ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Դ.)

ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդկային կեանքի մէջ շատ կարեւոր է առաջին տպաւորութիւնը. առաջին տպաւորութիւնը անձի մը մասին մեր կազմած կարծիքին մեծագոյն մասը կը կազմէ: Այդ առաջին տպաւորութիւնն է, որ մեզ կը մղէ անձ մը աւելի ճանչնալու եւ կամ ընդհանրապէս չճանչնալու եւ յետոյ կու գան աւելնալ միւս կարեւոր երեւոյթները, որոնք կրնան դեր ունենալ կողակիցի ընտրութեան մէջ:

Առաջին տպաւորութիւններու պարագային, մանաւանդ պատանեկութենէն նոր երիտասարդութիւն անցած մեր քոյրերն ու եղբայրները, կը շփոթեն սիրոյ հետ. սէրն ու ստեղծուած առաջին հետաքրքրութիւնը ամբողջութեամբ իրարմէ տարբեր բաներ են: Առաջին տպաւորութիւնը երբեք սէր չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ սէրը վերացական զգացողութիւն մըն է, իսկ տպաւորութիւնը հիմնուած է արտաքին ազդակներու վրայ: Սէրը հիմնուած է արժէքներու, հասկացողութեան ու այլ արժէքներու վրայ, որոնք առաջին հայեացքով կարելի չէ տեսնել:

Մարդոց թողած առաջին տպաւորութիւնը պէտք չէ ընդունիլ որպէս վերջնական համոզում, որովհետեւ առաջին տպաւորութիւնը կրնայ խաբուսիկ ըլլալ եւ դէպի սէր առաջնորդող արժէքներու բացայայտումը միայն ժամանակն է, որ կրնայ յստակեցնել. յիշեցէ՛ք, որ աշխարհի մեծագոյն ոճրագործները եւս իրենց զոհերուն վրայ թողած են լաւ տպաւորութիւն, սակայն աւարտը այնքան լաւ չէ եղած՝ ինչքան սկիզբը: Մտաբերեցէք, որ մարդոց թողած առաջին տպաւորութիւնը «գովազդ»ն է իրենց անձերուն եւ ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, յաճախ գովազդները կրնան իրականութեան չհամապատասխանել:

Առաջին տպաւորութեան վատ կողմը այն է, որ մարդու մէջ քիչ մը դժուար է փոխել առաջին տպաւորութիւնը, ինչ որ սիրոյ պարագային դժուար կը դարձնէ անձը իրապէս եւ ամբողջապէս ճանչնալու կարեւոր երեւոյթը:

Առաջին տպաւորութեան նման նոյնն է համացանցի ճամբով երկխօսութիւն ունեցած անձերու պարագան, որովհետեւ համացանցի մէջ շատ դիւրաւ սատանան հրեշտակ ու մարդասպանը՝ մարդասէր կրնայ դառնալ: Ցաւ ի սիրտ, վերոյիշեալ երկու վտանգաւոր երեւոյթներու դիմաց շատ մը երիտասարդներ կը ձախողին եւ այդ բոլորին գինը դաժանաբար կը վճարեն:

Մարդ արարածը ունի ցանկութիւն, որ ուրիշին մօտ կառուցէ իտէալական պատկեր մը, ուրիշներուն աչքին աւելի հաճելի դառնալու համար. այս հիւանդութենէն մղուած յաճախ կը տեսնենք, թէ աղքատը՝ հարուստ կը ձեւանայ, յանկարծ որոշ արժէքներ «ունենալ» կը կեղծէ, տեղի անտեղի հաստատումներ կատարելու իր ամենագէտ ըլլալը կը փորձէ առաջ քշել եւ այդ ձեւով ոչ-իրական տպաւորութիւն մը կը փորձէ ստեղծել. տպաւորութիւն մը՝ որ մէջը պարապ փուչիկէ մը տարբեր չէ:

Յաճախ մենք հասկնալով եւ ընդունելով, որ սէրը մարմնականէն աւելի հոգեկան զգացում է, կը հակասենք մենք մեր համոզումներուն, մեր ընդունած վերացական սիրոյ առաջին կայծը արտաքինին մէջ փնտռելով: Չկայ այնպիսի օրէնք մը, որ արտաքնապէս գրաւիչ անձ մը բարձր արժանիքներու եւ շատ մը կարեւոր արժէքներու տէր ըլլայ. այդ կարեւոր արժէքները բացայայտելու միակ եւ ամենէն կարեւոր ձեւը երկխօսութիւնն է եւ այդ բոլորը մէկ կամ երկու անգամ հանդիպում կազմակերպելով ամբողջապէս կարելի չէ հասկնալ:

