«ԻԶԱՊԵԼԼԱ». ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՖԻԼՄԱՇԱՐ

Հրաշալի պատմական ֆիլմաշար մը, ուր նախապատուութիւնը կը տրուի հաւատքին ու հաւատքի զօրութեան: Ան Իզապելլա Քասթիյյեացի թագուհիի կեանքի մասին պատմող սպանական պատմական ֆիլմաշար մըն է:

15-րդ դարի կէսերուն Սպանիայի թագաւորութիւնը կ՚անցնէր ծանրագոյն ժամանակաշրջանէ մը: Երկիրը յայտնուած էր պառակտումի եզրին եւ կը գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի շեմին: Էնրիքէ Դ. թագաւորը, որ յայտնի էր «Անզօր» կեղծանունով, կորսնցուցած էր իր խօսքի կշիռը, ազդեցութիւնը: Թագաւորութեան կառավարումը գրեթէ անցած էր իշխաններու (մարքիզներու) ձեռքը: Էնրիքէ թագաւորը կախեալ էր վերջիններէս եւ ստիպուած կ՚ըլլար իր բոլոր որոշումները համաձայնեցնել անոնց հետ, կամ պարզապէս կատարել մարքիզներու կամքը:

Սպանիան այդ տխուր վիճակէն կը հանէ Էնրիքէ Դ. թագաւորի իրաւայաջորդը՝ Իզապելլա Ա. արքայադուստրը, որ նուիրեալ կաթողիկէ քրիստոնեայ մըն էր: Ան մանկուց դաստիարակուած էր հաւատքով ու Աստուծոյ սիրով, Տիրոջ  հանդէպ երկիւղածութեամբ: Անոր իւրաքանչիւր օրը կը բացուէր ու կ՚աւարտէր աղօթքը շուրթերուն: Իր աղօթքներու մէջ ան միշտ կը  փառաբանէր ու կ՚օրհնէր Տէրը, կը խնդրէր իմաստութիւն ու մեղքերու թողութիւն:

Արքայադուստրը իր սենեակի մէկ անկիւնը վերածած էր աղօթատեղիի, ուր բաւական երկար ժամանակ կ՚անցընէր:

Մեծ հաւատքի ու արդարադատութեան շնորհիւ Իզապելլա Ա. Քասթիյյեացի թագուհին, Տիրոջ ողորմածութեամբ յաջողեցաւ իր թագաւորութիւնը ոտքի կանգնեցնել, հզօրացնել, տիրանալ նորանոր քաղաքներու, երկիրներու: Անոր փառքն ու համբաւը կը տարածուէր համայն աշխարհով մէկ: Իզապելլա Ա.-ի հետ հաշուի կը նստէին Հռոմի պապը եւ ժամանակի ազդեցիկ ղեկավարներ:

Թագուհին միշտ իր կողքին ունեցած է իր հոգեւոր հայրը՝ մեծ հաւատացեալ մը, որ կ՚ունկնդրէր անոր խոստովանութիւններուն ու կը շնորհէր մեղքերու թողութիւն: Անհրաժեշտութեան պարագային ալ մեծն թագուհիին կ՚օգնէր իր խորհուրդներով:

Միեւնոյն ժամանակ, Աստուած իր ծառայի հաւատքի զօրութիւնը չափելու նպատակաւ, զայն կ՚ենթարկէ զանազան փորձանքներու ու փորձութիւններու. վաղաժամ իր մօտ կը կանչէ Իզապելլայի երեխաները, թոռները, ինչպէս նաեւ սիրելի մայրն ու եղբայրը: Սակայն Իզապելլան կը շարունակէ փառաբանել Տիրոջը: Միայն երբ իր զաւկի մահէն վերջ կը մահանայ նաեւ վերջինիս նորածին որդին՝ Իզապելլայի թոռը, այնուհետեւ՝ իր աւագ դստեր որդին, թագուհին պահ մը կը տրտնջայ Աստուծոյ: Սակայն շուտով կը զղջայ ու կ՚ապաշխարի: Անթիւ ու անհամար փորձանքներն ալ աւելի կը կոփեն թագուհիի հաւատքն առ Աստուած:

