ՀԱՄԱՏԵՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐ
Երեք «Համատես Աւետարան»ները՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս իրենց ընթերցողներուն կը ներկայացնեն Յիսուսի անձը եւ գործը, որոնց մասին ըստ բաւականին ամբողջական եւ խիստ կենդանի երրեակ պատկերը կը գծեն։ Բայց չորրորդ Աւետարանին՝ Յովհաննէսի հետ մարդ կարծես Սրբարանին սրահին մէջ իսկ կը թափանցէ, եւ Աստուծոյ Որդիին հետ կ՚ունենայ այնքան մտերիմ հաղորդակցութիւն մը, որ գոգցես Անոր սրտին բաբախումները կը նշմարէ։ Մինչդեռ միւս երեք Աւետարանները գլխաւորաբար Նազարէթի, Մարգարէին հրապարակային գործունէութիւնը կը նկարագրեն մանրամասնօրէն։
Արդարեւ Յովհաննէս հազիւ կը յիշէ Անոր հրապարակային հրաշքներէն մէկ քանին, եւ անոնք ալ՝ միա՛յն երբ կարծես իրեն առիթ մը կ՚ընծայեն մասնաւոր խօսակցութիւններ արձանագրելու։ Չ՚աւանդեր Անոր հրապարակային եւ ժողովրդական քարոզութիւնները, եւ ո՛չ մէկ իսկական առակ մը, այլ եւ մանաւա՛նդ մտերմական վիճաբանութիւններ ու խօսակցութիւններ։
Յովհաննէսի առաջնականգ դիտաւորութիւնը չէ՛ հայթաթել կենսագրութիւն մը աւելի՛ լիակատար եւ աւելի ճշգրիտ, քան անոնք՝ որոնք արդէն հրապարակի վրայ կը գտնուէին։ Եթէ հոս հոն այնպէս կը պատահի, որ կ՚ուղղէ միւս Աւետարանիչներուն աւանդածները, զորս արդէն ծանօթ կը համարի, մեծ կարեւորութիւն մը չի տար այդ դիտողութիւններուն։ Իր գլխաւոր փափաքն է իր ընթերցողներուն հաւատքը լուսաւորել եւ հաստատել այնպիսի հաւատքի մը առաջնորդել զանոնք՝ որ «ընդունին» Յիսուսը, եւ «կեանք»՝ Անոր միջոցաւ, որ երեսանկեալ խոնարհին յարուցելոյն ոտիցն առջեւ եւ Թովմասի նման ըսեն անոր. «Իմ Տէ՛րս եւ իմ Աստուա՜ծս»։
Այս կերպով է, որ երկու զուգընթաց հոսանքներ կ՚երեւին իր Աւետարանին մէջ։ Մէկ կողմանէ կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս ծնան ու զարգացած է հաւատացեալներուն հաւատքը, եւ միանգամայն ի յայտ կը բերէ ծագումը եւ աճումը անհաւատութեան հակառակորդներուն, զորս «Հրեաներ» կը կոչէ խիստ յաճախ։
Եւ որովհետեւ Երուսաղէմի մէջ էր, որ Յիսուս հանդիպեցաւ ամենէն յամառ եւ ամենէն մահացու դիմադրութեան։ Յովհաննէս կը պատմէ Յիսուսի յաջորդական այցելութիւնները մայրաքաղաքին, եւ հազիւ հազ կը յիշատակէ Անոր գործունէութիւնը Գալիլիայի մէջ. մինչդեռ առաջին ակնարկով, այնպէս պիտի թուէր միւս Աւետարանիչներուն հետեւելով, թէ Յիսուս գրեթէ երբեք այցելած չէ՛ Հրէաստան…։
Աւետարանները թիւով չորս են։ Այս չորս Աւետարաններէն առաջին երեքը, ինչպէս ըսինք, նկատառելի կերպով նմանութիւններ ունին, մինչ Յովհաննէսի Աւետարանը կը տարբերի միւս երեք Աւետարաններէն։
