Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ

Մի քանի օր առաջ հայրենիքի մէջ մեր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեանի հետ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցանք՝ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի եւ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանի հետ. մեզ մէկտեղողը ԺԱՄԱՆԱԿ-ն էր ու հայ գրականութեան, հայ ազգին հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու մտահոգութիւնը: Հանդիպումը լաւ տպաւորութիւն ձգեց, սակայն ամենէն կարեւոր տողը որ մինչեւ հիմա կ՚արձագանգէ միտքիս մէջ Վիգէն Սրբազանին հետեւեալ հարցումն էր. «Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի օգնենք մեր ազգին»:

Թէեւ յայտնենք, որ Վիգէն Սրբազանի հասարակաց գիծը այն էր, որ այնքան ալ լաւատես չենք հայ ազգի ապագայով, որովհետեւ յառաջ երթալու համար նախ եւ առաջ պէտք է խափանել գահավիժումը՝ որ անդիմադրելի ուժով մը ցայսօր կը շարունակուի: Այդ հարցը անմիջապէս միտքս բերաւ հայ մտաւորականի մը մտածումը, որ հայ ազգի խնդիրները լուծելու լաւագոյն ձեւը աղօթելն է, որ Աստուած իր ուխտը մոռնալով նոր ջրհեղեղ մը աշխարհ ղրկէ. գուցէ նոր ստեղծագործութեամբ մը կարելի կ՚ըլլայ լուծել հայոց հարցը եւ լաւ ազգ մը ունենալ:

Աստուած ոմանց խօսելու, իսկ ուրիշներու գրելու շնորհք կու տայ. մենք կը պատկանինք երկրորդ խումբին, այդ իսկ պատճառով շատ մը հարցերու պատասխանը գրաւոր կարելի է տալ:

Լուծումները առաջին հերթին պէտք է տեսնել ներքին ընկերային կեանքին մէջ. Նժդեհ աւելի քան դար մը առաջ կ՚ըսէր. «Ներքին թշնամին եղած է հայ բազուկը տկարացնողը. ան առաջնորդած է օտար զօրքերը դէպի հայկական լեռնակղզին». հայցին առաջին լուծումը մեր ներքին կեանքի կարգաւորումին մէջ է. մենք այսօր ունինք շուարած վիճակ մը. «բան» մը կ՚ուզենք, սակայն մեր ուզածին ինչ ըլլալէ յստակ չէ մեզի համար. 2015 թուականին ուշադրութեամբ ունկնդրեցի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կոնդակը՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ գրուած եւ փորձեցի այդտեղէն քաղել ու հասկնալ, թէ մեր ուզածը ինչ է. եթէ ունիք առիթը, անգամ մը կարդացէք, եւ պիտի տեսնէք, թէ «ուզուած» բան մը կայ՝ սակայն «ուզուած»ին ինչ ըլլայ այնպէս ալ յստակ չէ: Մէկը պայքար կը պոռայ եւ ամբողջական երազական Հայաստանը կը պահանջէ. ուրիշ մը իր եկեղեցիները կ՚ուզէ. ուրիշ մը հողերը չ՚ուզեր, սակայն հատուցում կը պահանջէ. ուրիշի մը համար ընդհանրապէս պահանջք չկայ. ընդհակառակը եղբայրութիւն ու սէր միութիւն կ՚ուզեն. վերջապէս 109 տարիներու ընթացքին պէ՛տք է նուազագոյնը մեր ազգին համար ամբողջական վիճակի մէջ յստակ ըլլար, թէ ի՞նչ է ուզուածը։ Եթէ այդ «ուզուած»ին շուրջ մենք համաձայն չենք՝ ապա ընդհանրապէս ամէ՛ն բանի մէջ այդպէս պիտի ըլլանք (ինչպէս որ ենք): Այս «ուզուած»ը ճշդելը ո՛չ պետական մարմիններու եւ ոչ ալ ղեկավարներու գործ է. աշխարհասփիւռ հայ մտաւորականութեան տրուած պարտաւորութիւն մը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մտաւորականութիւնը ազգի մը հայելին է՝ անոր ներկան դէպի ապագայ առաջնորդող»:

