ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ

Յինանց 5-րդ Կիրակիին՝ 29 Ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, Անոր խաչելութիւնը եւ խաչի վրայ Անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութի՛ւնը։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կը նկարագրէ այս տօնը.

«Կիւրեղ Երուսաղէմի հայրապետին պաշտօնի անցած տարին տեղի ունեցաւ Խաչին երեւումը Երուսաղէմի մէջ. 351 տարուոյ Հոգեգալստեան առտուն, ժամը 3-ին ահաւոր մեծութեամբ լուսաւոր խաչ մը երեւցաւ երկինքի վրայ՝ մէկ ծայրը Գողգոթայի եւ միւս ծայրը՝ Ձիթենեաց լերան վրայ, եւ շատ ժամեր տեւելով՝ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներէն տեսնուեցաւ, որ զղջմամբ եւ բարեպաշտութեամբ սկսան եկեղեցիներ վազել։ Այս երեւման պատմութիւնը գրուեցաւ նոյն իսկ Կիւրեղ հայրապետի կողմէ՝ որ զայն ղրկեց Կ. Պոլիս Կոստանդ կայսեր, եւ որ այժմ մեր եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի իբր ընթերցուած։ Կիւրեղ հայրապետի բացատրութեան համեմատ այդ երեւումը ուղղափառ դաւանութեան պաշտպանութիւնն էր Արիանոսներուն մոլորութեան դէմ՝ որ Կոստանդ կայսեր պաշտպանութիւնը կը վայելէր։ Կիւրեղ հայրապետ կը ջանայ անոյշ ու պատուաբեր խօսքերով Կոստանդի մտադրութիւնը գրաւել։

«Յոյներ այդ երեւման տօնը կը կատարեն Մայիս 7-ին, թէեւ 351 տարուոյ Հոգեգալուստը Մայիս 19-ին հանդիպեր է։ Իսկ մենք սոյն տօնը կը կատարենք Յինանց 5-րդ կիրակին, Զատկէն 28 օր ետքը, որով այս տօնն ալ 35 օրերու շարժականութիւն կ՚ունենայ, եւ Ապրիլ 19-էն մինչեւ Մայիս 23 կրնայ հանդիպիլ»։

Ահաւասիկ, վերոյիշեալ 35 օրերու շարժականութեան պատճառով, այս տարի կը հանդիպի 29 Ապրիլ Կիրակիի՝ Երեւման Սուրբ Խաչի տօնը։ Ուստի Խաչին պատիւը եւ նոյնիսկ պաշտօնը՝ ընդհանուր է ամէն եկեղեցիներու մէջ, աղօթքներ կ՚ուղղուին խաչին, կը բարձրացուի խաչին զօրութիւնը, խաչին կը վերագրուին այնպիսի ձիրքեր եւ արդիւնքներ՝ որ անձերու սեփական են եւ ո՛չ իրերու. մինչեւ իսկ Խաչը կը նկատուի իբր «միջնորդ» եւ իբր «գործի՛չ»։

Ընդհանրապէս «խաչ» ըսելով՝ կը հասկնանք նոյնիսկ Քրիստոսի խաչելութեան ծառայած Քառաթեւը՝ որ «խաչափայտ» եւ «կենաց փայտ» ալ կը կոչուի։ Բայց բուն խաչին վերաբերեալ ամէն պարագաները կը վերագրենք ամէն արուեստակերտ խաչի ալ՝ որ «օծեալ» ըլլայ՝ հոգ չէ թէ ի՛նչ նիւթէ ըլլայ։

Անշուշտ կարելի չէ մտածել եւ ենթադրել, որ անշունչ նիւթը ըլլայ շնորհներու Տէրը եւ պատճառը, այլ ամէն ինչ՝ պատիւ եւ պաշտամունք, գովեստ եւ արդիւնք կը բարձրանան Խաչեալին եւ Փրկչին, եւ խաչը իբր «գործիք» փրկութեան կ՚անձնաւորէ իր մէջ նո՛յն խաչեալ Փրկչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անձնաւորութի՛ւնը։

Այս սկզբունքով, ահաւասիկ, խաչի տօներ ալ հաստատուած են եկեղեցւոյ մէջ՝ ուր Խաչը կը փառաւորուի։ Եւ այս տօները, ինչպէս Սուրբ Խաչի երեւման տօնը, կապակցութիւն ունին պատմական դէպքի մը, պարագայի մը հետ, եւ երբ խաչելութեան յիշատակով կը փառաւորուի խաչը, խաչեալ Փրկի՛չն է, որ կը պաշտուի։

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած խաչի տօներն են.

ա.- Խաչվերաց,

բ.- Գիւտ խաչ,

գ.- Երեւման խաչ,

դ.- Վարագայ խաչ։

Այս տօներէն զատ խաչի տօն կը կատարուին զանազան առիթներով, զոր օրինակ, խաչի եօթնեկին՝ Երկուշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը՝ որոնք իրենց յատուկ յիշատակութիւնը չունին, այլ Խաչվերացի տօնին եւ յիշատակին շարունակութիւնն են, եւ միեւնոյն դիտումով եւ նպատակով հաստատուած։ Խաչին վերացումը եւ կամ փառաւորութիւնը եօթնեակ մը՝ 7 օր, որ է շաբաթ մը տօնախմբելու համար՝ յաջորդ օրերէն երեքը խաչին, երեքն ալ եկեղեցւոյ նուիրուած են։ Խաչի հրաշալի՜ երեւումի փոխարէն՝ Հայ Եկեղեցին ունի «Վարագայ խաչ»ին տօնը՝ որ հաստատուած է Վարագայ երեւումին վրայ՝ որ կատարուեցաւ 653 թուականին՝ Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոսի (Ներսէս Գ. Տայեցի - Իշխանեցի. 641-661) օրով։

Արդարեւ, քրիստոնէութեան մէջ, հին ժամանակներէն ի վեր խաչը գերազանց յարգանքի մը առարկայ եղած է։ Անիկա՝ գերիներու տանջանքի գործիք մը ըլլալէն դադրեցաւ ա՛յն օրէն, երբ իր վրայէն «խեղճ հալածուած» մը, մարդկութեան փրկութեան համար ինքնազոհ մը, Աստուած կը կտակէր համայն աշխարհի։ Գողգոթայի խաւարներուն մէջէն Յիսուսի անմեղ արիւնով օծուած, սրբագործուած խաչը այնուհետեւ եղաւ քրիստոնեային պարծանքը, եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ, հոգիի վսեմ ամբարձումներով եւ բարեպաշտիկ ներշնչումներով տօնեցին զայն՝ իր փրկակա՛ն խորհուրդին, եւ իր վերացումներուն ի յիշատակ։

Այս յիշատակութեան օրերուն տօնը եւ հաւատքի սկզբունքը մէկտեղ քալեցին շարունակ Եկեղեցիին մէջ, այնպէս որ երբ մէկ կողմէն Հայ Եկեղեցին հանդէս մը կու տայ բարեպաշտներու աչքին, միւս կողմէ՝ հաւատաւոր հոգիներուն համար՝ գեղեցիկ եւ փըր-կարար դաս մը կը մատակարարէ, եւ երբ անիկա խաչը բարձրացնէ մէկ ձեռքով, միւսով ցոյց կու տայ Անոր խորհուրդը, եւ մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ Առաքեալին եւ բոլոր քրիստոնեաներուն արդա՛ր պարծանքը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 20, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018