ՊՍԱԿԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պսակը եկեղեցիի խորհուրդներէն մէկն է՝ որ կը կատարուի քահանայի օրհնութեամբ եւ եկեղեցիի սրբագործութեամբ, որու միջոցով երկու ամուսիններ՝ այր եւ կին օրինաւոր կերպով իրարու կապուելով՝ իրաւաբանական առումով որոշ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը մտնեն։

Պսակով՝ երկու անձ՝ այր եւ կին իրարու հետ կը միանան իբրեւ մէկ մարմին եւ գաղափարական կերպով կը պատկերացնեն Քրիստոսի միանալը իր եկեղեցիի հետ։ Այս մասին Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ.

«Վասնզի մէկը բնաւ իր անձը չ՚ատեր, հապա կը սնուցանէ եւ կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ Եկեղեցին։ Որովհետեւ մենք անոր մարմնին անդամներն ենք, անոր մարմնէն եւ անոր ոսկորներէն։ Ասոր համար մարդը պիտի ձգէ իր հայրը եւ մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։

«Այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսին եւ Եկեղեցիին վրայով։ Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը եւ կինը իր այրէն ակնածի». (ԵՓԵՍ. Ե 29-33)։

Այս խորհուրդին նշանակութիւնը եւ իրաւական ազդեցութիւնը այնքան մեծ եւ կարեւոր կը համարէ Պօղոս առաքեալ, որ իրաւունք կու տայ քրիստոնեայ հաւատացեալ ամուսինին պսակուիլ, կամ իբրեւ ամուսիններ ապրիլ անհաւատ անձի հետ՝ ենթադրելով, որ այդ խորհուրդը իր շնորհքով անհաւատ ամուսինը հաւատացեալ կը դարձնէ, կամ թէ չդարձնէ իսկ, անոր զօրութեամբ անհաւատը սրբացած կ՚ըլլայ։

«Որովհետեւ անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են». (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 14)։

Սուրբ Իգնատիոս (+115թ.) սապէս կը խրատէ. «Պսակուողներուն հարկաւոր է ամուսնանալ եպիսկոպոսի գիտութեամբ, որպէսզի պսակը ըլլայ Տիրոջ հովանութեան ներքեւ եւ ո՛չ ըստ ցանկութեան»։

Առաքեալներու յաջորդները կը փափաքէին պսակներու նշանակութիւնը՝ իմաստը, ազդեցութիւնը զօրացնել անառակութեան, անհաւատարմութեան եւ ամուսնալուծութեան դէմ կռուելու համար. հաւատացեալներէ շատերը, ըստ հին սովորութեան, կը շարունակէին ամուսնանալ առանց եկեղեցւոյ գիտութեան եւ օրհնութեան։ Այս իմաստով՝ կենակցութիւնը. «cohabitation» ապօրինի միութիւն մըն է, որ ընկերային կեանքին համար վնասակար արարք մըն է։

Տէրտուղիանոս, Գ. դարու հայրերէն մին՝ քահանայի մը կ՚ըսէ. «Մեր մէջ ծածուկ պսակները վտանգի կ՚ենթարկուին դատուելու շնութեան եւ անառակութեան հետ հաւասար»։

Առանց պսակի կազմուած միութիւնը՝ ամուսնութիւնը որքան հոգեւոր իմաստով, նո՛յնքան ալ ընկերային կեանքի համար վնասակար է եւ վտանգաւոր, քանի որ անպաշտօն կայացած ամուսնութիւններէ սերած սերունդներ փաստացի չեն ըլլար եւ վաւերականութիւն չեն ստանար, եւ ալ ժառանգականութեան հարցեր կրնան ստեղծել՝ հարազատութեան անորոշութեան պատճառով։ Ուստի իրաւաբանօրէն՝ ամէն ամուսնութիւն պէտք է ըլլայ պաշտօնական եւ արձանագրուած։ Ուստի «կենակցութիւն»ը անհատական ազատութեան հարց մը չէ, այլ ամբողջ ընկերութիւնը հետաքրքրող լուրջ հա՛րց մը՝ ապագայ սերունդներու նկատմամբ մա՛նաւանդ։

Շիշակ է, որ կեանքի մէջ հազար ու մէկ հարց, բազմաթիւ խնդիրներ կան, բայց չմոռցուի, որ այդ հարցերուն եւ խնդիրներուն մեծամասնութեան պատճառը մարդ ի՛նքն է, իր անհնազանդութեամբ եւ անտարբերութեամբ ընդհանրապէս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024