ՀԱՅՐ ՆԵՐՍԷՍ ԱԿԻՆԵԱՆ (1883-1963)

Աւազանի անունով Գաբրիէլ, Յակոբի որդի Հ. Ներսէս Ակինեան ծնած է 10 սեպտեմբեր 1883 թուականին՝ Արդուին։ Ան վախճանած է Վիեննա՝ 28 հոկտեմբեր 1963-ին։ Եղած է բանասէր, ձեռագրագէտ, պատմաբան, մանկավարժ։

1901-ին՝ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, 1954-ին՝ Վիեննայի համալսարանի փիլիսոփայութեան պատուաւոր տոքթորի աստիճան ստացած է։

Գաբրիէլ՝ Հ. Ներսէս Ակինեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Արդուինի մէջ, ապա 1895 թուականին ընդունուած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը։ Առաջին ուսուցիչը եղած է Հ. Տաշեանը։ Հետեւած է Վիեննայի համալսարանի յունահռոմէական, բիւզանդական մշակոյթի պատմութեան, յունարէնի, լատիներէնի, ասորերէնի դասընթացքներուն, հմտացած է աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան մէջ, աշակերտած՝ աւստրիացի արուեստաբան, հայ ճարտարապետութեան եւ արուեստի նշանաւոր հետազօտող Յ. Ստրժիկովսկին, եւ աւելի վերջ դարձած է անոր խորհրդատուն, ապա եւ աշխատակիցը։ Համալսարանի դասընթացքները աւարտելէ յետոյ 1907-ին ձեռնադրուած է քահանայ եւ պաշտօնավարել սկսած է Վիեննայի Մխիթարեաններու Մայրավանքին մէջ. 1907-ին՝ ուսուցիչ դպրեվանքի մէջ, 1908-1911-ին՝ փոխ-տնօրէն, 1916-1920-ին՝ տնօրէն, 1909-1963-ին՝ միաբանութեան մատենադարանապետ, միաժամանակ -ընդհատումներով-՝ «Հանդէս Ամսօրեայի» խմբագիր։

1931-ին ընտրուած է Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր վարչութեան անդամ, 1931-1937-ին՝ Մայրավանքի մեծաւոր, հիւընկալ։

Հայ մշակոյթի ամբողջականութիւնը ուսումնասիրելու համար շրջած է «երկրէ եր-կիր», «բախած ամէն դուռ», հաւաքած է բազմահազար հայերէն ձեռագիր եւ տպագիր գիրքեր։

1912-ին Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցած է Գէորգ Ե. Տփղիսեցի Սուրէնեանցի կաթողիկոսական օծմանը, այցելած է Գառնի, Այրիվանք, Անի, ապա եւ ուրիշ հնավայրեր։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դրամ է հանգանակած՝ օգնելու համար հայ գերիներուն եւ տարագիրներուն։ 1923-1929-ին աշխատած է Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան մէջ։ 1929-ին կալանաւորուած է, 40 օր յետոյ ազատուելով՝ ստիպուած է հեռանալ Հայաստանէն։

Այնուհետեւ Հ. Ներսէս Ակինեան կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները Պերլինի, Միւնիխի, Տիւբինգենի, Փարիզի, Լեհաստանի, Հռոմի, Լիւոռնիի, եւ Երուսաղէմի մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատճառով եօթը տարի մնացած է Պէյրութ, 1946-ին աշնան վերադարձած է Վիեննա։

Հ. Ներսէս Ակինեան թողած է աւելի քան 40 ուսումնասիրութիւններ՝ որոնք կը վերաբերին միջնադարեան մատենագրութեան եւ հայագիտութեան տարբեր հարցերու վերլուծմանը եւ բնագրագիտական խնդիրներուն։ Հայագիտութիւնը Հ. Ակինեանին կը պարտի աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ գտնուող հայերէն բազմաթիւ ձեռագիրներու բովանդակութեանը ծանօթանալու համար։ Անոր ջանքերով հրատարակուած են Կիպրոսի, Լեհաստանի, Ուքրայնոյ հաւաքածուներու ձեռագրացուցակները, ստեղծուած է Հայ եւ Վրաց Եկեղեցիներու բաժանման պատմութեան քիչ թէ շատ ամբողջական պատկերը. «Հայ-Վրացական յարաբերութիւններ Դ.-Ե. դարուն մէջ», 1907։

Հ. Ներսէս Ակինեանը մշտապէս հետաքրքրած է Հայ Եկեղեցիի հազարամեայ (ըստ անոր, Հայ Եկեղեցին սկզբնաւորուած է Գ. դարու 20-ական թուականներուն) եւ մատենագրութեան ամբողջ պատմութիւնը՝ որոնց համար յաճախ առաջարկած է ինքնատիպ ժամանակագրութիւն։ «Դասական Հայերէնը եւ Վիեննական Մխիթարեան Դպրոցը», (1932) մենագրութեան մէջ թուագրած է հայ մատենագրութեան վաղ շրջանի երկերը, յունաբան դպրոցի թարգմանութիւններէն առանձնացնել դասական հայերէնով գրուած գործերը։ Անդրադարձուցած է Ընդհանրական Եկեղեցիի հայրերը եւ մատենագիրները՝ Տիմոթէոս Կուզի, Իրէնիոսի, Դիոնիսիոս Արիոպակացիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Յովհաննէս Աստուածաբանի, Եփրեմ Ասորիի, Պրոկղ Դիադոխոսի, Յովհան Կլիմաքոսի, Յովհան Դամասկացիի եւ այլոց երկերուն մասին, հայ մատենագրութեան մէջ յայտնաբերած, ուսումնասիրած եւ հրապարակած է անոնք։

Հ. Ակինեանի ուսումնասիրութիւններու հիմնական առարկաներն են հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութիւնը, մատենագրական երկերու բնագրագիտական քննութիւնը։ Ան փորձած է սպառիչ տեղեկութիւններ հաղորդել իրեն միտքը զբաղեցնող եւ զինք հետաքրքրող այս կամ այն երկրի վերաբերեալ, սակայն միջնադարեան բնագրերը երբեմն «վերաձեւել»ու աշխատած եւ յարմարեցուցած է իր տեսութիւններուն, որուն «զոհ» են դարձած Ագաթանգեղոսը, Եղիշէն, Ղազար Փարպեցին, Մովսէս Խորենացին, Ղեւոնդը, Սեբէոսը, Կորիւնը եւ ուրիշներ։

Հ. Ակինեան աշխատակցած է հայկական, գերմանական, անգլիական բազմաթիւ հանդէսներու, իր շուրջը համախմբած նշանաւոր գիտնականներու, Եւրոպայի եւ Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ դասախօսութիւններ կատարած է հայ ձեռագրի վերաբերեալ մշակոյթի մասին, նպաստած է հայագիտութեան զարգացման։

Հայր Ներսէս Ակինեանի անտիպ աշխատութիւնները կը պահուին Վիեննայի Մխիթարեաններու մատենադարաններուն մէջ…։

Սկզբնաղբիւր.-

Բոզոեան Ա. «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, գլխ. խմբ. Յովհ. Այվազեան, Հայկական հանրագիտարան հրատ. Երեւան, 2002, էջ 30-31։

Նաեւ՝ Ինգլիզեան Վ., Հ. Ներսէս Վրդ. Ակինեան - Հայ բանասէրը, Վնն., 1954։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 24, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018