ՀԱՂՈՐԴԵԼԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք անհաղորդելի մարդոց, որոնք անջատուած հասարակութենէ, կը վստահին իրենց զօրութիւններուն եւ չեն ուզեր հաղորդուիլ, յարաբերութիւններ մշակել ուրիշներու հետ։ Բայց մարդ միշտ պահանջքը ունի իր նմանին օգնութեան, քանի որ մարդիկ տարբեր տարբեր յատկութիւններով, կարողութիւններով օժտուած են, եւ պահ մը կու գայ՝ որ մարդ որքան ալ զօրաւոր ըլլայ, որքան ալ ընդարձակ կարողութիւններով օժտուած ըլլայ եւ որքան ալ իր անձնական ուժերուն վստահի, փոքր եւ աննշան հարցի մը շուրջ ուրիշի մը օգնութեան պէտքը կը զգայ, ինչ որ շատ բնական է, քանի որ ոչ մէկ մարդ բոլորովին կատարեալ է, եւ իր որեւէ մէկ թերութիւնը կամ տկարութիւնը, մէկ խօսքով բնական անկատարութիւնը պարտաւոր է լրացնել ուրիշ մէկու մը կատարելութեամբ։

Քանի որ անկատարութիւնը մարդուս բնութեան մէջ կայ, ուրեմն այս իրերօգնութեան պահանջքն ալ պէտք է բնական եւ բանական նկատուի։

Մա՛րդ ուրիշի մը օգնութեան պէտքը չզգալու չափ զօրաւոր եւ կատարեալ չէ՛։

Անօգնական մարդ մը կը քշուի եւ կը տարուի դողահար մանուկի մը պէս, բայց օգնութեան հասնող մէկը ունեցող մարդը միշտ կանգուն է, քանի որ վստահելի յենարան մը ունի ան։

Բնութենէն առնենք օրինակը. հովերը ի՞նչ կամքով եւ ի՞նչ զօրութեամբ կը փչեն։

Մարդ երբ բանայ «Բնութեան գաղտնիքներու գիրք»ը եւ կարդայ, պիտի տեսնէ, պիտի հասկնայ եւ պիտի հաւատայ խորհրդաւոր զօրութիւններու ակերը, նպատակները եւ նոյնքան խորհուրդաւոր պատճառները։ Արդարեւ, Բնութիւնը ամենամեծ օգնականն է մարդուն՝ այն պայմանով որ մարդ անդրադառնայ Բնութեան զօրութիւններուն։

Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, հովերուն առջեւ թռչտող, ինքզինք պաշտպանող եւ պայքարող աննշան տերեւին. աննշան բայց հաստատակամ այն փոքր տերեւը։ Ասիկա կարեւոր երեւոյթ մըն է՝ դա՛ս մը մարդուն, որ տերեւէ մը շատ աւելի զօրաւոր է եւ օժտուած է բնութեան կարողութիւններով, բայց միշտ որոշ սահմանի մը, չափի եւ կշիռի մէջ։

Եւ այս մտածումներով փորձա՞ծ էք դիտել աստղերը, որոնց ծիրերը տիեզերքի անհունութեան մէջ անչափելի եւ անըմբռնելի են։

Հովերուն զօրութիւնը նման է ծորակէ մը հոսող ջուրին զօրութեան. զօրութիւն մը՝ որ զօրութեան անսահման, անչափելի «աղբիւր» մը ունի։ Ծորակին ջուրը ովկիանոսի մը ջուրին ներկայացուցիչն է՝ նշանա՛կը։ Ուստի, սա յստակ է. «պզտիկ» չկայ բնութեան մէջ. ամէն ինչ «մեծութեան» մը մասն է, որ հաղորդուելով կը կազմէ իսկական «մեծ»ը։ Բնութեան մէջ ամէն ինչ կենդանի կամ անկենդան, ներկայացուցիչն է մեծութեա՛ն։

Չկա՛յ զօրութիւն մը՝ որ իրմէ մեծ զօրութեան մը ակնաղբիւրը չունենայ։ Չկա՛յ մարդ, որուն զօրութենէն աւելի մեծ զօրութիւն մը անոր զօրութեանը պաշտպան չըլլայ։ Եւ ամէն «տկար» անհաշուելիօրէն «զօրաւոր» է։ Պօղոս Առաքեալ այս իրողութիւնը սապէս կը հաստատէ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեամբ կը յայտնուի»։

Հովէն քշուող աննշան եւ անօգնական տերեւ մը զօրութեան մը նշանակ է, որուն կը հպատակի։

Ուստի կեանքի անայլայլելի եւ մշտնջենական օրէնքն է «հաղորդակցութիւն»՝ զօրութեան աղբիւրին հետ։ Անխզելի է այդ հաղորդակցութեան խորհրդաւոր կապը ապրող մարդուն համար։ Մահը միայն կրնայ անջատել, կտրել այդ կապը։ Մահուան մէջ զօրութիւնը կը վերջանայ, քանի որ անմահութեան մէջ զօրութիւնը որեւէ արժէք չունի այլեւս, որովհետեւ անմահութիւնը՝ յաւիտենական կեանքը ինքնին զօրութիւն է արդէն։ Մահէն անդին այլեւս «մահ» չկայ, ուրեմն զօրութեան ալ պէտք չկա՛յ։ Բայց Բնութեան մէջ, նոյնիսկ կաթկթող ծորակին ետին կայ անսպառ զօրութեան աղբիւր մը, քանի որ ժամանակաւոր կեանքի մէջ միշտ գոյապահպանման եւ գոյատեւման պայքար մը կայ, եւ այդ պայքարին մէջ յաղթական ըլլալու համար «զօրութիւն» պէտք է…։

Ուրեմն, կը հետեւի, թէ մարդ ո՛րքան ատեն որ կ՚ապրի, զօրութեան մը պէտքը ունի եւ ապրելու համար միշտ «զօրաւոր» ըլլալու է եւ զօրաւո՛ր է։ Եթէ ոչ արդեամբ՝ կարողութեամբ կեանքը տեւականացնել անկարելի կ՚ըլլայ, եւ մարդ դասալիք կ՚ըլլայ կեանքէն։ Մարդուն թերութիւններուն, տկարութեան եւ անկատարութեան ետին կայ Աստուծոյ յաւիտենական եւ անմրցելի զօրութիւնը։

Մարդ փոխանակ ողբալու իր տկարութեան եւ թերութիւններուն վրայ՝ պէտք է գիտակցի Աստուծոյ զօրութեա՛ն։ Եւ կը հետեւի ուրեմն, թէ մարդ երբեք «տկար» չէ, որքան ատեն որ գիտակից եւ հաղորդ է Աստուծոյ զօրութեան։

Այս իմաստով, Աստուծոյ հաւատալ, կերպով մը կը նշանակէ Աստուծոյ զօրութիւնը ընդունիլ եւ անվարան վստահիլ այդ զօրութեան։

Այս կէտին, ահաւասիկ, շեշտը պէտք է դրուի «հաղորդութեան» վրայ։ Ամբողջ սրտով հաւատալ, թէ կա՛յ զօրութիւն մը, որ «հաղորդելի» է։

Եւ Աստուծոյ զօրութեան կարելի է հասնիլ Սուրբ Հոգիին հաղորդիչ միջոցներով՝ ինչպէս ելեկտրականութիւնը թելերով հաղորդելի զօրութիւն մըն է…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 20, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020