ՎԻՇՏԸ՝ ՄԻՇՏ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կա՞յ արդեօք մէկը, որ կեանքին ընթացքին վիշտի զգացումը զգացած չըլլայ։ Թեթեւ կամ ծանր, տանելի կամ անտանելի՝ ամէնքս ալ ապրած ենք վշտալի շրջաններ՝ երկար կամ կարճ ժամանակ։ Կան ոմանք, որոնք պարտուելով վիշտին վատ ազդեցութեան՝ կը յուսալքուին, կը վհատին եւ իրենց շուրջ «ցանկապատ» մը կը կառուցեն եւ կը թափառին ունայնութեան եւ ձախողութեան մութ ճամբաներու մէջ։ Շատեր կը բռնուին, կը տարուին այդ անել խաւար ճամբաներուն մէջ եւ երբեք տեղ մը չեն հասնիր։ Մէկ խօսքով՝ կեանքէն կը փրթին, հաճոյք չեն զգար կեանքի բարիքներէն։

Բայց, պէտք է նկատել, որ որքան ալ մեծ եւ ծանր ըլլայ վիշտը, անիկա շատ «մրցակից»ներ ունի։ Վիշտը կու գայ տարբեր ձեւերով։ Արդարեւ, ամէն մարդու վիշտը իրեն համար ամենէն ծանրը եւ մեծն է։ Մարդիկ, յաճախ իրենք իրենց կը հարցնեն եւ կը բողոքեն. «Ինչո՞ւ համար ինծի պատահեցաւ այս վիշտը…»։ Պէտք է գիտնայ մարդ, որ ինք բացառութիւն մը չի կազմեր աշխարհի նեղութիւններու եւ վիշտերու ենթարկուելու պարագային։ Այս տեսակէտէ ոչ մէկ խտրութիւն մարդոց միջեւ…

Առնենք մահը։ Կարելի՞ է երեւակայել, թէ մահը գոյութիւն չունենայ։ Կարելի՞ է խուսափիլ մահէն՝ այնքան ատեն որ կ՚ապրի մարդ եւ դարձեալ, կարելի՞ է հեռու մնալ մահուան պատճառած ցաւէն եւ վիշտէն…

Մէկ սերունդ կ՚երթայ եւ տեղ կը բանայ ուրիշ սերունդի մը։ Բնութեան անյեղլի, անփոփոխելի օրէնքը, կանոնն է ա՛յս։ Մահը եզական երեւոյթ մը չէ, ան ամէն մարդու կը պատահի ժամանակի ընթացքին։ Բայց երբ մեր սիրոյն շրջանակին մէջ տեղի ունենայ, զարմանք կը պատճառէ մեզի՝ կարծես անակնկալ մը ըլլայ։ Պէտք չէ որ պաճառէ. անիկա երեւոյթ մըն է, զոր պիտի դիմադրենք ե՛ւ պիտի դիմագրաւենք անպատճառ մեր կեանքին մէջ։

Վիշտի տեսակէտէ, մահէն զատ կան ուրիշ վիշտ պատճառող երեւոյթներ կեանքի մէջ՝ հիւանդութիւն, որ կորուստն է առողջութեան, զանազան ձախողութիւններ, ընտանեկան ապերջանկութիւններ, դժբախտութիւններ, բնակարանի պակաս, մինակութիւն կամ ստիպողական առանձնութիւն եւ այլն։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան եւ կը պատահին մասամբ մարդոց տրամադրութիւններուն պատճառաւ, մասամբ ալ այն պատճառաւ, թէ մենք ոչ-կատարեալ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք. մենք անկատար տէրերն ենք եւ կամ տէրերը կը կարծենք մենք զմեզ նոյնքան ոչ-կատարեալ աշխարհի մը։ Նման անկատար աշխարհի մը մէջ կասկած չկայ, որ նեղութիւններ, դժուարութիւններ եւ անշուշտ վիշտեր եւ ցաւեր պիտի ունենանք. անխուսափելի է ասիկա։ Անպատճառ կը պատահին եւ պիտի պատահին այս բոլորը՝ քանի որ կ՚ապրի՛նք։

Սակայն, հարցը անոնց պատահիլը չէ, այլ ա՛յն, թէ երբ պիտի պատահին, ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր վրայ։ Սա իրականութիւն մըն է, թէ անոնք կրնան կերտել մեզ կամ կրնան քայքայել՝ կրնան դրական ըլլալ կամ ժխտակա՛ն։ Եւ այս կախում ունի մեր տրամադրութենէն՝ անոնց հանդէպ մեր բռնած դիրքէն։

Երբ որեւէ վիշտ պատահի, մարդ պիտի փորձուի իր վրայ խղճալ։ Իր վրայ խղճալ կը կրկնապատկէ վիշտին ազդեցութիւնը եւ կը սաստկացնէ զայն։ Եւ այս պատճառով, մարդուն կը մղէ ներհայեցողութեան եւ մինչեւ իսկ, յաճախ մելամաղձութեան, տրտմութեան։ Եւ այն ատեն վիշտը պիտի բորբոքի եւ խորանայ։ Եթէ վէրք մը զերծ է ինքնախղճացումէ, շուտ կը բուժուի, հակառակ պարագային, վարակիչ, նեխող վէրք մը կը դառնայ եւ այդ երկար ժամանակի կը կարօտի բուժուելու համար։ Ուստի, ինքն իր վրայ խղճալու մոլորումէն հեռու պահելու է վէրքերը՝ վիշտերը եւ ցաւերը։ Ինքնախղճացումը ճամբայ կը բանայ, որ ուրիշներ եւս խղճան իր վրայ եւ այդ՝ պարտութեան ճամբան է։ Արդարեւ, ինքն իր վրայ խղճացող մարդը խղճալի մարդ է։

Իսկ «խղճալի մարդ»ը «ձանձրացուցիչ» է. ձանձրացուցիչ մարդ ըլլալ՝ եսամոլ ըլլալ կը նշանակէ, այն՝ որ ինքնակեդրոն մարդ է եւ ինքնակեդրոն մարդը՝ անհաղորդ մարդ է եւ դատապարտուած է միշտ մինակ մնալու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024