ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ «ՍՈԽՆ ՈՒ ՍԽՏՈՐ»Ը

Կար ժամանակ, որ ժողովուրդը ինք կ՚ընտրէր ու կը «ստեղծէր» իր գրողը, բանաստեղծը, քննադատը, վիպասանն ու յօդուածագիրը եւ այդ մէկը սեփական որոշում ըլլալէ անդին հասարակաց կարծիքին վրայ հիմնուած իրողութիւն մըն էր։ Բայց եւ այնպէս, ժամանակը շատ մը արժէքներու կողքին վերացուց նաեւ այդ մէկը՝ հասարակաց կարծիքէն վերածելով սեփական կամքի եւ որոշումի, որուն լոյսին տակ յանկարծ յայտնուեցան բազմաթի՜ւ բանաստեղծներ, հրապարակախօսներ, քննադատներ ու սեփական որոշումի հետեւանքով ի յայտ եկած «մտաւորական»ներ:

Դժբախտաբար, մեր հայկական իրականութենէն՝ մանաւանդ գրականութեան ոլորտէն ներս բանաստեղծ, հրապարակախօս ու յօդուածագիր ըլլալը դուրս գալով աստուածային շնորհք ու պարգեւ ըլլալու սահմաններէն, ձգուեցաւ իւրաքանչիւրին կամեցողութեան եւ յանկարծ տողերուն վերջին վանկերը նոյնութեամբ գրողը դարձաւ բանաստեղծ, իր համացանցի էջին մէջ գրառում մը կատարողը՝ հրապարակախօս ու քննադատ։ Նախակրթարանի երես չտեսած անձեր նոյնիսկ օգտուեցան այս «բարիքէն» եւ դարձան քաղաքական վերլուծաբաններ:

Այս բոլորին մասին աւելիով մտածել սկսայ այն ժամանակ, երբ որպէս «նուէր» ստացայ ինքնակոչ բանաստեղծի մը վերջին հրատարակութիւնը, ուր արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը կռիւ կը մղէին՝ վերջնականապէս որոշելու գիրքին արեւմտահայերէն եւ կամ արեւելահայերէն ըլլալը։ Բանաստեղծութիւն ըլլալէ աւելի բառարաններէ ներս փոշիներու մէջ մնացած հին բառերու յատնագործումներ էին՝ բռնազբօսիկ ձեւով տողերու մէջ տեղաւորուած: Այսօր բանաստեղծ ըլլալու համար շնորհքի կարիքը չկայ. մի քանի տող, գիրքը հրատարակելու համար բաւարար գումար… եւ վերջ։ Կրնաս դառնալ բանաստեղծ եւ բանաստեղծութիւններդ չգնահատող հանրութիւնը կրնաս որակել անճաշակ եւ գրական հասկացողութենէ զուրկ եւ կը շարունակես ապրիլ բանաստեղծի մը հովերով: Նոյնինքն դրամի օգնութեամբ կարելի է նաեւ գինեձօն մը կազմակերպել եւ քանի մը մամուլի մէջ հաղորդագրութիւն հրատարակել տալ: Դժուա՞ր է հասկնալ, որ բանաստեղծութիւնը ո՛չ վերջին վանկերու նոյնահնչիւն ըլլալուն եւ ո՛չ ալ տողերուն հաւասարաչափ յանգաւորումներով ըլլալուն հետ կապ ունի։ Բանաստեղծութիւն գրելը ճաշակ ու արուեստ է։ Ան կը նմանի գծագրութեան. այսօր մանուկն ալ ծառ կը նկարէ՝ վարպետ նկարիչն ալ։ Երկուքն ալ երեւութապէս ծառ են, սակայն անոնց մէջ արուեստի, ճաշակի ու վարպետութեան մե՜ծ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի:

Աւելին, յաճախ կը տեսնենք հայապահպանութեան մասին գրութիւններ՝ ուղղագրական եւ քերականական ստուարաթիւ սխալներով։ Ի միջի այլոց, կարելի չէ նման անձերու ուղղագրականին մասին բան մը ըսել, որովհետեւ եթէ դուն արեւելահայ ես՝ ինք արեւմտահայերէն կը գրէ, իսկ եթէ արեւմտահայ ես՝ հակառակը: Շատեր կը կարծեն՝ երկա՜ր երկար ածականներ քով քովի բերելով, «մածունը ճերմակ է» ըսելու փոխարէն կովերուն ծնունդէն պատմելու սկսելով յաջող գրութիւն մը ի յայտ կը բերեն։ Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Յ. Պարոնեան նման հեղինակներու համար կը գրէր.

«Այս առտու ծով մտայ» ըսելու տեղ ըսէ.

