ՀԻՒԱՆԴ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք շատ մը երիտասարդներ, որոնք ժամանակի պահանջներուն հակառակ կը փորձեն գրողներ դառնալ. անոնցմէ շատեր կը հաւատան, որ լաւ գրող մը դառնալու համար պէտք է Հայագիտական աւարտել, իսկ ուրիշներ՝ յաջողութեան գաղտնիքը յարատեւ ընթերցանութեան մէջ կը տեսնեն: Հայագիտական ուսումն ու ընթերցանութիւնը կը զարգացնեն մարդուն մայրենին, լեզուամտածողութիւնն ու ինչու չէ երեւակայական թռիչքը, սակայն գրող դառնալը ամբողջութեամբ ուրիշ մակարդակ մըն է, որ իր մէջ ունի նաեւ ի վերուստ տրուած յատկանիշ մը:
Իսկական գրողը ոսկիի մը պէս է. նոյնիսկ աննկատ ու անտեսուած՝ իր գրողի արժէքը կը պահէ այնքա՛ն ժամանակ, որքան երեւակայութեան թռիչքն ու ստեղծագործելու տարփանքը վառ կը մնայ անոր հոգւոյն մէջ: Գրողի այդ յատկանիշներէն մին ունէր նաեւ Ալեքսանդր Ծատուրեան, որուն ծննդեան 159-ամեակը կը նշենք այսօր. գրող՝ որ խճուղի շինարարութեան մէջ աշխատելով, բեռնակիր ու բանուոր ըլլալով հանդերձ իր ստեղծագործական շնորհքին միջոցով յաջողեցաւ իր ժամանակին մէջ ձեռք բերել բանաստեղծի համբաւ մը. բանաստեղծ՝ որ Դանիէլ Վարուժան Գամառ Քաթիպայի հաւասար կը նկատէ, իսկ Յակոբ Օշական անոր անունը կը յիշէ Աւետիս Իսահակեանի հետ միատեղ, թէեւ արդար ըլլալու համար ըսենք, թէ Օշական տեղ մը կ՚ըսէ. «Պ. Ալեքսանդր Ծատուրեանը ոչ մէկ նկարագիր ունի մեծ բանաստեղծի»:
Օշականի այս հակասութիւնը բացատրենք. Ծատուրեան գեղարուեստի առումով մեծ թռիչքներ ունեցող բանաստեղծ մը չէր. անոր բառերը պարզ ու ժողովրդական էր. օրինակ վերցնենք անոր բանաստեղծութիւններէն մէկուն առաջին երկու տողերը.
«Մենակ ճամբորդ եմ... յոգնած, ուժասպառ,
Անցել եմ կեանքի փըշոտ ճանապարհ».
Աւելորդ ո՛չ մէկ բառ ու բարդ ո՛չ մէկ դարձուածք։ Ժողովուրդի լեզուով պարզ, սակայն ապրում եւ զգացում փոխանցող տողեր. պէտք է նկատի ունենալ, (մանաւանդ սկզբնական շրջանին) Ծատուրեանի ապրուստի միջոցը գրագրութիւնը եւ կամ մամուլի մը աշխատակցութիւն չէր. շինարարական աշխատանքներու մէջ բանուորութիւն կը կատարէր. բացի այդ ունէր նաեւ հիւանդութիւններ, որոնք իր վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենային՝ կեանքէն հեռանալ ուզելու ցանկութիւն յառաջացնելու չափ։ Ծատուրեան 25 տարեկանին՝ 1890 թուականին կը գրէր հետեւեալ տողերը.
