ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Քրիստոսի Եկեղեցին այն է՝ որ մէ՛կ է, կաթողիկէ, առաքելական եւ սո՛ւրբ։ Քրիստոսի Եկեղեցին արդարեւ մէ՛կ է, քանի որ Յիսուս Քրիստոս մէ՛կ է եւ պե՛տը՝ Եկեղեցիին։
Մէկ ու միակ ըլլալ կարեւոր յատկանիշն է Եկեղեցիին՝ որուն անքակտելիօրէն իրարու միացած ստորոգելիներն են՝ «սուրբ», «կաթողիկէ» եւ «առաքելական» յատկանիշները։
Ուստի Եկեղեցին այդ յատկանիշները ինքն իրմէն չէ ստացած, այլ Քրիստոս՝ Սուրբ Հոգիով Ի՛ր Եկեղեցիին կու տայ որ ըլլայ «մի», «սուրբ», «կաթողիկէ» եւ «առաքելական», եւ դարձեալ Ի՛նքն է որ կոչ կ՚ընէ Եկեղեցիին, որ այս յատկութիւններուն իւրաքանչիւրը իրագործէ եւ գործածութեան հսկէ։
Միմիայն հաւատքո՛վ կարելի է ճանչնալ, թէ Եկեղեցին այս յատկութիւնները իր աստուածային ծագումէն քաղած է։ Բայց անոնց պատմական դրսեւորումները նշաններ են, որոնք յստակօրէն խօսուն են նաեւ մարդկային բանականութեան համար։ Այս զարմանահրաշ խորհուրդ մըն է. կայ մէկ Հայր տիեզերքի, մէկ Բան տիեզերքի եւ մէկ Սուրբ Հոգի՝ ամէնուրեք նո՛յնը։ Կայ նաեւ մէկ Մայր՝ որ Եկեղեցին է։ Եկեղեցին մէ՛կ է իր Հիմնադրով։
Եկեղեցին մէ՛կ է իր ակունքով. այս խորհուրդին գերադաս տիպարը եւ նախասկիզբն է՝ Անձերու եռեակութիւնը. մէկ միութեան մէջ Աստուծոյ՝ Հօր եւ Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի։ Եկեղեցին մէ՛կ է, քանի որ նոյնինքն մարմնացեալ եւ մարդացեալ Որդին բոլոր մարդիկը Աստուծոյ հետ հաշտեցուց Իր խաչով՝ վերականգնելով բոլորին «միութիւն»ը մէկ ժողովուրդի եւ մէկ Մարմինի մէջ։ Եւ Եկեղեցին մէկ է իր հոգիով. Սուրբ Հոգին՝ որ կը բնակի հաւատացեալներուն մէջ, որ կը լիացնէ եւ կը կառավարէ Եկեղեցին ամբողջ, Ան հաւատացեալներուն այս սքանչելի՜ հաղորդութիւնը կ՚իրականացնէ եւ զանոնք Քրիստոսի մէջ այնքա՛ն սերտօրէն իրարու կը միացնէ, որ Ինք կը հանդիսանայ «Եկեղեցւոյ Միութեան սկզբունք»ը։
Մէ՛կ ըլլալը՝ Եկեղեցիին էութենէն իսկ կը բխի։
Արդարեւ իր ծագումէն սկսեալ, այս «մէկ» Եկեղեցին սակայն կը ներկայանայ մեծ «այլազանութեամբ», ինչ որ յառաջ կու գայ միանգամայն Աստուծոյ պարգեւներուն զանազանութենէն եւ զանոնք ընդունող, ըմբռնող, իւրացնող անձերու բազմութենէն։ Մարդոց հոգին որքան ալ մէկ ըլլայ՝ անոնց միտքը, մտածումը կրնայ տարբեր ըլլալ։ Եւ այս իսկ պատճառով այդ «զանազանութիւն»ները չափով մը, բնական եւ հասկնալի կարելի է նկատել…։
Ուստի Աստուծոյ ժողովուրդին միութեան մէջ կը համախմբուին ժողովուրդներուն, աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն եւ մանաւանդ մշակոյթներուն այլազանութիւնները։ Եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ գոյութիւն ունի պարգեւներու, պաշտօններու, վիճակներու, հասկացողութեան եւ ապրելակերպերու բնական զանազանութիւն, տարբերութիւն։ Ուստի Եկեղեցիի միութեան մէջ օրինաւորապէս գոյութիւն ունին «տեղական» Եկեղեցիներ, որոնք կը վայելեն իրենց սեփական աւանդութիւնները, մշակոյթը՝ համաձայն իրենց ապրելակերպին։
Սակայն այս բազմազանութեան մեծ հարստութիւնը չի՛ հակադրուիր Եկեղեցւոյ միութեան։
