ԷՍՏԻ ՀԱՄԵՑԷ՛Ք
Նախկին փորձառութիւնները բաւարար չեղաւ կարծես լաւապէս հասկնալու եւ ըմբռնելու համար, որ թուղթէ շերեփով չե՛նք կրցած, չկրցանք եւ հաւանաբար յառաջիկայ փորձերուն մէջ եւս չկարենանք վերցնել ա՛յն մասնաբաժինը, որուն դարաւոր երազողները դարձած ենք: Չենք կրցած հասկնալ, որ իրաւունքը ո՛չ թէ կը մուրան, այլ կը պահանջեն եւ ի հարկին՝ ձեռք կը բերենք ամէ՛ն տեսակ զոհողութիւններով:
Այսօր նոյն նախկին թուղթէ շերեփը ձեռքին մեր ղեկավարները կ՚երթան «պատմական» «փառաւո՜ր» էջ մը պատրաստելու ա՛յն հողագործին, ա՛յն բանուորին, ա՛յն ռամիկ բանուորին համար, որ իրենց յանձնած է երկիրը ղեկավարելու եւ իր կեանքը «առաջնորդելու» պատասխանատու պաշտօնն ու պարտականութիւնը, առանց անդրադառնալու, որ նախորդ ոչ լաւ փորձառութիւններուն մէջ մեզ ամօթով ձգողը ո՛չ թէ ապուրը, այլ շերեփն էր պարզապէս: Եթէ նոյն շերեփը ձեռքին ապուրը փոխուած կը կարծեն՝ յուսախաբութիւնը շատ պիտի չուշանայ:
Թէ՛ այդ շերեփին եւ թէ՛ ապուրին մէջ այսօր կը պակսի ամենէն էականը՝ ժողովուրդը, որ արդարութեան ծարաւը իրենց խորը իրաւունքի շեփորը հնչեցնել կը փորձեն:
Ճաշկերոյթին փառաւոր աթոռները գրաւուած են արդէն, իսկ մենք անկոչ հիւրի խեղճութեամբ կը փորձենք այդտեղ բացակայ հրաւիրեալի մը գոյութիւնը գտնել, այն յոյսով որ պարապ աթոռ մը գտնուելու պարագային մեզի ալ «հրամեցէ՛ք» ըսող մը գտնուի: Նման ճաշկերոյթներու մենք կը մասնակցինք Գիգորի նման «Էստի համեցէ՛ք» ըսող մը գտնելու յոյսով, հարց չէ, թէ «համելիք» տեղը ի շահ չէ մեր ժողովուրդին ու մեր ազգին:
«Էստի համեցէ՛ք»ի փնտռտուքը մեր ազգի կործանման ամենէն ազդու միջոցը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ «էստի համեցէք»ներուն կը հետեւին անոնք՝ որոնք ճշտորոշ տեղ մը չունին եւ ենթակայ են ուղղորդուելու:
Այսօր մեր ազգի քաղաքական դիրքորոշումը կը նմանի կեանքին մէջ առաջին անգամ նաւ բարձրացող ճամբորդի մը, որ գաղափար չունի ինչպէս կ՚առաջնորդուի այդ հսկայական նաւը, ինչպէս կը յառաջանայ, սակայն ունի յոյսը, որ պիտի յաջողի հասնիլ նաւահանգիստ՝ միւս բոլոր գիտցողներուն հետ, այն տրամաբանութեամբ, որ «եթէ ուրիշներ գիտեն, ես ի՞նչ պէտք ունիմ գիտնալու»:
Այսօրուան քաղաքական ո՞ր դիրքորոշումը ռամիկ ժողովուրդի շահերը կը հետապնդէ՞. սերունդէ սերունդ հայրենասիրութեան կողքին նոյն բանը փոխանցուած է բոլորիս, որ մենք եւս մեր կարգին պիտի փոխանցենք մեզի յաջորդող սերունդներուն. Արդարութեան անօթութիւնը, մշտնջենապէս չբացուող ցայգին կարօտն ու անարդարութեան դէմ մաքառելու բնազդը:
Արդարութեան անօթի ենք, որովհետեւ այդ թուղթէ շերեփ բռնողները երբեք իրենց ձեռքերը պիտի չվառեն եռացող ապուրէն, որովհետեւ անոնք իրենց ձեռքերուն տեղ պիտի գործածեն մեր ձեռքերը եւ յետոյ բան մը չեղածի պէս պիտի շարունակեն իրենց կեանքը՝ մեզ ցմահ դատապարտելով ա՛յն ցաւին՝ որ երբեք պիտի չանցնի: Այդ ապուրը պիտի այրէ բոլո՛ր այն երիտասարդները, որոնք նահատակութեան փառքը պիտի վայելեն. ապուրը այրէ ա՛յն բոլորը, որոնք պիտի դառնան որդեկորոյս, որբ, այրի եւ աւելին, մինչ վերին խաւը անտեղեակ այդ վառուող բոցէն գինիի բաժակը ձեռքին ապուրը շինողներուն կենացը պիտի խմէ բարձրաձայն:
Հայկական առածը կ՚ըսէ. «Կաթէն բերանը այրողը մածունը փչելով կ՚ուտէ». նախկին այրուածքները չանցած ինչպէ՞ս կը համարձակինք առանց փչելու մօտենալ այն կաթին, որ հաւանաբար շա՜տ աւելի տաք է՝ քան նախկինը: Մեր ղեկավարները պատրա՞ստ են հոգացող մօր մը նման նախքան մեզ հրամցնելը ստուգել տաքութիւնն ու համը, թէ ոչ ինչպէս միշտ, մեզ այրելով պիտի փաստեն հրամցուածին տաքութիւնը:
