Ամէն ինչ կու գայ Աստուծմէ, որ Քրիստոսով հաշտեցուց մեզ Իրեն հետ». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17-18)։
Սրբարար շնորհքը ունակական պարգեւ մըն է, կայուն եւ գերբնական տրամադրութիւն մը՝ որ կը կատարելագործէ հոգին, որպէսզի զայն կարող դարձնէ ապրելու Աստուծոյ հետ, գործելու Անոր Սիրով։ Պէտք է զանազանել մէկ կողմէ «ունակական շնորհք»ը, որ յարակայ տրամադրութիւն մըն է ապրելու եւ գործելու ըստ աստուծային կոչին, եւ միւս կողմէ «ներգործական շնորհք»ները՝ որոնք ցոյց կու տան աստուածային միջամտութիւնները ըլլա՛յ մարդուն դարձին սկիզբը, ըլլա՛յ սրբացումի գործին ընթացքին։ Շնորհքին ընդունելութեան համար մարդուն պատրաստութիւնը արդէն իսկ շնորհքի՛ն գործն է։ Անիկա անհրաժե՛շտ է յարուցանելու եւ հաստատ պահելու մեր համագործակցութիւնը նախ արդարացումին մէջ՝ հաւատքին ճամբով, ապա մեր սրբացումին մէջ՝ սիրոյ միջոցով։
Աստուած կ՚աւարտէ մեր մէջ ի՛նչ որ Ինք սկսած է, ինչպէս Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ Ինք կը սկսի եւ Իր ներգործութեամբ՝ կ՚ընէ, որ մենք ուզենք. իսկ Իր սկսածն ալ կ՚աւարտէ, գործակցելով մեր արդէն դարձի եկած կամքին հետ»։ Եւ կը շարունակէ. «Անշուշտ մենք ալ կը գործենք, բայց մենք կը գործենք Աստուծոյ հետ, որ կը գործէ։ Որովհետեւ Անոր ողորմածութիւնը մեզ կանխեց, որպէսզի մենք բուժուինք, ապա կը շարունակէ հետեւիլ մեզի, որպէսզի բուժուելէ ետք՝ կենդանանանք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի կանչուինք, ապա կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի փառաւորուինք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի աստուածպաշտութեամբ ապրինք, Ան կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի յաւէտ Աստուծոյ հետ ապրինք, որովհետեւ առանց Անոր, մենք ո՛չինչ կրնանք ընել»։
Աստուծոյ ազատ նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ «մարդուն ազատ պատասխանը», որովհետեւ Աստ-ւած ստեղծեց մարդը ըստ Իր պատկերին, տալով անոր, «ազատութեան» հետ, «կարողութիւն»ը զԻնք ճանչնալու եւ սիրելո՛ւ։
Մարդու հոգին սիրոյ հաղորդութեան մէջ միայն ազատօրէն կը մտնէ։ Աստուած անմիջական ձեւով կը դպչի մարդուն սրտին եւ ուղղակի՛օրէն կը շարժէ զայն։ Ան մարդուն մէջ դրած է «տենչանք մը ճշմարտութեան եւ բարիին» եւ միայն Ինք կարող է գոհացնել զայն։
Յաւիտենական կեանքին խոստումները ամէն ակնկալութենէ վեր կ՚ընդառաջեն այս տենչանքին։
Ուստի, մասնայատուկ շնորհքներու շարքին, պատշաճ է յիշել «վիճակի շնորհք»ները՝ որոնք կ՚ընկերանան քրիստոնեայ կեանքին պատասխանատուութիւններուն եւ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ պաշտօններուն ուղղամտօրէն եւ հաւատարմութեամբ կիրարկումին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 24, 2023, Իսթանպուլ