ԽՕՍԵԼՈՒ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

Խօսիլը մարդ էակին ամենէն յատկանշական կարողութիւնն է՝ որուն միջոցով կը տարբերի միւս էակներէն՝ «ասուն» եւ «անասուն» ըլլալը սահմանագի՛ծն է «մարդ»ուն եւ բոլոր ապրող միւս էակներուն միջեւ։ Ուրեմն խօսիլը կարեւոր յատկութիւն մըն է՝ որ կը նշանակէ մտածումները ձայնաւոր կերպով արտայայտելու՝ խորհուրդները ուրիշներու ներկայացնելու իրողութիւնը։ Եւ այս կ՚ենթադրէ խորհիլ, մտածել, քանի որ եթէ խորհուրդ, մտածում չըլլայ, խօսելու նիւթը, խօսելու մասին պէտք չէ՛ խորհիլ։

Խօսիլը՝ «բանաւոր» էակին յատուկ կարողութիւն մըն է։ Առանց մտածումի խօսիլը, պարզապէս «ձայն»եր են՝ որ որեւէ արժէք չունին։

Խօսելու կամ գրելու ատեն բառերու միջոցաւ նախադասութիւններ կը կազմուին։ «Բառ» կը կոչուի հնչիւրններու այն խումբը կամ հնչիւնը, որ իմա՛ստ մը կ՚արտայայտէ։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ խօսքին մէջ եթէ իմաստ գոյութիւն չունի, այդ խօսքը որեւէ արժէք չի ստանար, քանի որ իմաստը խօսքին ամենակարեւոր եւ անհրաժեշտ տարրն է եւ եթէ խօսքը չէ հիմնուած մտածումի մը, իմաստի մը վրայ, այն «ձայն» մըն է միայն, չըսելու համար «աղմուկ»։ Խօսքը արժէք կը ստանայ իր իմաստով, իսկ իմաստը կը հիմնուի բանականութեան, մտածումի եւ դրական գաղափարի մը վրայ։ Եւ եթէ չկայ գիտութիւն, գաղափար ալ չի կազմուիր։ Մարդ, որոշ նիւթերու մասին խորհելու, մտածելու համար պէտք է նախ գաղափար ունենայ անոնց մասին, իսկ գաղափար կազմելու համար ալ անհրաժեշտ է այդ մասին գոնէ նուազագոյն տեղեկութիւն՝ գիտութիւն ունենալ։ Եւ վերջապէս խօսելու համար, մարդ պէտք է ունենայ այս բոլորը, որպէսզի իր խօսքը իմաստ մը ունենայ եւ ուրեմն արժէք մը ստանայ։

Եւ երբ կը խորհրդածենք խօսքի եւ խօսելու մասին, կը մտաբերենք մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի շահեկան մէկ յօդուածը այս մասին. «Խօսելու բարքն ու բարիքը» խորագրով։

Ուստի այս հետաքրքրաշարժ յօդուածը կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր բնագրին։

ԽՕՍԵԼՈՒ ԲԱՐՔՆ ՈՒ ԲԱՐԻՔԸ

«Խօսուն մարդը լռակեաց մարդէն աւելի կ՚ապրի։

«Շա՛տ խօսէ՝ որ շա՛տ ապրիս։ Շա՛տ մտածողը շատ խօսողէն աւելի քի՛չ կ՚ապրի…։ Շատախօսութեան մէջ թաքուն է երկարակեցութեան գաղտնիքներէն մին…։

«Շրջուեր են կարծես հնաւանդ պատուէրները, ստանալով հետեւեալ տարազները.- Երկու խօսէ, մէկ լռէ,- մի՛ թողուր որ մտածումդ լեզուէդ առաջ վազէ,- շա՛տ խօսէ՝ որ քիչ լսես…։

«Հոգեբոյժեր վերջերս՝ կը պնդեն թէ.- այն որ շա՛տ կը խօսի, շա՛տ կ՚ապրի։ Այն որ կը խօսի, մասամբ կը թեթեւնայ, կը վանէ հոգեպրկումը, անձկութիւնը։ Կեանքի երեւոյթներուն, անցքերու դիմաց տարբե՛ր են մարդոց հակազդեցութիւնները։ Ոմանք կը խօսին, կ՚արտայայտեն իրենց խոհերն ու զգացումները իրենց շուրջիններուն։ Ուրիշներ չե՛ն խօսիր, իրենց մէջ կը պահեն ազդումները, տպաւորութիւնները, որոնք կը կուտակուին հետզհետէ ենթագիտակցութեան մէջ, սկի՛զբ կ՚ըլլայն անհանգիստ վիճակներու, անդրադարձ կ՚ունենան. առողջութեան վրայ։ Ուժաթափութիւն, ախորժակի նուազում, գլխացաւ, գլխապտոյտ կը պատճառեն առաջին հերթով, ապա՝ կ՚առաջացնեն հոգեմարմնական լրջօ՛րէն ապառողջ վիճակներ։

