ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ

«Ով որ իր ան­ձը կը բարձ­րաց­նէ՝ պի­տի խո­նար­հի, եւ ով որ իր ան­ձը խո­նար­հեց­նէ՝ պի­տի բարձ­րա­նայ» (ՂՈՒԿ. ԺԸ 14)։

­Թա­գա­ւոր մը սաս­տիկ փո­թո­րի­կէ մը վերջ պտոյ­տի ե­լաւ՝ շրջե­լու հա­մար լեռ­ներն ու հո­վիտ­նե­րը։ Եւ տե­սաւ որ մե­ծա­մեծ ծա­ռեր տա­պա­լած, կոտր­տած եւ հո­ղին ե­րե­սը գլո­րած են։ Ա­նոնց մէջ միայն ե­ղէգ մը՝ ջրա­յին բոյս մը կան­գուն մնա­ցած էր՝ չէր վնա­սուած։

Թա­գա­ւո­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ ը­սաւ.

«Ո՜վ ե­ղէգ, ը­սէ ին­ծի, ինչ­պէ՞ս հաս­տա­տուն մնա­ցած ես, երբ նոյ­նիսկ մե­ծա­մեծ ծա­ռերն իսկ կոտ­րուած ու տա­պա­լած են։ Ի՞նչ գաղտ­նիք քեզ ան­կո­րուստ պա­հեց»։­

Եւ ե­ղէ­գը պա­տաս­խա­նեց թա­գա­ւո­րին.

«Ո՜վ թա­գա­ւոր, երբ սաս­տիկ քա­մին բարձ­րա­ցաւ, այդ մե­ծա­մեծ ծա­ռե­րը հպար­տու­թեամբ հա­կա­ռակ կանգ­նե­ցան ա­նոր դէմ, եւ քա­մին տա­պա­լեց զա­նոնք. իսկ ես խո­նար­հուե­ցայ քա­միին կամ­քին առ­ջեւ, եւ ա­հա՛, ինչ­պէս կը տես­նես, կան­գուն մնա­ցած եմ»։­

Այս ա­ռա­կը կը սոր­վեց­նէ, որ Աս­տու­ծոյ հզօր կամ­քին հա­կա­ռա­կուո­ղը, դի­մադ­րել՝ դէմ դնել փոր­ձո­ղը նոյն­պէս կը տա­պա­լի իր հպար­տու­թեա­նը պատ­ճա­ռով. իսկ խո­նարհ­նե­րը կ՚ապ­րին, ինչ­պէս որ գրուած է. «Տէ­րը հա­կա­ռա՛կ է ամ­բար­տա­ւան­նե­րուն, մինչ­դեռ շնորհք կու տայ խո­նարհ­նե­րուն» (ՅԱԿ. Դ 6)։­

Ար­դա­րեւ խո­նար­հու­թիւ­նը հրեշ­տակ կը դարձ­նէ մարդս։ Ար­դա­րեւ «խո­նար­հու­թիւն» ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, եւ տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ հլու­թիւն, հպա­տա­կու­թիւն, հե­զու­թիւն, հա­մա­կեր­պու­թիւն եւ հա­ւա­նում։

Ու­րեմն խո­նար­հու­թիւ­նը կը բխի սէ­րէն, քա­նի որ հոն՝ ո՛ւր կայ սէր, հոն կայ նաեւ հա­ւա­նում, հե­զու­թիւն եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը խա­ղա­ղու­թիւն, ան­դոր­րու­թի՛ւն։

Շա­տեր խո­նար­հու­թիւ­նը, հա­մես­տու­թիւ­նը ան­զօ­րու­թիւն, վախ­կո­տու­թիւն, երկ­չո­տու­թիւն կը հա­մա­րեն, բայց ա­նի­կա իս­կա­կան քա­ջու­թիւն է, քա­ջա­գոր­ծու­թիւն է՝ ա՜յն­քան հպարտ, ինքն­հա­ւան, մե­ծա­մեծ մար­դոց մէջ վե­հանձն, մեծ­հո­գի, աս­պե­տա­կան կե­ցուած­քով՝ խո­նարհ ըլ­լալ, հա­մեստ մնալ եւ միշտ պատ­նէ­շին վրայ, բարձր կե­նալ նոյն կէ­տին վրայ…։

