ԱՐԾԻՒԻ ԹԵՒԵՐ

Արծիւը հիացմունք պատճառող հսկայ եւ պատկառազդու թռչուն մըն է։ Ան կը խորհրդանշէ զօրութիւն եւ ապահովութիւն։ Եւ դարձեալ, այս իսկ պատճառով բազմաթիւ ազգերու զինանշանին մէկ մասը կը կազմէ։

Աստուծոյ Խօսքին մէջ ալ կարեւորութիւն տրուած է արծիւին։ Արդարեւ, զօրութեան եւ ապահովութեան համընթաց է նաեւ իմաստութիւնը, արդարութիւնը եւ տիրապետութեան գաղափարը, որ կը ներկայացուի արծիւի խորհրդանիշով։

Աստուած Յոբ Երանելիին հարց կու տայ. «Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ եւ բոյնը բարձրերը կը հաստատէ»։ Արդարեւ, ըսել կ՚ուզէ Աստուած՝ փոխանակ ինքնարդարացում ընելու, պատրուակներ ներկայացնելու, ինքնաքննութիւն ըրէ՛։

Դարձեալ, Աստուած Մովսէսի բերնով Իսրայէլի ժողովուրդին կը խրախուսէ. «Ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի եւ քովս բերի»։ Աստուած ըսել կ՚ուզէ. դուք ալ ինծի հնազանդեցէ՛ք եւ Իմ ուխտս պահեցէք։

Աստուած՝ երկրի ծայրերուն, ամբողջ տիեզերքի Ստեղծիչը, Արարիչը, որ երբեք չի՛ դադրիր, չի՛ յոգնիր եւ չի՛ թուլնար հաւատարիմ մնալէ Իր խոստումներուն, բոլոր Իրեն ապաւինողներուն, վստահողներուն կը քաջալերէ ըսելով. «Անոնց ուժը պիտի նորոգուի, անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն եւ չթուլնան, պիտի քալեն եւ չյոգնին». (ԵՍ. Խ 31)։

Տէրոջը ապաւինողները, վստահողները այսպէս ամպերէն վե՛ր պիտի թռչին եւ յաւիտեանս Անոր հետ պիտի ըլլան Իր փառքին մէջ։ Եւ ուրեմն խնդրենք Տէրոջմէ՝ արծիւի թեւեր տայ մեզի, որպէսզի բարձրանանք վե՛ր եւ հասնինք բարձրութիւններու, ուր է յաւիտենականութիւնը, երանութիւնը։ Ուստի, եթէ մենք Աստուծոյ կամքին մէջ գտնուինք եւ միշտ հոն մնանք, Ան պիտի հայթայթէ մեր բոլոր պէտքերը եւ «ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ՝ Իր կամքը կատարելու». (ԵԲՐ. ԺԳ 21)։ Քանի որ «ամէն բան Իր կամքին խորհուրդով կը գործադրուի», եթէ հասկնանք Աստուծոյ կամքը եւ շարունակ անոր մէջ մնանք՝ կրնա՞նք ամէն ձախորդութիւն դիմագրաւել, գիտնալով, որ Ան հոգ պիտի տանի բոլոր անոնց՝ որոնք անդադար կը ջանան Իր կամքին մէջ կենալ. (ԵԲՐ. Ա 11)։ «Ուստի՝ իմ սիրելի եղբայրներս՝ հաստա՛տ եղէք, անշա՛րժ կեցէք, եւ ամէն ատեն աւելցէք Տէրոջ գործին մէջ, գիտնալով որ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 58)։

Մարդ պէտք ունի վստահելու, ապաւինելու իր Արարչին՝ Աստուծոյ, որ մի՛շտ յանձն կ՚առնէ իր բաժինը։ Ուստի բոլորովին վստահելով Աստուծոյ՝ կատարե՛նք մեր բաժինը եւ երբե՛ք չգանգատինք, գիտնալով, որ Ան ամենավստահելի՛ն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024