Սակայն, այստեղ կը ծագի այլ հարց մը. ո՞վ է այսօր մտաւորականը. ո՞վ երբեւէ կը կարեւորէ մտաւորականին դերը. մեր թուականէն յիսնամեակներ առաջ կը տեսնէինք, թէ ինչպէս մտաւորականներ ներկայութիւն էին պետական կեանքէն ներս. ինչպէս խօսք ունէին ազգային ժողովի եւ այլ հաւաքներուն: Իսկ ո՞վ է այսօրուան մտաւորականը. ա՛ն՝ որ առանց մտաւորականի արժանիքներ ունենալու կուսակցական կը դառնայ. ա՛ն՝ որ մի քանի բառ քով քովի դնելով ինքզինք «բանաստեղծ» ու մտաւորական կը կարծէ. թէ ոչ ա՛ն՝ որ խնամի-ծանօթ-բարեկամ կապերով որոշ պաշտօնի տէր կը դառնայ եւ ցմահ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ: Օրեր առաջ խօսեցանք, որ ազգասէր դառնալու որոշ ու յստակ չափանիշ մը գոյութիւն չունի. նոյնն է պարագան մտաւորական դառնալու, որովհետեւ մտաւորական մերօրեայ հասկացողութեան մէջ կը նշանակէ «գրող» եւ այսօր համացանցի վրայ մի քանի բառ քով քովի դնելով քաոսային գաղափար արտայայտողը անգամ կը դառնայ մտաւորական: Ահաւասիկ, երկրորդ լուծում. գտնել մտաւորականներ՝ առանց խտրութիւն դնելու, թէ անոնք ո՛ր «գոյն»ի տակ կը գործեն ու կ՚աշխատին. լուծումի հասնելու համար մեզի հարցը լուծողներ պէտք են եւ այդ հարցին լուծումը միայն մտաւորական դասին մօտ կարելի է գտնել, անշուշտ, մաղէ անցընելով, թէ ո՞վ է մտաւորականը եւ ի՞նչ արժանիքներով մտաւորական ըլլալու «շնորհք»ին արժանացած է:

Երրորդ լուծումը այն է, որ պէտք է ստեղծել ազատութիւն հասկացողութիւնը. այսօր մեր ազգային ու ընկերային կեանքը կախեալ է մի քանի անհատներու քմահաճոյքէն. անոնց կամակայութենէն կախեալ է ամբողջ գաղութի մը, ապագայ սերունդի մը կեանքը. անձեր՝ որոնք շատ անգամ ո՛չ մէկ արժանիք ունենալով չես գիտեր ինչպէս կը յայտնուին նման պաշտօններու գլուխ. մեր ազգին մէջ ճի՛շդ անձը ճիշդ տեղը դնելու լուրջ խնդիրը ունինք, որովհետեւ այդ «ճշդութիւն»ը մեր քով անձնական շահի չափով կը չափուի. նման մարդիկ յանկարծ կ՚որոշեն դպրոցի մը կեանքին վերջ տալ, ուրիշ օր մը կ՚որոշեն այս կամ այն թերթին գործունէութեան վերջ տալ։ Եւ չես գիտեր ինչպէ՞ս... ազգը հարստացնելու կոչուողները ազգէն առաջ իրենք կը հարստանան:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչքանո՞վ պէտք է վստահիլ մարդոց:

Պատասխան. Վստահութիւնը մարդկային կեանքի մէջ բարդ եւ նուրբ հարց մըն է եւ անոր չափը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած: Մարդոց պէտք է վստահիլ այնքան՝ ինչքան իրենք ձեզ կը վստահին եւ իրենց վստահելի ըլլալը ցոյց կու տան՝ իրենց ազնիւ ու մաքուր վերաբերմունքով: Կոյր վստահութիւն ունենալը կրնայ յանգիլ հիասթափութեան, մանաւանդ վստահութեան ամուր հիմքի բացակայութեան պարագային: Սակայն չափազանց զգոյշ մօտեցումը կրնայ զսպել վստահութիւնը խեղդել եւ խոչընդոտել համագործակցութիւնը: Հիմնականը վստահութեան ձեւաւորումն է, որ փոխըմբռնումի եւ յարգանքի հետ կը յառաջանայ, միաժամանակ պահպանելով սահմանները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2024