Ար­դա­րեւ հպար­տու­թիւ­նը եօ­թը մա­հա­ցու մեղ­քե­րէն ա­ռա­ջի՛նն է եւ բո­լոր մեղ­քե­րու սկզբնա­պատ­ճա՛­ռը։ Հպար­տու­թիւ­նը միշտ իր կոր­ծա­նա­րար սեր­մը կը սեր­մա­նէ մար­դոց սիր­տե­րուն մէջ եւ կը ստեղ­ծէ ախտ մը՝ որ աս­տուա­ծա­պատ­կեր մար­դը կը դարձ­նէ սա­տա­նա­յի հպա­տակ գե­րի։

Հպա­րտու­թե­նէն կը ծնի փա­ռա­սի­րու­թիւ­նը, սնա­պար­ծու­թիւ­նը, ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւ­նը, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, ինք­նա­գո­վու­թիւ­նը, մե­ծամ­տու­թիւ­նը, պա­տուա­սի­րու­թիւ­նը, անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը եւ բազ­մա­թիւ մեղ­քեր։ Այս մեղ­քե­րը կը դա­տա­պար­տեն մարդս յա­ւի­տե­նա­կան կոր­ծան­ման։

Բայց ցա­ւա­լին այն է, որ այս ախ­տով տա­ռա­պող մար­դիկ չեն անդ­րա­դառ­նար ու չեն գի­տակ­ցիր ի­րենց հո­գիին ախ­տա­ւո­րուած վի­ճա­կին, չեն տես­ներ այն վտան­գը, այն չա­րի­քը՝ որ կը կրեն ի­րենց հո­գիին մէջ եւ կը տա­րա­ծեն ի­րենց շուր­ջին­նե­րուն՝ շրջա­պա­տին մէջ։ Եւ մեր ա­մէն մէ­կուն շուր­ջը կը գտնուին, կ՚ապ­րին այս­պէս կո­չուած «հպար­տու­թեան եւ մե­ծամ­տու­թեան մարմ­նա­ցումն»ներ՝ ո­րոնց աչ­քը կու­րա­ցած է հո­գե­ւո­րա­պէս եւ չեն տես­ներ մեղ­քը, չեն անդ­րա­դառ­նար ա­նոր վտան­գին։

Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ը­սինք, հպար­տու­թիւ­նը, ինքն­հա­ւա­նու­թիւ­նը, մե­ծամ­տու­թիւ­նը սկիզբն է բո­լոր մեղ­քե­րուն։

Ուս­տի հպարտ­ներ, մե­ծա­միտ­ներ շատ մեծ հա­մա­րում ու­նին ի­րենց մա­սին՝ ըստ ի­րենց կար­ծի­քին, ի­րենք կա­տա­րեալ են եւ ան­թե­րի՛։ Ա­նոնք միշտ ճիշդ են ի­րենց ո­րո­շում­նե­րուն մէջ, եր­բեք չեն սխա­լիր, եւ ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի, նոյ­նիսկ ի­րա­ւա­ցիօ­րէն, դի­տո­ղու­թիւն ը­նե­լու ա­նոնց, բո­ղո­քել կա­րե­լի չէ ա­նոնց, քա­նի որ ա­նոնք հա­սա­րակ մահ­կա­նա­ցու չեն, եւ ա­մէն­քը պար­տա­ւոր են զի­րենք պա­տուել, մե­ծա­րել, եւ այդ­պէս կը կար­ծեն ի­րենք, այդ­պէս հա­մո­զուած են, այդ­պէս հա­ւա­տա­ցած են եւ դժբախ­տա­բար ի­րենք ալ կը հա­ւա­տան, որ տար­բեր են՝ բարձր են, ան­մատ­չե­լի եւ ան­մեր­ձե­նա­լի են… ի՜նչ ինք­նա­խա­բէու­թիւն, ի՜նչ խեղ­ճու­թիւն, քա­նի որ այն ա­մէ­նը որ կը կար­ծեն ըլ­լալ կամ ու­նե­նալ, ա­նոնց­մէ ո՛չ մէկն են եւ ո՛չ մէ­կը ու­նին։ Բո­լոր յատ­կու­թիւն­նե­րը կը պակ­սի ի­րենց, բայց ա­նոնք ա­ւե­լիո՛վ ու­նին կը կար­ծեն։

