ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՈՉՈՒՄԻ ՏԻՊԱՐԸ

Մեր նա­խորդ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձանք ճշմա­րիտ կո­չու­մի զգա­ցու­մին, եւ ը­սինք թէ՝ «կո­չու­մի զգա­ցում»ը պէտք չէ՛ շփո­թել պա­հանջ­քով, ստի­պո­ղա­կան կամ հար­կադ­րա­կան պայ­ման­նե­րով կա­տա­րուած ծա­ռա­յու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու՝ ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս կը հասկցուին որ­պէս «աս­պա­րէ­զի փո­փո­խու­թիւն»՝ ա­ւե­լի լաւ դիրք մը ու­նե­նա­լու, ա­ւե­լի լաւ եւ դիւ­րին ապ­րե­լու հա­մար։ Ուս­տի ճշմա­րիտ կո­չու­մի զգա­ցու­մը եր­բե՛ք ա­ւե­լի լաւ եւ ա­ւե­լի դիւ­րին կեանք մը ապ­րիլ ու վա­յե­լել չի՛ խոս­տա­նար։

Ճշմա­րիտ կո­չու­մը, ու­րեմն զո­հո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ՝ հրա­ժա­րիլ կը նշա­նա­կէ ա­ւե­լի լաւ կեան­քէ մը, եւ լծուիլ ծա­ռա­յու­թեան, յանձն առ­նե­լով ա­մէն նե­ղու­թիւն եւ ա­մէն նուաս­տա­ցում կեան­քի պայ­ման­նե­րու։

Սի­րե­լի՜­ներ, իս­կա­կան «կո­չու­մի զգա­ցում»ը, զգա­ցող­ներ գի­տեն՝ կը նմա­նի «եր­կուն­քի ցաւ»ի՝ ո­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը փրկու­թիւն է եւ ե­րա­նու­թի՜ւն…։

Ճշմա­րիտ «կո­չու­մի զգա­ցում»ը ապ­րո­ղը այն է՝ որ կ՚ի­մա­նայ եւ կ՚ըմբռ­նէ, թէ՝ «Ա­ւե­լի եր­ջան­կու­թիւն է տա­լը, քան առ­նե­լը» (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։­

Ի­րա­կան «կո­չու­մի զգա­ցում» ու­նե­ցո­ղը կը հա­ւա­տայ, թէ՝ «Ան որ ձեռ­քը մա­ճին կը դնէ եւ ետ կը նա­յի, յար­մար չէ՛ Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թեան» (ՂՈՒԿ. Թ 62)։­

Եւ դար­ձեալ ան գի­տէ, թէ՝ «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նայ, բայց պէ՛տք է քա՛ջ ըլ­լալ…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ան յանձն ա­ռած է «խո­նարհ» ըլ­լալ, «հա­մեստ» ըլ­լալ, ո­րոնք կը նմա­նին «նեղ դուռ­նէն մտնալ»ու (ՄԱՏԹ. Է 13) յօ­ժա­րա­կամ ազ­նիւ մար­դոց։

Եւ վեր­ջա­պէս, «կո­չու­մի զգա­ցում» ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ՝ ո՛չ թէ Ա­ւե­տա­րա­նը կար­դալ, սոր­վիլ, սեր­տել, այլ՝ «ապ­րի՛լ», վա­յե­լել եւ ա­մէն մէկ տո­ղը, կէ­տը կա­րե­նալ փո­խան­ցել իր կեան­քին ա­մէն մէկ պա­հուն…։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր պատ­մու­թեան մէջ կա՛ն բազ­մա­թիւ, «կո­չու­մի զգա­ցում»ով նուի­րուած հո­գե­ւո­րա­կան­ներ՝ տի­պար­ներ եւ օ­րի­նա­կե­լի, ար­ժա­նա­հա­ւատ, ա­ւան­դի ար­ժէք ու­նե­ցող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնց­մէ մէկն է Մես­րոպ Մաշ­տոց, որ իր կեան­քով ցոյց տուած է ճշմա­րիտ «կո­չում»ի տի­պա­րը՝ թո­ղած եւ հրա­ժա­րած է աշ­խար­հիկ ա­մէն տե­սակ ճո­խու­թե­նէ՝ հրա­ժա­րած է բարձր դիր­քե­րէ եւ ձեռ­քը քա­շած է աշ­խար­հիկ բո­լոր պա­տե­հու­թիւն­նե­րէ, եւ նուի­րուած ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յու­թեան՝ հո­գեմ­տա­ւոր մար­զին մէջ։ Ան յե­ղաշր­ջած է ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ամ­բողջ կեան­քը։