«Միթէ արդէն, որ ընկեր իմ, յոգնեցար,
Դու տանջանքի ճնշող լուծը կըրելով,
Որ այժմ թոյլ, սրտով հիւանդ, ցաւագար,
Մահ ես խնդրում... կեանքից երես դարձնելով»:
Այս բոլորը մէկտեղելով կրնանք հասկնալ, որ Ծատուրեան կը գրէր ո՛չ թէ «յայտնի» գրող մը դառնալու եւ կամ հանրութեան կողմէ ճանաչելի դէմք մը դառնալու համար, այլ կը գրէր՝ պարզապէս իր ցաւերը մեղմելու, հանգստանալու, որովհետեւ շատ անգամ բանաստեղծը որ չի՛ կրնար իր սեփական աչքերով լալ՝ գրիչովը լալ կը փորձէ: Գուցէ շատեր քննադատելի գտնեն «լալական» բանաստեղծութեան այս ոճը, ինչ որ կը տեսնենք նաեւ Դուրեանի, Մեծարենցի եւ այլ բանաստեղծներու մօտ:
Իրականութեան մէջ բանաստեղծութիւնները գրականութիւնը զարդարելու եւ գեղարուեստական գործ մը մէջտեղ բերելու համար չէ՛ որ կը գրուի։ Եթէ այդ մէկը ծրագրուած ըլլայ, կը դառնայ ոտանաւոր ու տաղաչափեալ գրութիւն մը, սակայն երբ ներքին մղումով կը գրուի՝ կը դառնայ բանաստեղծութիւն: Հետեւաբար Ծատուրեանի բանաստեղծական գործերը պէտք է ընդունիլ որպէս ցաւի եւ կեանքի օրագիր մը, ուր գրողը փորձած է գրի առնել իր բոլոր ապրումներն ու յոյզերը, որոնք շատ անգամ կը խօսին մեր սիրտին, հայելին կը դառնան մեր ապրումներուն՝ իրենց պարզ ու հարազատ բառերուն մէջ։ Ծատուրեանի բանաստեղծութիւնները կեանքն է, որ կը ներկայացնեն. օրինակի համար, այժմ դիմացս ունիմ անոր «Կռիւ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը. մեր կեանքին դէմ մղած պայքարն է, որ կը ներկայացնէ. կը խօսի կեանքի դժուարութիւններուն մասին, ըսելով. «Մաշող ցաւերից մեզ չըկայ դադար» եւ ինքզինք կը կոչէ «Բախտին խորթ զաւակ» ու կը բողոքէ ըսելով՝ «Ես չըտեսայ կեանքի կանաչ, պայծառ արեւ, յոյս երկրին»:
Սակայն հակառակ Օշականի քննադատութեան, պէտք է ընդունիլ, որ Ծատուրեանի գործերը ամբողջութեամբ մերկ չեն բանաստեղծական ու գեղարուեստական ճաշակէ. այս հաստատումին մեծագոյն փաստը անոր բառերով Սպենդարեանի, Ա. Տէր-Ղեւոնդեանի եւ այլոց Ծատուրեանի բառերով գրած երգերն են, որոնցմէ ծանօթ է «Սիրուն գարուն», «Վերջին անգամ» «Այ վարդ» եւ այլ երգեր:
Այսօր արդէն իսկ մոռացութեան տրուած է Ծատուրեանի անունը, իրենց բախտակից հազար ու մէկ տարբեր բանաստեղծներու հետ միատեղ. մենք չե՛նք պնդեր, որ Ծատուրեան մեծանուն բանաստեղծ մըն է, սակայն կարելի չէ ուրանալ անոր գրական կարողութիւնը՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ կեանքի դժուարին պայմաններու եւ հիւանդութեան հետեւանքով չէր կրցած շարունակել իր ուսումը, սակայն ի վերուստ ունէր քնարերգու դառնալու շնորհքն ու պարգեւը. նայեցէ՛ք անոր նկարին եւ անոր կեցուածքին, դէմքին եւ աչքերուն մէջ պիտի տեսնէք այն ոգին ու շունչը՝ որ կը կոչուի բանաստեղծ: Եթէ չըլլար այդ շունչը, անոր գործերը չէին թարգմանուեր ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու:
Ծատուրեան պարզապէս նուիրեալ մըն էր գրականութեան, որ բանաստեղծութեան կողքին թարգմանութեան ճամբով փորձած է իր լուման ձգել, հայերէնի թարգմանելով շատ մը ռուս մեծերու գործերը, որոնք լոյս տեսած են տարբեր մամուլներու մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար գրողները կարեւոր են:
Պատասխան. Գրողները անփոխարինելի են, որովհետեւ անոնք կ՚արտայայտեն մարդկային կեանքը՝ հիւսելով պատմուածքները ու գրելով յօդուածներ, որոնք կ՚ընդգրկեն մեր փորձառութիւնները, միտքի եւ յոյզերու էութիւնը: Իրենց խօսքերով գրողները կը լուսաբանեն մարդկային վիճակի բարդութիւնները՝ խթանելով կարեկցանքը, փոխըմբռնումը եւ կապը տարբեր մշակոյթներու եւ սերունդներու միջեւ: Անոնք կրնան փոփոխութիւններ ներշնչել, միտքեր հրահրել եւ մարտահրաւէրներ նետել հասարակութեան՝ դառնալով յառաջընթացի եւ լուսաւորութեան առաջնորդներ: Գրականութեան, լրագրութեան, գրական տարբեր ձեւերու միջոցով գրողները կը ձեւաւորեն մեր հաւաքական գիտակցութիւնը՝ պահպանելով պատմութիւնը, բորբոքելով երեւակայութիւնը եւ ձեւաւորելով աշխարհը, ուր մենք կ՚ապրինք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024