Իր մահէն դարեր անց Իզապելլա Ա. Քասթիյյեացի թագուհին սրբադասուեցաւ: Այստեղ կարեւոր է նշել, որ Իզապելլայի սուրբ ըլլալու հեղինակութիւնը ստեղծուեցաւ՝ արդէն Իզապելլայի կողմէ իր անձի նկատմամբ ստեղծած տպաւորութենէն: 1958 թուականին Կաթողիկէ եկեղեցին սկսաւ Իզապելլան սուրբերու շարքին դասելու գործընթացին՝ Խոսէ Կարսիա Կոլտարասի նախաձեռնութեամբ, որ արքեպիսկոպոսն էր Վայյատոլիտի, ուր մահացած էր Իզապելլան 1504 թուականին՝ 53 տարեկանին: Տասնեօթ մասնագէտներու յանձնարարուեցաւ ուսումնասիրել աւելի քան հարիւր հազար փաստաթուղթ՝ Սպանիայի ու Վատիկանի արխիւներուն մէջ:

1974 թուականին Վատիկանի հաստատմամբ՝ Իզապելլային տրուեցաւ «Աստուծոյ ծառայ» տիտղոսը:

Երեք եթերաշրջանէ բաղկացեալ պատմական ֆիլմաշարի նկարահանումները սկսան 2011 թուականի ամրան եւ տեղի ունեցան քանի մը սպանական քաղաքներու մէջ՝ Քասերես, Մատրիտ, Սեկովիա: Առաջին եթերաշրջանի թողարկումը տեղի ունեցած է 2012 թուականի սեպտեմբերի 10-ին՝ ութամսեայ դադարէ վերջ: Նոյն թուականի նոյեմբերին թողարկուեցաւ ֆիլմաշարի երկրորդ եթերաշրջանը: Երրորդ եթերաշրջանի նկարահանումները սկսան 2013 թուականի փետրուարին: Նկարահանումներու մէկ մասը տեղի ունեցան Կրանատայի մէջ՝ Ալ-Համպրա աւանին մէջ:

Առաջին եթերաշրջանի հիմքին մէջ ինկած է Քասթիյյիայի թագուհի Իզապելլայի կեանքի վաղ տարիները՝ սկսած 1461 թուականէն մինչեւ 1474-ը: Իզապելլա Քասթիյյեացին ծնած է 1451 թուականի ապրիլի 22-ին: Արքայադուստրը եւ անոր եղբայրը՝ Ալֆոնսոն, ստիպուած եղան բաժնուիլ իրենց մօրմէ ու ժամանել իրենց աւագ եղբօր՝ Էնրիքէ Դ. թագաւորի արքունիքը: Սերունդ չունենալու պատճառաւ է, որ Էնրիքէ թագաւորին տուին «Անզօր» կեղծանունը: Ներգրաւուելով աւելի բարձր քասթիյյեական ազնուականութեան խաղերու մէջ՝ երիտասարդ արքայադստեր եւ արքայազնին կը սպառնար վտանգ: Իսկ շուտով կը պարզուի, թէ քաղաքացիական պատերազմի շեմին կը գտնուի երկիրը, որու ամէն մէկ հատուածը պատրաստ է մինչեւ գահ օժանդակել իւր թեկնածուին:

Երկրորդ եթերաշրջանի մէջ ցոյց կը տրուի Իզապելլայի կեանքը քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին՝ գահի համար իր եւ անոր ամուսինի՝ Ֆերտինանտ Բ.-ի կողմնակիցներու եւ անոնց, որոնք կը պաշտպանեն մահացած թագաւորի՝ Էնրիքէ Դ.-ի ենթադրեալ դստեր՝ Խուանա Պելտրանեխի իրաւունքները: Ինչպէս նաեւ լուսաբանելով Կրանատայի դէմ պատերազմի իրադարձութիւնները, հրեաներու վտարումը Սպանիայէն եւ Քոլումպուսի առաջին ճանապարհորդութեան նախապատրաստութիւնները:

Երրորդ եթերաշրջանի մէջ կը պատմուի թագուհիի կեանքի վերջին տարիները: Անոր դստրերու, որդիի ու թոռներու մահուան, ինչպէս նաեւ արքայադուստր Խուանայի խելագարուելու մասին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021