Ան ե­ղած է ա­ռաջ­նորդ՝ հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քին, ե­ղած է տի­պար եւ հե­րոս՝ գլխա­ւոր դէմք, ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­կան եւ մտա­ւոր կեան­քը հաս­տատ հի­մե­րու վրայ հիմ­նե­լով եւ հետզ­հե­տէ զար­գաց­նե­լով։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է «ճշմա­րիտ կո­չու­մի զգա­ցում»ի յայտ­նու­թիւ­նը՝ ե­րե­ւու­մը աս­տուա­ծա­յին լու­սա­ւո­րու­թեամբ։

Ու­րեմն կ՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս յի­շել ա­նոր կեն­սագ­րու­թեան աչ­քա­ռու եւ ու­շագ­րաւ դրուագ­նե­րը՝ որ­պէս օ­րի­նակ ճշմա­րիտ կո­չու­մի։

«Մես­րոպ Մաշ­տոց ծնած է ազ­նուա­կան ըն­տա­նի­քի մը մէջ։ Ան ստա­ցած է յու­նա­կան կրթու­թիւն եւ մօ­տա­ւո­րա­պէս 389 թուա­կա­նին հաս­տա­տուած է Վա­ղար­շա­պատ։ Ան որ­պէս ա­տե­նադ­պիր պաշ­տօ­նա­վա­րած է ար­քու­նի­քի մէջ՝ թա­գա­ւո­րի պա­լա­տին։ Ա­պա ան­ցած է զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան՝ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեամբ։

«395 թուա­կա­նին թո­ղած եւ հրա­ժա­րած է իր բո­լոր պաշ­տօն­նե­րէն եւ աշ­խար­հիկ կեան­քէն հե­ռա­ցած ու մտած է միայ­նա­կե­ցու­թեան՝ վա­նա­կա­նու­թեան կեան­քի մէջ»։­

Ա­հա­ւա­սիկ, այն ի՛նչ որ ը­սել կ՚ու­զենք երբ կը խօ­սինք ու կը խորհր­դա­ծենք ճշմա­րիտ ու ան­կեղծ «կո­չու­մի զգա­ցում»ի մա­սին։ Ա­նոնք որ կրնան թո­ղուլ լաւ դիր­քը եւ կեն­ցա­ղը եւ կը նուի­րուին հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ա­նոնց հա­մար միայն կա­րե­լի է ը­սել, թէ՝ ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ճշմար­տու­թեամբ կը զգան «կո­չո՛ւմ»ը եւ անձ­նու­րա­ցու­թեամբ կը նուի­րուին հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան։ Եւ երբ «հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան» մա­սին է խօս­քը, ո՛չ միայն նեղ ա­ռու­մով ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան կ՚անկ­նար­կենք, այլ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան բո­լոր աս­տի­ճան­նե­րը՝ ո­րոնք լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կ՚են­թադ­րեն են­թա­կա­նե­րուն։ Ա­նոնք երբ ո­րե­ւէ կեր­պով կը ստա­նան այդ ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը, պար­տա­ւո՛ր են ըստ ի­րենց դիր­քին եւ աս­տի­ճա­նին շար­ժիլ եւ վա­րուիլ, ո՛չ միայն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, այլ ա­նոր շրջա­կայ­քը եւ ա­մէ­նու­րեք, մին­չեւ իսկ ի­րենց անձ­նա­կան կեան­քին մէջ։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ո­րե­ւէ աս­տի­ճան ստա­ցո­ղը պէ՛տք է վա­րուի այն­պէս, որ­պէս օ­րի­նակ, տի­պար ժո­ղո­վուր­դին՝ ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ աշ­խար­հա­կան­նե­րու։ Իսկ ե­թէ ա­նոնք, որ օ­րի­նակ ըլ­լա­լու կո­չուած են՝ սխա­լին, գէշ օ­րի­նակ ըլ­լան ժո­ղո­վուր­դին, այ­լա­պէս կ՚ար­ա­տա­ւո­րեն ե­կե­ղեց­ւոյ սրբու­թիւ­նը եւ կը մո­լո­րեց­նեն ա­նոր ան­մեղ ժո­ղո­վուր­դը։

Ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի ի­րեն տրուած շնոր­հը շա­հա­գոր­ծե­լու, իր անձ­նա­կան օգ­տին գոր­ծա­ծե­լու եւ մա­նա­ւանդ քմա­հա­ճօ­րէն՝ իր քմա­հա­ճոյ­քին հա­մե­մատ, կա­մա­յա­կան գոր­ծա­ծե­լու։ Զոր օ­րի­նակ, սար­կա­ւագ­ներ եւ կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ, միայն Ս. Պա­տա­րա­գին սպա­սար­կե­լու հա­մա՞ր ձեռ­նադ­րուած են։ Եւ մա­նա­ւանդ որ ա­նոնք ալ շատ ան­գամ Ս. Պա­տա­րա­գը սկսե­լէ վերջ «կը բա­րե­հա­ճին» խո­րան բարձ­րա­նալ…։ Ի՜նչ ան­պատ­շա­ճու­թիւն, ի՜նչ ան­պատ­կա­ռու­թիւն է՝ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նան խո­րան բարձ­րա­նա­լէ ետք, «ան­փո­խա­րի­նե­լի» մար­դու հո­վե­րով խո­րան բարձ­րա­նալ…։ Ա­նոնք ե­թէ չեն գի­տեր ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէնք, կա­նոն, չե՞ն սոր­ված կեն­ցա­ղա­վա­րու­թիւն, չեն բա­րեկր­թուած այդ մա­սին։ Եւ ե­թէ ա­նոնք կը սայ­թա­քին, ա­պա ու­րեմն ժո­ղո­վուր­դին՝ ան­մեղ ժո­ղո­վուր­դին դի­տո­ղու­թիւն ընե­լու ի՜նչ ի­րա­ւունք ու­նինք…։ «Տի­պար ըլ­լալ», դժբախ­տա­բար ա­մէն մար­դու տրուած յատ­կու­թիւն մը չէ՛։

