ԵՆԹԱԿԱՅԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդկային ենթակայական փորձառութիւնը զոհ գացած է առարկայական ճշմարտութեան։ Ընդհանրապէս ենթակայական փորձառութիւնը կարեւորագոյն հարց ընդունուած է եւ առարկայական ճշմարտութիւնը՝ անտեսուա՛ծ։ Արդարեւ, կար շրջան մը՝ որ քրիստոնեայ փարոզիչներ՝ գիշեր ցերեկ հիմնական վարդապետութիւններ կը քարոզէին՝ չէզոքացնելու համար արդիական արշաւը՝ որ սպառնար ուղղափառ քրիստոնէութեան ապահովութիւնը եւ վաւերականութիւնը։ Խաչակրութիւն մըն էր՝ վառ պահելու համար «հիմնական քրիստոնէութիւն»ը։

Կասկած չկայ, որ բարենպատակ ջանադրութիւն մըն էր ասիկա։ Սակայն, այս պայքարին ընթացքին գործածուած կարգ մը խօսքեր եւ արտայայտութիւններ՝ հիմնական քրիստոնէութեան աւանդական ասոյթին համապատասխան չէին։

Հաւատքի ախոյեան կը նկատուէր ան՝ որ կրնար առաւելագոյն եռանդով եւ անվախութեամբ յարձակիլ արդիականութեան դէմ։ Հաւատարմութիւն կը նկատուէր արդիականներու հետ չյարաբերիլ։ Արդարեւ, հաւատացեալը պարտի յարգել քրիստոնէական կենցաղաւորութեան օրէնքները, պատուէրները։ Բայց քանի որ աշխարհի վրայ կ՚ապրին, պէտք է նաեւ քայլ յարմարցնել արդիականութիւններու՝ առանց անտեսելու քրիստոնէութեան սկզբունքները։ Ուստի, հակասութիւններու միջեւ հակակշռութիւն մը կարենալ դնել՝ հաշտութիւն ապահովել՝ խաղաղութեան պայմաններն են եւ քրիստոնէութիւնն ալ խաղաղութեան կրօնքն է։

Ուրեմն, հաւատացեալին հոգեւոր կեանքի չափանիշը որքան արտաքին, նոյնքան ներքին խաղաղութեան գոյութիւնն է։ Խաղաղութիւնը հոգեւոր պայքարի կը կարօտի։ Եւ քրիստոնէութիւնը հոգեւոր պայքարի կրօնք է. պէտք է խաղաղութիւնը նախ ձեռք ձգել եւ յետոյ պահել զայն՝ տեւականացնե՛լ։

Ուստի, պէտք է շեշտել ճշմարտութեան ժխտական կողմը, նաեւ անոր իսկական, դրական կողմը։ Եկեղեցիին էական պարտականութիւնը՝ հաւատացեալները հաստատ պահել իրենց հաւատքին մէջ, նաեւ զանոնք առաջնորդել գործնական սրբութեան։ Եւ ահաւասիկ, այսպիսի հաւասարակշռութեան մէջ կը կայանայ Եկեղեցիին եւ անոր պաշտօնեաներուն արդիւնաբեր գործունէութիւնը։ Եւ այս կերպով կարելի կ՚ըլլայ ապահովել եւ պաշտպանել մոլար վարդապետութիւններու դէմ, աշխարհի դէմ, մեղքի դէմ, հոգեւոր անկման եւ կորուստի դէմ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024