«Յայտնի է, թէ հոգեբուժման գլխաւոր մէկ դրոյթն է հոգեվերլուծումը, որուն հիմն է խօսեցնել ենթական, որոշ նիստերով։ Կը խօսին անոնք, կը խօ՛սին ու կը բացուին, այսինքն՝ կը ձերբազատուին մե՛ծ մասամբ, թախիծէ ու նեղսրտութենէ, բեռնթափ կ՚ունենան։

«Յայտնի է նա՛եւ, թէ կիներ իրարու մօտիկ կու գան յաճախ, դրացի կամ ծանօթ՝ ու խօսքի կը նստին։ Կը խօսին, կը պատմեն, կը շաղակրատեն։ Լսածս կ՚ըսէ, թէ.- կիներու մեծագո՛յն կիրքը խօսելու հաճոյքն է։ Կիներու համար լռել, լուռ մնալ տառապանք է։ Կիներ՝ որ հրապարակ կ՚իջնեն ու կ՚աշխատին, զո՛ւրկ կը մնան խօսելու այդ բարքէն ու բարիքէն…։ Կիներու առա՛ջին դասը երկրորդին բաղդատմամբ, ա՛ւելի կ՚ապրին, այրերէն ալ ա՛ւելի կ՚ապրին։

«Ուրեմն՝ առողջ կը մնան անո՛նք, որոնք խօսելով կը քալեն կեանքի ուղիներուն վրայ ու այդպէս՝ հեռո՛ւները կ՚երթան…։ Որքա՜ն արտայայտիչ է Նիցչէի խօսքը.- մարդոց մէջ ապրիլը դժուար է, որովհետեւ լռելը դժուար է…։

«Ճշդուեր է, թէ մարդ միջին հաշուով, օրական տասներկու հազար բառ կը խօսի, ինչ որ տարեկան շուրջ չորսուկէս միլիոն բառ կը նշանակէ։ Այդ բառերով, իւրաքանչիւրը երկու հարիւր յիսուն էջէ բաղկացեալ, երեսունեւհինգ հատոր կարելի է կազմել։ Վաթսուն տարեկան մէկը այս հաշուով երկու հազար հատորի -տիրացած- պիտի ըլլար։ Շատախօսները կարելի է ենթադրել, թէ շա՛տ աւելի ստուար -խօսքի հատորներ- պիտի ունենային։

«Կը հետեւի, թէ ոմանք հատորներ -կը գրեն- ոմանք հատորներ -կը խօսին-։ Գրողներուն -Գրողն- (հոգէառը) ա՛ւելի կանուխ կը հանդիպի…։

«Երկու այր կը խօսէին։ Մին կ՚ըսէր.-ի՞նչպէս անցաւ ամրան արձակուրդը, գլուխդ կրցա՞ր հանդարտ պահել, հանգստանալ։ Միւսը կը պատասխանէր.- ափսոս ո՛չ, ա՛մէն տեղ այր ու կին միասին գացինք…»։

ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ

Սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր գիտական-մասնագիտական տեղեկութիւններ կու տայ եւ «խօսիլ»ը տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտել կու տայ իր ընթերցողներուն։ Նաեւ վիճակագրական տուեալներով կը ճոխացնէ իր յօդուածը՝ ուր շատ ծանօթութիւններ կան որ կը լուսաբանեն խօսելու արարքը։ Արդարեւ, խօսիլը մարդ էակին ամենակարեւոր զբաղումներէն մէկն է, ան կը խօսի եւ խօսելով հաւատարիմ կը մնայ իր «մարդ» կոչումին, քանի որ ան որպէս մարդ իր պարտաւորութիւններուն մեծ մասը կը կատարէ խօսե՛լով, կը հաղորդակցի իր նմաններուն հետ խօսքով եւ կապ կը հաստատէ իր Արարչին, իր Նախախնամին հետ խօսելով։

Չէինք գիտեր թէ շատ խօսող մարդը շա՛տ կ՚ապրի։ Բայց սա ստոյգ է որ մարդ, իր «մարդ» հանգամանքը իր շուրջիններուն ցոյց կու տայ խօսելով, խօսքով եւ մա՛րդ կ՚ապրի, կեանքը կը վայելէ խօսելով եւ խօսուածները լսելով… հասկնալով եւ ըստ այնմ շարժելով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 23, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019