ԴԱՏԵԼ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ

Ու­րի­շը դա­տե­լու ե՛ւ դա­տա­պար­տե­լու ա­րար­քը՝ զայն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կը մղէ եւ են­թա­կան ան­գի­տակ­ցա­բար կը յա­մա­ռի իր սխա­լին մէջ։ Ուս­տի դա­տե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ա­րար­քը պէտք է ար­դար եւ ի­րա­ւա­ցի ըլ­լայ՝ որ­պէս­զի ա­ռիթ մը չներ­կա­յա­նայ են­թա­կա­յին, իր սխա­լին մէջ յա­մա­ռե­լու։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ ար­դա­րու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցուի կշի­ռով՝ ո­րով պէտք է դա­տել ու դա­տա­պար­տել։ Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը, ա­մէն մար­զի մէջ, եւ մա­նա­ւանդ ի­րա­ւուն­քի հար­ցին մէջ կա­րե­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ եզր մըն է. չափ ու կշիռ գիտ­նալ՝ ու­ղիղ խոր­հե­լու, շի­տակ գոր­ծե­լու, ար­դա­րա­դատ ըլ­լա­լու հա­մար տար­րա­կան ազ­դակ մըն է։ Ե­թէ վեր­լու­ծենք «դա­տաս­տան» ա­րար­քին բնոյ­թը, կը տես­նենք՝ թէ ան «դէ­պի վար նե­տուած ակ­նարկ» մըն է։

Ար­դա­րեւ դա­տե­լու ա­ռաջ­նա­կանգ ու անհ­րա­ժեշտ պայ­մանն է ար­դար կեր­պով եւ ան­կողմ­նա­կալ վա­րուիլ։ Ուս­տի, դա­տե­լու եւ պատ­ժե­լու մի­ջո­ցին ոե­ւէ մէ­կու քմա­հա­ճոյ­քը պէտք չէ՛ դեր խա­ղայ, ար­դա­րու­թիւ­նը են­թա­կա­յա­կան եւ քմա­հա­ճոյ­քէ տա­րուած, ոե­ւէ մէ­կուն կիր­քէն կա­խեալ ըլ­լա­լու չէ։ Այ­լա­պէս այդ ա­րար­քը կա­րե­լի չէ ա­նուա­նել «ար­դար»։ Դա­տե­լու ա­տեն ար­դա­րու­թեան պա­հանջ­քին պէտք է գո­հա­ցում տրուի, որ­պէս­զի մե­ղադ­րեա­լը պար­տա­ւոր ըլ­լայ մին­չեւ գոր­ծի վեր­ջա­նա­լը պա­տի­ժը կամ հա­տու­ցու­մը խո­նար­հու­թեամբ կրե­լու։

Դա­տո­ղը, ու­րեմն պէտք է ըլ­լայ՝ ա­նա­չառ եւ ար­դար։

Մեղ­քը մարդ­կա­յին ա­զա­տու­թեան ար­մա­տա­կան կա­րե­լիու­թիւն մըն է, ինչ­պէս նոյ­նինքն սէ՛­րը։ Ան իր հետ կը բե­րէ կո­րուս­տը սի­րոյն եւ զրկու­մը սրբա­րար շնորհ­քին, այ­սինքն շնորհ­քի վի­ճա­կին։ Ե­թէ ան վերս­տին չփրկա­նա­ւո­րուի զղջու­մով եւ Աս­տու­ծոյ նե­րու­մով, պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ ար­տաք­սու­մին Քրիս­տո­սի Ար­քա­յու­թե­նէն եւ դժոխ­քի յա­ւի­տե­նա­կան մա­հուան, քա­նի որ մար­դուս ա­զա­տու­թիւ­նը կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի կա­տա­րե­լու ընդ­միշտ եւ ան­վե­րա­դարձ ընտ­րանք­ներ։