Յե­տոյ կը վկա­յենք ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տի­ճա­նա­ւոր պաշ­տօ­նեա­նե­րու՝ ո­րոնք ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ ի­րենց ան­պատ­շաճ շար­ժու­ձե­ւե­րով, լկտի եւ գռե­հիկ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով, ծխե­լով եւ այլ վար­մուն­քով վատ օ­րի­նակ կը հան­դի­սա­նան ժո­ղո­վուր­դին։ Մինչ­դեռ ի­րենք են որ շի­տակ վար­մուն­քի պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն ժո­ղո­վուր­դը։

Ի­րա՛ւ է որ «կոյ­րը կոյ­րին չի կրնար ա­ռաջ­նոր­դել»։­

Եւ ի հե­ճուկս բո­լոր այս ան­պատ­կա­ռու­թիւն­նե­րուն՝ այդ­պի­սի­ներ կը ձգտին ա­ւե­լի բարձր աս­տի­ճան­ներ ստա­նա­լու։ Ին­չո՞ւ։ Ե­կե­ղե­ցիին մի­ջո­ցով անձ­նա­կան փառք ու պա­տիւ ստա­նա­լու հա­մար։

Ո՛չ, սի­րե­լի­նե՜ր, Հայ Ե­կե­ղե­ցին այդ­քան չէ՛ ա­ժան­ցած, չէ՛ նուաս­տա­ցած… այդ­պի­սի­ներ թող ու­րիշ տե­ղեր փնտռեն անձ­նա­կան շահ, փառք ու պա­տիւ եւ Ե­կե­ղե­ցին թո­ղուն իր պատ­նէ­շին, իր բարձ­րու­թեա­նը վրայ, եւ չփոր­ձեն շա­հա­գոր­ծել զայն ի­րենց քմա­հա­ճոյ­քին հա­մար, ա­ռար­կայ չը­նեն զայն ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան շա­հե­րուն եւ զայն ձգեն ի­րաւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու, ճշմա­րիտ նուի­րա­կան­նե­րու, ա­մէն ակն­կա­լու­թե­նէ չտա­րուող ծա­ռա­յա­սէր­նե­րու…։

Եւ այդ­պի­սի­ներ թո՛ղ ան­գամ մը եւս լսեն Յի­սու­սի խօս­քե­րը՝ Ա­նոր որուն իբր թէ հե­տե­ւիլ կ՚ու­զեն.

«Վա՜յ ձե­զի կեղ­ծա­ւոր­ներ… վա՜յ ձե­զի, կո՛յր ա­ռաջ­նորդ­ներ…» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 13-36)։

­Յե­տոյ թող բա­ժին հա­նեն սա խօս­քե­րէն.

«Իմ տունս ա­ղօթ­քի տուն պի­տի կո­չուի, մինչ դուք զայն ա­ւա­զակ­նե­րու որ­ջի վե­րա­ծած էք» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 13)։ Իմ շա՜տ սի­րե­լի եւ հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, այ­լա­պէս ի՜նչ կրնամ ը­սել այս մա­սին… Սուր­բե­րու, Հայ­րե­րու սրբու­թեամբ մե­զի ա­ւան­դուած Ե­կե­ղե­ցին չթո­ղո՛ւնք ա­նար­ժան­նե­րու, չթո­ղունք որ ա­նոնք շա­հա­գոր­ծեն զայն, քա­նի որ Ե­կե­ղե­ցին շնորհ ը­նե­լու վայր չէ՛, այլ՝ շնորհ ըն­դու­նե­լու սր­­բա­տե­ղի՛։ Ի­րաւ նուի­րա­կան­ներ այ­լեւս չե՛ն ու­զեր ի­րենց շուր­ջը տես­նել «ոչ­խար»ներ՝ ո­րոնք ի­րա­կա­նին քօ­ղար­կուած ա­ղուէս­ներ են՝ խո­րա­մանկ՝ միա՛յն ի­րենց շա­հուն հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 19, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015