Նախքան ապուրը համտեսելը նայեցէ՛ք ետեւ. հոն պիտի տեսնէք այն անօթիները, մերկերը, ա՛յն հալումաշ եղած սերունդը, որ կշտանալու յոյսով ընդմիշտ անօթի մնաց:
Նման ճաշկերոյթներու ե՞րբ պիտի դուրս գանք «չլացող մանուկին կաթ չկայե»ի տրամաբանութենէն եւ հասկնալ, որ պէտք է ի վիճակի ըլլանք այլեւս մեր տեղէն բարձրանալով վերցնել մեր ուզածը:
Յաւիտեան խաւար է հո՛ն, ուր յոյսը դրուած է ուրիշին ստեղծելիք արշալոյսին, որուն երազը երբեք իրականութիւն պիտի չդառնայ: Այդ արշալոյսը երբե՛ք չի կրնար ստեղծուիլ, եթէ տեղի չտայ անձնասիրութիւնն ու շահամոլութիւնը, որովհետեւ արեւը կը սկսի ծագիլ ա՛յն ժամանակ, երբ հասկնանք, թէ հանրային շահը շա՜տ աւելին կ՚արժէ քան սեփական շահը:
Մենք «Էստի համեցէ՜ք»ով շա՜տ շա՜տ անգամ զոհած ենք այդ հանրային ու ազգային շահերը՝ ի դիմաց սեփական շահերու բարձրացումին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
(1865-1917)
Մեր թուականէն 157 տարիներ առաջ՝ 28 մարտ 1865-ին, Զաքաթալայի մէջ ծնած է բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Ալեքսանտր Ծատուրեան:
Ծատուրեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուր աշակերտած է մանկավարժ եւ հրապարակախօս Արշակ Ագապեանին: Դպրոցական ուսումը շարունակած է քաղաքային երկդասեան ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1881 թուականին:
Միջնակարգ ուսումը աւարտելէ ետք Ծատուրեան Ներսիսեան վարժարան ընդունուելու յոյսով մեկնած է Թիֆլիզ, սակայն չյաջողելով ընդունուիլ՝ սկսած է որպէս բանուոր աշխատիլ խճուղիի շինարարութեան մէջ: Որոշ ժամանակ բանուորութիւնը ընելէ ետք՝ 1888 թուականին յաջողած է ընդունուիլ Թիֆլիզի արհեստագիտական դպրոց, սակայն հիւանդութեան պատճառով առանց աւարտելու դուրս եկած է:
Ուսման սէրը իր մէջ Ծատուրեան փորձած է ընդունուիլ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, սակայն դարձեալ անյաջողութեամբ պսակուելով դարձեալ վերադարձած է բանուորութեան:
Որոշ ժամանակ բանուորութիւն ընելէ ետք Ծատուրեան ուսուցչութիւն ըրած է Մոսկուայի մեծահարուստ ընտանիքներէն ներս, միաժամանակ աշխատելով առեւտրական գրասենեակներու մէջ: Մոսկուայի մէջ եղած է Մ. Բարխուդարեանի հրատարակած «Հանդէս գրական եւ պատմական»ի հիմնական աշխատակից, ինչպէս նաեւ հրատարակիչը: Միաժամանակ բանաստեղծութիւններով աշխատակցած է Թիֆլիզի մէջ հրատարակ-ւած «Մուրճ» թերթին: Ծատուրեան յաճախ իր գրութիւնները ստորագրած է Սնար, Ալաքեան, Արծիւեան եւ Շիտակեան գրչանուններով: Անոր բանաստեղծական առաջին ժողովածուն լոյս տեսած է 1891 թուականին, Մոսկուայի մէջ, իսկ երկրորդը՝ 1898-ին. 1901 թուականին նկարիչ Վարդգէս Սուրեանցի ձեւաւորումով լոյս տեսած է Ծատուրեանի «Գրչի հնարքներ» խորագրեալ երգիծական բանաստեղծական ժողովածուն:
Ծատուրեան կատարած է թարգմանական աշխատանքներ, հայերէնի թարգմանելով Ալեքսանտր Փուշքինի, Միխայիլ Լերմոնտովի, Ա. Քոլցովի եւ ուրիշներու գործերը: Ռուսերէնէ հայերէն թարգմանելու կողքին կատարած է թարգմանութիւններ նաեւ հայերէնէ ռուսերէն լեզուի, թարգմանելով Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ» յայտնի աշխատութիւնը: Ռուսերէնի թարգմանուած է նաեւ Ծատուրեանի բանաստեղծութիւններէն շատեր:
Ծատուրեան մահացած է 31 մարտ, 1917 թուականին, Թիֆլիզի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