ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ
Միեւնոյն յունարէն բառը կը նշանակէ թէ՛ «ուխտ» եւ թէ «կտակ»։ Այն նոր ու վերջնական ուխտը՝ զոր Աստուած ըրաւ մարդոց հետ, կտակի մը յատկութիւնը ստացաւ, կտակարարին մահուամբը, եւ այսպէս այն քսան եւ եօթ գրութիւնները՝ որոնք անոր նուիրական վաւերագիրները կը համարուին, «Նոր Կտակարան» անունը ստացան։ Այս պատճառաւ է որ, նմանութեամբ, նախապատրաստական Ուխտին երեսուն եւ ինը գրութիւններն ալ «Հին Կտակարան» կոչուած են, թէեւ այս Ուխտը գործադրելի ըլլալու համար պէտք չունէր դաշնադիր կողմերուն մէկուն մահուան։ Արդարեւ, այս չէ՛ միակ տարբերութիւնը որ «Հին»ը կ՚որոշէ «Նոր Ուխտ»էն։
Մինչդեռ Աբրահամին, Իսահակին, Յակոբին բոլոր յաջորդները իրաւունք ունէին Հին Ուխտին մասնակցելու, Նոր Ուխտին մէջ միայն վերստին ծնունդով կարելի է մտնել։ «Հին»ը ի հարկէ առժամանակեայ եւ անկատար բնութիւն մը ունէր, քանի որ լոկ «նախապատրաստութիւն» մըն էր։ Մինչդեռ «նոր»ը կատարեալ է եւ վերջնակա՛ն։
Այլ սակայն, քանի որ Հին Ուխտը պատրաստութիւն մըն էր Նոր Ուխտին, ուսումը Հին Կտակարանին, որուն մէջ խորասուզուած կը գտնուին Նոր Կտակարանին վարդապետութիւններուն արմատները, անհրաժե՛շտ է՝ լաւ եւս ըմբռնելու համար Նորը։
Նոր Կտակարանին հեղինակները ամէնքն ալ քիչ շատ սնած էին Հին Կտակարանով՝ զոր երբեմն «Գիր» կամ «Գիրք» կը կոչէին, երբեմն «Օրէնք» եւ «Մարգարէք» եւ «Սաղմոսք», եւ որ հի՛մն է իրենց վարդապետութեան եւ հաւատքին։
Կը գտնենք նաեւ «Սուրբ Գիրք», կամ պարզապէս «Օրէնք» բացատրութիւնները գործածուած Հին Կտակարանին ամբողջութեան համար։ Բայց երեք մասերու կը բաժնէին զայն, ինչպէս՝ «Մովսիսական Օրէնք»ը, «Մարգարէներ»ը ու «Սաղմոսներ»ը՝ որ կը պարունակէին մեր ներկայ Սաղմոսաց, Առակաց, Ժողովողի եւ Երգ Երգոցի գիրքերը։
Այսպէս Նոր Կտակարանը լեցուն է ակնարկութիւններով Հին Կտակարանի եւ նոյնիսկ Հին Կտակարանի հատուածները իրենց կոչումներով՝ որոնք երբեմն դրուած են Եբրայական բնագրին, երբեմն ալ Եօթանասնից թարգմանութեան համեմատ։
Նոր Կտակարանը արդարեւ ո՛չ միայն վերջաւորութիւնը, այլեւ լրո՛ւմն է Հին Կտակարանեն, իրականութիւնը այն բոլոր իրողութիւններուն՝ որոնք Հին Կտակարանին մէջ միա՛յն պատկերներ էին, տիպարներ կամ խոստումներ։
Իր մարգարէութիւններու միջոցաւ Հին Կտակարանը սիրտերը պատրաստած էր Մեսիային սպասելու։ Կը յուսային տեսնել Դաւիթի սերունդէն մէկը՝ որ պիտի վերականգնէր անոր անկեալ թագաւորութիւնը, եւ իբր նոր Սողոմոն, պիտի նուիրագործէր սկզբնաւորութիւնը Նոր թուականի մը խաղաղութեան ու բարօրութեան։
Հազուագիւտ էին անոնք, որ աւելի կարեւորութիւն ընծայէին կրօնական ու բարոյական վերանորոգման, քան թէ քաղաքական եւ ընկերական վերականգնման։ Նոյնիսկ Պենտեկոստէէն վերջ՝ հաւատացեալները կ՚երեւի թէ կ՚ակնկալէին ի մօտոյ հոգեւոր «սփոփանաց ժամանակներ» իբր հետեւանք «ամէն բանի վերահաստատումին»՝ զոր Տէրը պիտի կատարէր, եթէ միայն իր ժողովուրդը դառնար իր մոլորութենէն, եւ իբրեւ Մեսիան ընդունէր զինք։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ, հետզհետէ միայն հասկցան, թէ մարգարէութիւններու մէջ պէ՛տք է որոշել զանոնք, զորս Յիսուս կրցաւ կատարել, եւ զանոնք՝ որոնք կը վերաբերին իր ապագայ երկնային թագաւորութեան, որոշել Քրիստոսի չարչարանքները, եւ այն փառքը՝ որ ապա պիտի հետեւէր անոնց։
Պատմական Գիրքերն են չորս Աւետարանները եւ Գործք Առաքելոցը, որոնց կը յաջորդեն նամակագրական գրութիւնները, եւ ամենէն վերջ՝ զուտ մարգարէական միա՛կ գրուածքը՝ Յայտնութի՛ւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 15, 2015, Իսթանպուլ