Ուրեմն Եկեղեցիներու բազմազանութիւնը արուեստական չէ՛, այլ՝ բնական ու բանակա՛ն։
Եւ դարձեալ, Եկեղեցիներու բազմազանութեան պատճառներէն մին եւ կարեւորագոյնն է՝ Եկեղեցիին աշխարհի վրայ լայն տարածուած ըլլալուն եւ բազմատեսակ ժողովուրդներու մէջ ընդունելութիւն գտած ըլլալու իրողութիւնը։ Արդարեւ «գաղափար» մը, հաւատալիք մը որքան որ տարածուի, այնքան փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի։
Կարեւորը էականին մէջ «մէ՛կ» ըլլալն է։
Ուստի «Եկեղեցի»ն մէկ է, միութիւն մը կը կազմէ, բայց տարբեր երեսներով կը ներկայանայ։
Եւ վերջապէս պէտք է նկատի ունենալ նաեւ ժամանակի ազդակը. որքան երկար ժամանակ տեւէ, այդ երկար ժամանակաշրջանին մէջ, բնականաբար բարեփոխութիւններ, բարեշրջումներ կը պատահին եւ այդ փոփոխութիւնները կ՚ազդեն Եկեղեցիի վրայ եւ տարբերութիւններ, զանազանութիւններ կը ներկայանան՝ երկրորդական հարցերու մէջ, բայց ո՛չ երբեք էականին, կենսականին, քանի որ Եկեղեցին էապէս եւ ընդհանուր նկարագրով «մէ՛կ» է՝ անսասան, մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի՛։
Եկեղեցիին զանազանութիւնները երբեք չեն ազդեր անոր միութեան, միաւորութեան, քանի որ ան հիմնուած ու հաստատուած է մշտակայ եւ յարակենդան Յիսուս Քրիստոսի՝ մարդացեալ ու մարմնացեալ Աստուծոյ կողմէ։
Աստուած երբ «մարդ»ը ստեղծեց, որպէս «մարդ» եւ «մարդկութիւն» մէկ է՝ մէկ մարդկութիւն կայ, բայց անոր մէջ բազմազան անհատներ կան, տարբեր սերունդներ կան, բայց այս զանազանութիւնները երբեք չի նշանակեր զանազան «մարդկութիւն»ներու գոյութեան, քանի որ մարդկութիւնը մէկ է, եւ «մարդ»ը եւս մէկ։ Իմաստասիրականօրէն «մարդ» տիպարը մէկ է եւ մարդոց զանազանութիւնը «մարդ» ըմբռնումին փոփոխութիւնը չի նշանակեր. «մարդ»ը որպէս մտատիպար, որպէս գաղափար, որպէս էութիւն մէ՛կ է, ինչպէս «ծառ» գաղափարը՝ բազմատեսակ ծառեր կան, եւ «ծառ» գաղափարը, «ծառ»ի մտատիպարը մէ՛կ է։
Ահաւասիկ նոյնն է Եկեղեցին՝ որպէս տիպար, որպէս հոգի, որպէս խորհուրդ մէ՛կ է, ամբողջ մըն է, սակայն այդ միութեան եւ ամբողջութեան մէջ տեղի ու ժամանակի նկատմամբ «ներքին» զանազանութիւններ կրնան ըլլալ՝ առանց վնասելու «Եկեղեցի» խորհուրդին ամբողջութիւնը, միութիւնը։
Ընտանիքի մէջ ալ կարելի է տեսնել նոյնը՝ ընտանիքը որպէս իմաստ, ամբողջութիւն մըն է՝ միութիւն մը կ՚ենթադրէ, բայց ընտանիքը կազմող անդամներու մէջ կրնան զանազանութիւններ, տարբերութիւններ եւ նոյնիսկ տարակարծութիւններ ըլլալ, բայց այս բոլորը չեն փոխեր, չեն կրնար փոխել «ընտանիք»ի միութեան եւ ամբողջութեան խորհուրդը, քանի որ «ընտանիք» գաղափարը՝ որպէս իմաստ, որպէս նպատակ միութիւն եւ ամբողջութիւն կը ներկայացնէ։
Ահաւասիկ, ուրեմն Եկեղեցին ալ որպէս խորհուրդ, որպէս իմաստ, որպէս գաղափար միութիւն եւ ամբողջութիւն կը ներկայացնէ՝ իր հիմնադրութեան նպատակին ու պատճառին նկատմամբ մէ՛կ է, միութիւն ու ամբողջութիւն կ՚ենթադրէ։
Ուստի «էական»ը եւ էականին մէջ մասերը պէտք չէ՛ շփոթել, եւ խախտել «միութի՛ւն»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 16, 2016, Իսթանպուլ