Անոնց լեզուն, նիւթերը եւ ասոնց դասաւորումը բաւական նման են իրարու, եւ ա՛յս է պատճառը, որ այս երեքը կը կոչուին «Համատեսական Աւետարաններ»։ Բովանդակութեան նմանութեան օրինակ կարելի է առնել (Մատթէոս Թ 2-8), (Մարկոս Բ 3-12) եւ (Ղուկաս Ե 18-26) հատուածները։ Նոյնիսկ շատ մը համարներու բառերը նոյնն են, ինչպէս՝ (Մատթ. Ժ 22), (Մարկ. ԺԳ 13) եւ (Ղուկ. ԻԱ 17)։ Պարզ հաշիւով մը կը տեսնենք, որ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կայ Մարկոսի բովանդակութեան 91 առ հարիւրը, եւ Ղուկասի մէջ՝ 53 առ հարիւրը։ Այս տեսակի նմանութիւնները հարցեր կը յառաջացնեն՝ գտնելու համար երեք Աւետարաններու ծագումը։ Արդեօք հեղինակները հասարակաց աղբիւր մը ունէի՞ն. արդեօք անջատաբար գրուա՞ծ էին։
Երեքն ալ օգտագործած են եկեղեցիներու պահած բերանացի աւանդութիւնը՝ իր տարբերակներով, միաժամանակ օգտուելով գրաւոր առաջին արձանագրութիւններէ՝ առանձին խօսքերու թէ՛ մասնակի եւ թէ ամբողջական բաժիններու. նաեւ աչքի տակ ունենալով մեզի ծանօթ «մէկ» եւ կամ «միւս» Աւետարանը…։
Մէկդի թողլով ամէն ինչ, որ ուղղակի՛ չի նպաստեր իր հետապնդած նպատակին, Յովհաննէս կը ճգնի կարծես մատով շօշափել տալ իր Տէրոջ թէ՛ իրական մարդկութիւնը եւ թէ անժխտելի Աստուածութիւնը։ Ինքզինք ծածկելով ըստ կարելւոյն, կը պատմէ իր անձնական հաւատքին, ինչպէս նաեւ իր բարեկամներուն եւ բազմաթիւ ուրիշ հաւատացեալներուն հաւատքին պատմութիւնը։
Եւ այս պատկերներուն քով կը զետեղէ ուրիշ պատկերներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ որո՛նք են հաւատքի ճշմանիտ արգելքները, եւ ի՛նչպէս պատահած է որ այնքան շատեր չեն հաւատացած հակառակ այնքա՛ն ապացոյցներու եւ այնքան հրաշքներու։
Գիտենք, որ յետ մահուան Մարիամի՝ Յիսուսի մօր, զոր Առաքեալը իր տունը ընդունած էր, վերջապէս եկաւ հաստատուիլ Եփեսոսի մէջ՝ որ առաջին դարուն վերջերը քրիստոնէական եկեղեցիին ճշմարիտ մայրաքաղաքն էր։
Ուստի Աւետարանը իր շառաւիղները կ՚արձակէր մօտն ու հեռուն. գլուխ ունենալով այս բազմանդամ հասարակութեան՝ կազմուած երբեմն Պօղոսի ձեռամբ իր ուղեւորութեան միջոցին։
Յովհաննէս նախ եւ առաջ մասնաւոր բարեկամն էր. ան որ իր Տէրոջ սիրտը կը կարդայ, ան որ Անոր մտերմութեան մինչեւ խորերը կը թափանցէ, եւ այս՝ կ՚երեւի, թէ սկսած է այն անմոռանալի ժամէն, երբ հարցուցած էր Անոր. «Ո՞ւր է քու օթեւանդ»։
Կը թուի, թէ Յիսուս անոր նկատմամբ բոլորովին մասնաւոր համակրութիւն մը զգաց. անտարակոյս քանի որ կը զգար, թէ ան էր, որ ամենէն լաւ կը հասկնար զԻնք, եւ թէեւ Պետրոս պահեց միշտ իր առաջնորդութիւնը, թերեւս իր տարիքին, բայց մանաւանդ իր նկարագրին բերմամբ, երբե՛ք չ՚ուզեր կորզել Յովհաննէսէ այն եզական դիրքը՝ զոր ան կը գրաւէր իր Վարդապետին մտերմութեան մէջ։ Ուստի, այս երկու առաքեալներուն բնութիւնները եւ նկարագիրը զիրար կ՚ամբողջացնէին ա՜յնքան հիանալիօրէն։
Քիչ ատենէն Յովհաննէս մնաց միա՛կը բոլոր Առաքեալներէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 20, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/23/2024
- 12/23/2024