ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄ

Ճշմարտութիւնը գտնելու համար՝ պարտաւոր ենք մեր սրտէն եւ մտքէն դուրս հանել ամէն տեսակ կրօնական նախապաշարումները։ Արդարեւ, նախապաշարումները կը խափանեն հաւատքը եւ կը հակադրեն կրօնքի տրամադրութիւններուն եւ սահմանումներուն։ Նախապաշարումները շեղումն են կրօնքի, ճշմարտութեան։ Ուստի պէտք է խուսափիլ, զգուշանալ ամէն տեսակ ծայրայեղութենէ եւ չափազանցութենէ, որոնք փոխանակ օգտի՝ վնաս կը պատճառեն մարդուս հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքին։

Ուստի, թող տալու է որ Աստուած Ինքն Իրեն համար խօսի։ Ուրիշ որեւէ ճամբայ, որեւէ միջոց մարդս շփոթութեան կ՚առաջնորդէ։ Ճշմարտութիւնը գտնել դժուար է, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ անոր հասնելու ճամբան միայն մէկ հատ է, իսկ սուտը՝ անոր հասնիլ շատ դիւրին է, որովհետեւ սուտը շատ ճամբաներ ունի եւ ամէն ձեւով կարելի է անոր հասնիլ։

Ճշմարտութիւնը միշտ բարի է, բայց ամէն բարի ճշմարիտ չէ։ Ամէն սէր ճշմարիտ չէ, բայց ճշմարտութեան մէջ միշտ սէր կայ։ Աստուած ճշմարտութիւնն իսկ է, որովհետեւ Աստուած բարի է, Աստուած սէր է։

Այն անձը որ հաւատք ունի Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ կեանք ստանալու համար Անոր կատարած կարգադրութիւններու նկատմամբ, կրնայ իր ամբողջ սրտովը հաւատալ այն բարի բաներուն՝ որոնց ճշմարիտ ըլլալը Աստուած յայտնած է մարդկութեան։

«Քրիստոս մեզ ազատութեա՛ն համար ազատագրեց», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԳԱՂ. Ե 1)։

Այս ազատութիւնը կու գայ Աստուծոյ Խօսքով։

Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ». (ՅՈՎՀ. Ը 32)։ Աստուծոյ Խօսքէն մարդուս ստացած գիտութեան եւ ըմբռնումին շնորհիւ է, որ մարդ ազատուած է նախապաշարումներէն, անհիմն եւ անհնարին աւանդութիւններէն, ծայրայեղութիւններէ եւ ճշմարտութենէ ամէն տեսակ շեղումներէ։

Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ կը գրէ, մարդիկ նախ պէտք է, որ ճշմարտութեան մասին լսեն, որպէսզի կարող ըլլան հաւատալու։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքով՝ «հաւատալ՝ հասկնալու համար, եւ հասկնալ՝ հաւատալու համար»։ Ճշմարտութեան դռները բաց են բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն զայն։ Բայց պէտք է, որ անոնք նախ լսեն, ապա թէ ոչ անոնք չեն կրնար հասկնալ եւ ուրեմն՝ հաւատալ։ Հաւատքը հասկնալէ կու գայ եւ հասկնալն ալ՝ լսե՛լէ։

Եւ երբ մարդիկ բանի մը կը հաւատան՝ ատոր մասին ուրիշներու ալ կը խօսին։ Եթէ մէկու մը սիրտը ուրախութեամբ եւ հրճուանքով լեցուն է, կ՚ուզէ, որ այդ ուրախութիւնը բաժնէ իր բարեկամներուն հետ եւ ճշմարտութիւնը յայտնէ։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Որովհետեւ սրտով կը հաւատան մարդիկ եւ կ՚արդարանան, եւ բերնով կը խոստովանին եւ կը փրկուին». (ՀՌՈՎՄ. Ժ 10)։ Եթէ մարդ իսկապէս կը հաւատայ Աստուծոյ, կը վստահի Անոր։ Արդարեւ, հաւատալ կը նշանակէ՝ վստահի՛լ։ Եւ ճշմարտութիւնը միշտ վստահութիւն կը ներշնչէ, քանի որ ճշմարտութիւնը հաստատ է, անփոփոխ է, վստահելի՛ է։