Մարդս թէեւ կա­րող է դա­տել, թէ ա­րարք մը յին­քեան ծանր յան­ցա՛նք մըն է, սա­կայն պար­տի ան­ձե­րու դատն ու դա­տաս­տա­նը յանձ­նել Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թեան եւ ո­ղոր­մու­թեան։

Ար­դա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ծա­ռա­յել ճշմար­տու­թեան եւ եր­բեք չվի­րա­ւո­րել մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը եւ մար­դա­սի­րու­թիւ­նը։

Դա­տո­ղը հա­ւա­սար մտա­հո­գու­թեամբ ջանք թա­փե­լու է նաեւ յար­գե­լու դէպ­քին իս­կու­թիւ­նը եւ ան­ձե­րու հան­դէպ ար­դար քննա­դա­տու­թեան սահ­ման­նե­րը։ Դա­տո­ղը որ­քան ու­շա­դիր ըլ­լա­լու է ար­դա­րու­թեամբ գոր­ծե­լու, նո՛յն­քան պէտք է խու­սա­փի ա­նուա­նար­կու­թեան տե­ղի տա­լէ։ Ար­դա­րեւ դա­տե­լու ա­տեն պէտք է նկա­տի առ­նուի, թէ յան­ցա­ւոր կար­ծուած, մե­ղադ­րուած մէկն ալ վեր­ջա­պէս «ա՛նձ» մըն է եւ որ­պէս անձ, ան ու­նի մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն։

Դա­տել չի՛ նշա­նա­կեր ա­նար­գել։ Ե­թէ դա­տե­լու ա­րար­քը, մե­ղադ­րեա­լը վար­կա­բե­կե­լու, ա­նար­գե­լու մի­ջոց մը, ա­ռիթ մը նկատուի, այն ժա­մա­նակ մե­ղադ­րեա­լը ա­ւե­լի եւս կը յա­մա­ռի իր յան­ցան­քին վրայ՝ պաշտ­պա­նո­ղա­կան դիրք առ­նե­լով դա­տո­ղին դէմ՝ խոր­հե­լով, որ ան ար­դա­րու­թեամբ չի կա­տա­րեր իր պաշ­տօ­նը։

Դա­տե­լու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր կերպն է հա­մո­զիչ ըլ­լալ թէ՛ յան­ցա­ւո­րին եւ թէ յան­ցան­քէն վնա­սուո­ղին, որ­պէս­զի եր­կուքն ալ խո­նար­հու­թեամբ, խո­հե­մու­թեամբ եւ վստա­հու­թեամբ ըն­դու­նին տրուե­լիք ո­րո­շու­մը։ Ար­դար ո­րո­շում մը՝ որ կա­րե­լի է ձեռք բերուի միայն ար­դար դա­տու­մով մը, եր­բեք դժգո­հու­թեան ա­ռիթ չ՚ըն­ծա­յեր, այլ յօ­ժա­րու­թեամբ կ՚ըն­դու­նուի։ Դա­տե­լու ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը ու­նե­ցող­ներ ար­դար ըլ­լա­լու են՝ որ­պէս­զի ար­դար ըլ­լայ եւ վստա­հե­լի ի­րենց ո­րո­շու­մը…։

Դա­տո­ղը, ե­րե­ւու­թա­պէս միշտ ար­դար դիր­քի վրայ է, իսկ դա­տուո­ղը վա՛րն է՝ սխա­լա­կա՛ն մը։ Դա­տո­ղը ինք­զինք ի­րա­ւա­ցի կը նկա­տէ իր նմա­նին նկատ­մամբ ար­ձա­կե­լու վճի­ռը՝ ինք­զինք դա­տա­պար­տու­թեան են­թա­կայ ան­ձէն վե՛ր նկա­տե­լու հա­մա­մի­տու­թեամբ։