Սիրոյ մէջ ապրուած մեծագոյն հիասթափութիւններէն մին առաջին տպաւորութեան եւ իրականութեան իրար ամբողջութեամբ հակառակ դուրս գալն է. վստահաբար ձեր շուրջիններէն լսած էք «սկիզբը այսպէս չէր» արտայայտութիւնը. իրականութեան մէջ ան մի՛շտ ալ այդպէս էր, պարզապէս գծած առաջին տպաւորութիւնն էր տարբեր, որ ժամանակի ընթացքին տեղի տուաւ իրականութեան դիմաց: Այդ հիասթափութենէն զերծ մնալու համար մեր յորդորն է ըլլալ զգաստ, որովհետեւ յաճախ կեղծն ու իրականութիւնը իրարմէ զանազանելը կրնայ լրջօրէն դժուար ըլլալ:

Եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, թէ ինչ են ձեւերը բացայայտելու այդ տպաւորութիւններուն կեղծ կամ իրաւ ըլլալը, պատասխանը մէ՛կ է. ժամանակ: Անոնք ժամանակի ընթացքին կը բացայայտեն իրենց իսկական ԵՍ-ը եւ անոնց ճշմարիտ երեսը դուրս կու գայ: Այդ իսկ պատճառով մեծերը կը յորդորեն, պսակուելու պարագային չաճապարել. կը տեսնենք յաճախ, թէ ինչպէս տակաւին մէկ ամիս իրար ճանչցող զոյգեր պսակուելու որոշում կը կայացնեն, իրենք զիրենք համոզելով, որ մէկ ամիսը բաւարար միջոց էր ճանչնալու զիրար: Այդ բոլորը բացայայտելու համար մեր կարծիքով նուազագոյնը պէտք է մէկ տարի ժամանակ յատկացնել:

Սէրը բարդ զգացում մըն է եւ յաճախ կը ստիպէ, որպէսզի մարդ արագ որոշումներ կայացնէ. այստեղ դժուար եղողը որոշումներ կայացնելը չէ, այլ ապագային այդ որոշումներուն համար զղջալն է, այդ իսկ պատճառով աւելի խելացի բան է որոշ ժամանակ սպասել, քան լուրջ դժուարութիւններու դիմաց յայտնուիլ:

Պէտք չէ տառապիլ այն հիւանդութենէն, որ «ժամանակը կ՚անցնի» եւ պէտք է անպայման շուտով պսակուիլ, որպէսզի այս կամ այն դրացին չբամբասէ եւ «տունը մնացած» պիտակը չփակցնէ մեր ճակտին: Աւելի խելացի բան է ուշ պսակուիլ՝ սակայն ճիշդ որոշում կայացնել: Մենք կը հաւատանք, որ առողջ ամուսնութեան մը գաղտնիքներէն մին ժամանակի ընթացքին կողակիցը ճանչնալուն մէջ կը կայանայ։ Նախքան պսակուիլը պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել, տեսնել, թէ ինչպէս կը ջղայնանայ, ինչպէս կ՚ուրախանայ, ինչպէս կը տխրի. մարդկային այդ զգացումներու հասկացողութիւնն ու վերլուծումն է որ ձեր կեանքը պիտի քաղցրացնէ եւ ուրախ ընտանեկան մթնոլորտ մը ստեղծէ. սէրը առանց այդ հասկացողութիւններուն դժբախտութիւն պատճառելէ բացի ուրիշ բանի մը կրնայ չծառայել:

Սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ժամանակը ունի մարդը փոխելու յատկութիւնը։ Մեր այսօրուան ԵՍ-ը կրնայ տարբեր ըլլալ մեր վաղուան ԵՍ-էն, այդ իսկ պատճառով այդ տպաւորութիւններուն իրականութիւնը եւս իր մէջ ունին որոշ վտանգներ, որոնք կանխելու ամենէն առողջ ձեւը շատ մը արժէքներու ուսումնասիրութիւնն ու ճանաչողութիւնն է, որովհետեւ կան որոշ արժէքներ, որոնց դիմաց ժամանակը եւս կը մնայ անզօր:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Անասունները գոյները կը տեսնե՞ն:

Պատասխան.- Այո, կենդանիները կը տեսնեն գոյներ, սակայն ոչ այնպէս, ինչպէս մարդիկ կը տեսնեն. մարդ արարածը ունի եռագոյն տեսողութեան գոյնի ընկալիչներ, ինչ որ թոյլ կու տայ մեզի տեսնել զանազան գոյներ, սակայն անասունները, ինչպէս օրինակ, շուներն ու կատուները ունին աւելի լայն գոյներու ընկալիչներ: Օրինակի համար, շուներն ու կատուները կրնան տեսնել կապոյտ եւ դեղին գոյները, սակայն կը դժուարանան զանազանել կարմիր ու կանաչ գոյները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023