Ճշմարտութիւնը յո՛յս է, որովհետեւ ան վստահութի՛ւն է։ Ճշմարտութեան տեղեակ անշահախնդիր անհատ մը պիտի ուզէ վստահիլ՝ առանց նախապաշարումի, միա՛յն միակ ճշմարտութեան։ Զաքարիա մարգարէ կ՚ըսէ. «Ձեր ընելու բաները ասոնք են. ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ». (ԶԱՔ. Ը 16)։ Ճշմարտութիւնը կ՚ենթադրէ արդարութիւն. ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն սիրող մէկը, ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը ուրիշներու խօսելէ ետ չի կրնար մնալ եւ ճշմարտութեան եւ արդարութեան մէջ կ՚ապրի։ Ան գիտէ, որ Աստուած ճշմարտութիւնն իսկ է եւ արդարութի՛ւն։

Անցեալ հազարաւոր տարիներու տեւողութեան՝ մարդ արարածը բազմաթիւ տեսութիւններ առաջ բերած եւ ընդհանրապէս անկարող եղած է կեանքի գաղտնիքը, իմաստը եւ նպատակը հասկնալու եւ բացատրելու։ Բայց նախապաշարումներ, սխալ վարկածներ, անիմաստ աւանդութիւններ, ծայրայեղութիւններ, անհիմն սովորութիւններ սխալ ճամբու մէջ առաջնորդած են զինք։

Եթէ մարդ ճշմարտութիւնը կը մերժէ, ասիկա կը նշանակէ հեռանալ Աստուծմէ։ Փոխանակ Աստուծոյ ծրագրին հետեւելու, մարդ իր ծրագիրները կը պատրաստէ։ Յաւիտենական կեանքի տիրանալու համար մարդ պարտի ճանչնալ զԱստուած՝ ճշմարտութիւնը։ Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ ճշմարտութիւնը»։ Ճշմարտութիւնը ճանչնալ՝ «յաւիտենական կեանք» կը նշանակէ. (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3, Գ 16)։ Կեանքի ճշմարտութիւնը կը կայանայ ճշմարտութիւնը ճանչնալու մէջ։

Յիսուս Քրիստոս Սուրբ Գիրքի մէջ «հաւատարիմ եւ ճշմարիտ վկայ» կոչուած է. (ՅԱՅՏ. Գ 14)։ Ան իր կեանքին մէջ միշտ ճշմարտութիւնը քարոզեց եւ սիրով, արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ գործեց։

Օրէնքը՝ որմէ Յիսուս Քրիստոս մէջբերումներ ըրաւ՝ «գալու բաներուն շուք»ն էր եւ մատնանիշ կ՚ընէր այն ուղիղ ճամբան՝ որուն վրայէն քրիստոնեաներ քալելու էին Քրիստոսով Աստուծոյ հետ եղած նոր ուխտին համաձայն։ Ուրեմն՝ անժխտելի կը մնայ Պօղոս առաքեալի սա խօսքը.

«Շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով, եւ այս ո՛չ թէ ձեզմէ է, ապա Աստուծոյ պարգեւն է. ոչ թէ գործերէն, որ մէկը չպարծի». (ԵՓԵՍ. Բ 8-9)։

Ճշմարտութիւնը, ուրեմն՝ սէր է, արդարութիւն է, իմաստութիւն է, կարողութի՛ւն է։ Ճշմարտութիւնը ի՛նք Աստուածն է։ Ճշմարտութիւնը փնտռենք, ճշմարտութեան հետեւինք, ճշմարտութեան վստահինք, բայց ամենէն կարեւորը իսկական, իրա՛ւ ճշմարտութիւնը գտնելու մէջ զգոյշ ըլլանք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 24 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023