Ար­դա­րեւ միայն եր­կու ազ­նիւ զգա­ցում­ներ կրնան մօ­տեց­նել այդ բա­ցա­տը դա­տո­ղին եւ դա­տուո­ղին մին­ջեւ, սէ­րը եւ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը կը յի­շեց­նեն դա­տո­ղին, թէ դա­տուողն ալ իր «նման»ն է, եւ մին­չեւ որ չա­պա­ցու­ցուի իր սխա­լը, ան ալ հա­ւա­սար դիրք ու­նի դա­տող դիր­քի վրայ գտնուո­ղին հետ։

Եւ ի­րա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը կ՚ա­ճի սի­րոյ, նե­րո­ղամ­տու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան մէջ, ո­րոնց կ՚ըն­կե­րակ­ցի ան­շուշտ ա­զա­տու­թիւ­նը։

Ան որ ա­զատ է եւ ան­կախ, ան որ կը հա­ւա­տայ հա­ւա­սա­րու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան, ա­նոր դա­տաս­տա­նը ար­դա՛ր է, եւ ո՛չ մէկ ար­դար դա­տա­սան ու դա­տա­պար­տու­թիւն կը վի­րա­ւո­րէ մար­դը։

Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ՝ թէ մարդ­կա­յին օ­րէն­քը մաս­նա­կի է եւ միա­կող­մա­նի։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ «օ­րէն­քը միշտ ա­նօ­րէն» է։ Բնա­կան օ­րէն­քը ան­կող­մա­նի է, ար­դար, ա­զատ ու ան­կա՛խ։ Ար­դա­րեւ, սի­րոյ եւ նե­րո­ղամ­տու­թեան մէջ շատ ա­ւե­լի ազ­դու եւ ճիշդ կը հաշ­տուին ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ  եւ ա­նար­դա­րու­թիւն­ներ, քան մարդ­կա­յին օ­րէն­քով հաս­տա­տուած ար­դա­րու­թեան մէջ։ Ան­շուշտ որ պէտք է հպա­տա­կիլ եւ վստա­հիլ մարդ­կա­յին օ­րէն­քին եւ ա­նով հաս­տա­տուած ար­դա­րու­թեան, կաս­կած չկայ այս հար­ցին մէջ, բայց եւ այն­պէս մարդ­կա­յին օ­րէնքն ալ պէտք է բծախնդ­րու­թիւն ցոյց տայ ի­րա­ւուն­քը ան­կող­մա­նի կեր­պով բաժ­նե­լու նկատ­մամբ՝ անխ­տիր ա­մէն մար­դու…։

Մարդ­կա­յին դա­տաս­տա­նը եւ պա­տի­ժը իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ «վրէժխնդ­րա­կան» զգա­ցում­նե­րու մաս­նիկ­ներ եւ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով կը նուի­րա­գոր­ծէ ու­րիշ սխալ մը։ Այս­պէս, մարդ­կա­յին դա­տաս­տա­նը, ընդ­հան­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ փո­խա­դարձ սխալ­նե­րու հան­դի­սա­րան մը։ Չա­րի­քին դէմ չա­րիք գոր­ծել  բա­նա­ւոր չէ՛, կամ ը­սենք, սխա­լը սխա­լով կա­րե­լի չէ՛ շտկել։ Ու­րեմն, չա­րի­քին կամ ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով սխա­լին դէմ միակ կռուե­լու կեր­պը բա­րիք ա­ճեց­նե՛լն է։ Ա­հա­ւա­սիկ, մարդ­կա­յին հո­գին ազ­նուաց­նե­լու եւ միտ­քը զար­գաց­նե­լու, հաշտ, խա­ղաղ ու եր­ջա­նիկ կեանք ապ­րե­լու ճամ­բա՛ն…։

Ար­դա­րու­թիւ­նը՝ հաս­տատ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը, սի­րով լե­ցուն ան­հատ­նե­րէ կազ­մուած ըն­կե­րու­թեան մը, եւ ե­թէ կ՚ու­զէք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, դրախ­տի բա­ց-ւած դո՛ւռն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015