ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԵՄԱՏԵԼ ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻ ՀԵՏ

«Հաւատք»ով՝ մարդը իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ Ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։ Սուրբ Գիրքը «հաւատքի հնազանդութիւն» կը կոչէ մարդուն այս «պատասխան»ը յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ։

Ընդհանուր առումով, հնազանդիլ կը նշանակէ՝ ազատօրէն ենթարկուիլ ունկնդրուած խօսքին, որուն ճշմարտութիւնը երաշխաւորուած է կեանքի փորձառութեամբ եւ կամ պատկան իշխանութեան կողմէ։ Իսկ «հաւատքի հնազանդութիւն»՝ ենթարկուիլ Խօսքին, որուն երաշխաւորն է Աստուած, որ նոյնինքն Ճշմարտութիւնն է։

Այն ինչ որ ճշմարիտ է՝ պէ՛տք է հնազանիլ անոր։

Արդարեւ, Հին կտակարանը հարուստ է հաւատքի հնազանդութեան վկայութիւններով։ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն գրած նամակին մէջ, նախնիներու օրինակելի հաւատքի հնազանդութեան գովքը կը հիւսէ եւ կ՚ըսէ. «Որոնք արժանացան բարի վկայութեան». (ԵԲՐ. ԺԱ 2-39)։ Սակայն «Աստուած մեզի համար կը նախատեսէր աւելի լաւ վիճակ մը». շնորհքը՝ հաւատալու Իր Յիսուս Որդիին, «զօրագլուխը մեր հաւատքին որ զայն կը հասցնէ կատարելութեան». (ԵԲՐ. ԺԱ 40 եւ ԺԲ 2)։

Ազատութիւնը, իր ամենալայն իմաստով, իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։

Մարդուն մէջ ազատութիւնը «զօրութի՛ւն» մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։ Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ՝ որ Աստուա՛ծ է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու։

Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի կամ անարժանիքի։ Արդարեւ, մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, ա՛յնքան աւելի ազատ կ՚ըլլայ։ Չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդարին։ Անհնազանդութիւն եւ չարիք նախընտրելը՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին՝ չարին ստրկութեան։

Ուրեմն, ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։

Արդարեւ, ազատ ըլլալ անհնազանդութիւնը չ՚արդարացներ։ Ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ պատասխանատո՛ւ։ Անհնազանդը պատասխանատո՛ւ է իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք «կամովին» են։ Յառաջդիմութիւնը առաքինութեան մէջ, բարիին ճանաչումը եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։

Ճշմարիտ ազատութիւնը՝ չափաւորութեամբ գործածուած ազատութիւնն է։ Անհնազանդութիւնը ազատութեան չափազանցութիւնն է։

Ազատութիւնը շնորհ մըն է. շնորհ մը՝ որ երբ իր սահմաններուն մէջ գործածուի՝ կը ծառայէ հասարակաց բարիքին։ Ազատութիւնը, որուն գործնական մէկ արտայայտութիւնն է ազատ կամքը, մարդուն բանաւորութեան մէկ արդիւնքն է, մինչդեռ բանաւորութիւնը մարդը պէտք է առաջնորդէ ճշմարտութեան, բարիին եւ օգտակարին։ Եթէ բանականութիւնը գործածուի՝ ազատութիւնը չափաւորութեամբ կը գործածուի եւ անհնազանդութեան պատճառ չ՚ըլլար։

Ուրեմն, եթէ հնազանդութիւնը համեմատենք ազատութեան, կը հասնինք խաղաղ կեանքի՝ որ նպատակը պէտք է ըլլայ մարդուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 25, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024