«Մինչդեռ երկնից դշխոյն հետզհետէ իւր ճառագայթները ամփոփելով կը պատրաստուէր իւր աթոռը տալ արեգակին՝ որու դռներն բանալու կ՚երթար վարդամատն արշալոյսը. մինչդեռ աքաղաղներըն նոր խօսք առած էին. մինչդեռ փողոցներն աղէկ սոխ ու սխտոր կը պոռային. մինչդեռ հացագործն մինչեւ որ առնելիքը չառնէր, չէր ուզեր իւր յաճախորդին հաց ձգել եւ հետը կռիւ կ՚ընէր. մինչդեռ կաթնավաճառն սիրահարութիւն կ՚ընէր սպասուհւոյ մը հետ դրան մ՚առջեւ, մինչդեռ կինն թաւշեայ վերարկու մը շինելու նպատակաւ էրկանը գրպանէն քանի մը ոսկի կը գողնար, մինչդեռ էրիկը իւր կնիկէն յանձնարարութիւններ չլսելու համար ինքզինք տունէն դուրս կը նետէր, մինչդեռ խահուէ չգնուելուն համար մայր ու որդի միմեանց հետ կը ծեծկուէին, այն պահուն ահա մերկացայ եւ նետուեցայ հեղուկ եւ կապոյտ սաւանի մը վրայ որ անհուն է»:

Այսպէս՝ իւրաքանչիւր տող երկարաձգելով կարելի է հատորներ լեցնել եւ որպէս «նոր» գրականութեան «հերոս» հրապարակ դուրս գալ: Բանաստեղծութիւնը, յօդուածագրութիւնն ու հրապարակախօսութիւնը որոշումէ մը աւելի ներքին պէտքի մը գոհացումն է։ Պարզապէս բան մը գրելու սիրոյն մի քանի տող բանաստեղծանման տողեր գրի առնելը անձը բանաստեղծ չի՛ կրնար դարձնել, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը իր մէջ ունի ապրում ու խորհուրդ, որ գրողի ներքին աշխարհի ծալքերը կը բանայ ընթերցողին դիմաց։ Կը հաւատանք, որ Դուրեան, Մեծարենց եւ կամ Պարոյր Սեւակ չգրեցին պարզապէս ժողովուրդին կողմէ յայտնի դառնալու համար. գրեցին՝ որովհետեւ այդ մէկը ներքին ու աստուածատուր մղում մըն էր:

Այսօր յաճախ կը բողոքենք, որ նոր Պարոյր Սեւակներ, Յովհաննէս Շիրազներ չունինք, սակայն մենք կը հաւատանք, որ ունի՛նք։ Բայց եւ այնպէս, այս քաոսին մէջ կորսնցուցած ենք եւ անոնց ոսկի միտքերուն փոխարէն մի քանի տող քով քովի բերողները կը կարդանք եւ հիներուն կորուստը կը սգանք:

Այս քաոսին մէջ յանկարծ հաղորդագրութեան ճամբով կը տեղեկանաս, որ անձ մը ստացած է գրականութեան մրցանակ… սակայն ո՛չ անձը ծանօթ է հանրութեան եւ ո՛չ ալ անոր գործերը։ Վերջապէս պէտք է ստուգել նաեւ մրցանակը ստանալու համար նախատեսուած չափանիշները (եթէ գոյութիւն ունին), որովհետեւ խնամի-ծանօթ-բարեկամ հասկացողութեամբ՝ ինչպէս կրթութեան մասին գաղափար չունեցող մը դպրոցի տնօրէն, նոյնպէս ալ այբբենարանը լաւապէս չգիտցող մը հայ լեզուի մշակ ու գրականութեան ոլորտէն ներս անզուգական երեւոյթ մը կարելի է նկատել:

Ընթերցողներու պակասի մեծապէս զգացուած այս օրերուն՝ նման բանաստեղծներով, հրապարակախօսներով ու քննադատներով զբաղած է մեր ազգը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ ստեղծած է արդուկը:

Պատասխան. Հագուստը արդուկելու սովորութիւնը ունի երկար դարերու պատմութիւն, սակայն մերօրեայ ելեկտրական արդուկներու գիւտը կը պատկանի Հենրի Վ. Սելլիի, որ արդուկի արտօնագիրը ստացաւ 1882 թուականին: Առաջին արդուկը պատրաստուած էր մետաղական թիթեղէ եւ ունէր ելեկտրական ջեռուցման տարր։ Յամենայնդէպս, ժամանակի ընթացքին այդ գիւտը ապրեցաւ բաւականին մեծ բարեփոխութիւններ՝ այսօրուան վիճակով հասնելով մեզի։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024