Ա՜յն­քան զար­մա­նա­լի է, որ աս­տուած­ճա­նա­չու­թիւն չու­նե­ցող մար­դիկ վա­րա­կուած, բռնուած են այս ախ­տով՝ կ՚ապ­րին չար ու ա­նօ­րէն կեանք, բայց նոյն­քան ափ­սո­սա­լի է, որ «չար»ը ծա­ծուկ հնար­նե­րով ու ա­նե­րե­ւոյթ ցան­ցե­րով եւ ճիւ­ղա­ւո­րում­նե­րով, խար­դա­խու­թիւն եւ խա­բէու­թիւն­նե­րով հպար­տու­թեան մա­հա­բեր թոյ­նը, ժահ­րը կը կա­թեց­նէ Աս­տու­ծոյ որ­դեգ­րուած­նե­րուն, մկրտուած քրիս­տո­նեա­նե­րուն սրտին մէջ՝ ա­նոնք ո­րոնք կը կար­ծեն, թէ քրիս­տո­նա­վա­յել կեանք կ՚ապ­րին, նոյ­նիսկ մաս­նա­կից՝ Սուրբ Պա­տա­րա­գի, կը հա­ղոր­դուին Քրիս­տո­սի Սուրբ Մար­մնին եւ Սուրբ Ա­րեան խոր­հուր­դին։

Եւ սա­կայն ո՛չ մէ­կը կրնայ ի­րենց ը­սել. «Աչ­քիդ վրայ յօնք կա՛յ»։ Ցա­ւա­լի՜ է, բայց այդ­պի­սի­ներ չեն տես­ներ, չեն անդ­րա­դառ­նար ի­րենց ախ­տա­ւո­րուած հո­գիի վի­ճա­կին։ Դեռ ա­ւե­լին՝ ի­րենց կե­ցուած­քով ու ա­րար­քով գայ­թակ­ղու­թիւն՝ հրա­պա­րա­կա­յին վատ օ­րի­նակ, սադ­րանք են ե­կե­ղե­ցիի ծի­րէն դուրս ան­մեղ մար­դոց հա­մար։ Մինչ­դեռ Քրիս­տո­սի ամ­բողջ կեան­քը խո­նար­հու­թեան տի­պա՛ր քա­րոզ մըն էր իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն։ Իսկ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է որ ինք­զինք Քրիս­տո­սի «հե­տե­ւորդ» նկա­տող, զինք «քրիս­տո­նեայ» հա­մա­րող մէ­կը՝ իր ամ­բողջ կեան­քով, ամ­բողջ հո­գիով եւ էու­թեամբ հպար­տու­թեան մարմ­նա­ցում եւ գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ ըլ­լայ իր շրջա­պա­տին եւ մա­նա­ւանդ ան­մեղ հո­գի­նե­րու…։

Ուս­տի այդ­պի­սի մէ­կը՝ հպարտ եւ մե­ծա­միտ մէ­կը՝ միա՛յն խօս­քով «քրիս­տո­նեայ» է։ Գու­ցէ ա­ւե­լի լաւ կրնայ ըլ­լալ ը­սել, որ այդ­պի­սին քրիս­տո­նէու­թեան հետ ա­մե­նե­ւին կապ չու­նի։ Մինչ­դեռ շատ-շա­տեր, ո­րոնք գա­ղա­փար իսկ չու­նին, թէ ի՛նչ է Սուրբ Պա­տա­րա­գը, Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւ­նը, ե­ւայլն խոր­հուրդ­ներ… եւ սա­կայն ի­րենց ամ­բողջ հո­գիով եւ ամ­բողջ էու­թեամբ քրիս­տո­նեա՛յ են, այ­սինքն՝ կը կրեն քրիս­տո­նէա­կան կարգ մը ընդ­հա­նուր ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, զոր օ­րի­նակ, ո­ղոր­մա­ծու­թիւն, ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թիւն, կա­մե­ցո­ղու­թիւն, նե­րո­ղամ­տու­թիւն, բա­րու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, հա­մես­տու­թիւն, զո­հո­ղու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն, ա­ռանց վայր­կեան մը իսկ մտա­ծե­լու եւ տա­տամ­սե­լու՝ ի­րենց սի՛րտն ալ կը հա­նեն ու կու տան, ե­թէ բա­րիք մը, շահ մը, օ­գուտ մը պի­տի պատ­ճա­ռէ իր նմա­նին եւ ա­նոր որ կ՚ու­զէ իր­մէ օգ­նու­թիւն մը, նպաստ մը։

Ու­րեմն իր կեան­քի օ­րի­նա­կով, իր ապ­րե­լա­կեր­պով եւ իր ամ­բողջ հո­գիով ե­թէ մէ­կը կ՚ապ­րի քրիս­տո­նէու­թիւ­նը՝ կա­րե­լի չէ՛ որ ան հպար­տու­թեան ախ­տով վա­րա­կուի՝ խո­նար­հու­թիւ­նը, հա­մես­տու­թիւ­նը ա­նոր նկա­րա­գիրն է եւ կրօ՛­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 22, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016