ՎԵՐԱՄՈՒՏ Է ԴԱՐՁԵԱԼ
Վերամո՜ւտ է դարձեալ՝ այն յուզումնախառն օրը, բուռն ապրումներով լեցուն պահը՝ երբեմն ոգեւորուած, երբեմն տրտում եւ տխուր, երբեմն շփոթած, եւ երբեմն ալ վրդոված ու տագնապալից։ Վերամուտը զանազան ապրումներու եւ զգացումներու առիթ կ՚ընծայէ ամէնուն։ Կեանքի մէջ չկա՛յ մէկը, որ ապրած չըլլայ իր կեանքին մէջ այդ յուզումները, քանի որ ամէն ոք աշակերտ եղած է, ուսանող եղած է իր կեանքին գոնէ որոշ մէկ շրջանին։ Գէթ մի քանի տարիներ ապրելու առիթը ունեցած է այդ պահը։
Աւելի վերջի շրջաններուն անոնք դարձեալ ապրած են այդ պահերու յուզումը՝ ամուսնացած՝ զաւկի տէր եղած եւ այս անգամ որպէս ծնող, ապրած են այդ պահերը՝ իրենց ուսանող զաւկին հետ, անոր ապրած յուզումներուն միացնելով իրենց զգացումները։
Վերամուտի օրուան համար ըսինք «յուզումնախառն» օր եւ այդ յուզումը անուանեցինք՝ երբեմն ոգեւորութիւն, քանի որ ամէն «նոր», ամէն «սկիզբ», ամէն վերադարձ ոգեւորութիւն կը պատճառէ մարդուս։
Ըսինք նաեւ՝ տրտում եւ տխուր, քանի որ ամէն վերամուտ վերջն է հանգիստ, ազատ դադարի եւ արձակուրդի օրերուն։ Վերամուտը կերպով մը շփոթի զգացումը կ՚արտայայտէ, քանի որ ամէն «նոր» անորոշ է եւ պղտոր, որ ձեւով մը տագնապ կը ստեղծէ մարդուս մէջ։ Եւ դարձեալ վերամուտի օրը վրդովիչ է եւ տագնապազդու, մանաւանդ այն մանուկներու համար, որոնք առաջին անգամ կը բաժնուին մօր ծոցէն՝ տունէն եւ կը սկսին բոլորովին նոր եւ իրենց համար անծանօթ կեանքի մը։ Եւ այս գրիչը երբեք չի՛ մոռնար, այդ պահը, տարինե՜ր առաջ, հօրը ձեռքը բռնած երբ կը մօտենար իր «նոր տան»ը՝ «նոր կեանք»ին եւ արցունք կը թափէր… երբեք մոռնալ կարելի չէ՛, քանի որ այս պահուն իսկ ան կ՚ապրի հինգ տարեկան տղու մը յուզումը, ի՜նչ ըսենք՝ երանելի՜ օրեր…։
Այս եւ նման պահեր ապրած են շատեր անշուշտ իրենց կեանքի որոշ մէկ շրջանին։ Բայց կան նաեւ անձեր՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ապրած են վերամուտի յուզումը, քանի որ անոնք երբեք չեն թողած դպրոցը, ուսումը, դպրութիւնը։ Անոնք որոշ շրջաններու եղած են՝ աշակերտ, ուսանող, եւ սակայն եղած են նաեւ՝ ուսուցիչ, կրթական մշակ։
Անոնց ամբողջ կեանքը լեցուն է վերամուտներով, վերամուտի յուզումնալի հոգեվիճակի ապրումներով։ Նուիրական ազնիւ անձեր են անոնք՝ ուսուցիչներ եւ կրթական մշակներ՝ որոնք երբեք չեն թողած ուսումը՝ ուսանելով եւ ուսուցանելով…։
Եւ ուսուցիչներ յաւերժական ուսանողներ են, քանի որ մարդ ուսուցանելով կ՚ուսանի, սորվեցնելով կը սորվի եւ միշտ ուսանող կը մնայ։
Վերամուտը՝ դպրոցներու վերաբացման շրջանը անոնց համար վերակենդանութեան, կեանքի նորոգման, վերածնութեան երջանիկ օրեր են։
Եւ ահաւասիկ, այս գրիչը ինքզինք միշտ երջանիկ է զգացած, քանի որ իր կեանքը բաժնած է նման նուիրական «ուսանող-ուսուցանող»ի մը հետ, եւ ամէն վերամուտ պարտք կը զգայ հիւրասիրել զինք այս սիւնակներուն մէջ, քանի որ վերամուտը՝ կրթական մշակին ամենէն երջանիկ օրն է։ Ուրեմն սիւնակը, այս վերամուտին եւս կը փոխանցեմ Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի, եւ անոր միջոցով կը շնորհաւորեմ բոլոր նուիրական ու ազնիւ «ուսանող-ուսուցանող»ները…։
Եւ ահաւասիկ Աննիկ Գալփաքճեանի գրութիւնը՝ որ շա՜տ բան կ՚ըսէ մեզի՝ բոլորին։
ԿԵԱՆՔԸ ԴԵՌ ՆՈՐ ԿԸ ՍԿՍԻ
Ամէն վերջաւորութիւն հանգրուան մըն է, եւ սկիզբ մը նոր ուղղութեան մը՝ նոր կեանքի մը։
Երբ կը վերջանան մանկութեան օրերը, կը սկսի պատանութեան շրջանը եւ երբ վերջանայ պատանութեան շրջանը, կը սկսի հասուն մարդուն բուն կեանքը։
Սակայն բան մը կայ, որ երբեք չի՛ վերջանար, միշտ կը սկսի, որն է ուսումը, գիտութիւնը։
Ահաւասիկ այս պատճառով է որ կ՚ըսեն թէ՝ վկայականները ո՛չ թէ ուսման մը վերջաւորութիւնը եւ կատարելութիւնը կը ստուգեն, այլ արտօնագիրն են նոր կեանքի մը՝ ապագայի անյայտ անդաստաններուն մուտ գործելու։
Հասուն է եւ կատարեալ այն մարդը՝ որ գիտէ այս իրականութիւնը, թէ ամէն վերջ սկիզբ մըն է։ Կատարեալ է այն մարդը, որ ընկերական եւ միանգամայն բարոյական կեանք կ՚ապրի՝ զօրաւոր ձեռքով մը աշխարհայինի եւ բարոյականի մենամարտութեան վե՛րջ կու տայ, եւ ամէն մէկուն իր պաշտօնը նշանակելով՝ հաստատ եւ ամուր, անշեղ քայլերով առաքինութեան շաւիղներուն եւ բանաւորութեան լոյսին մէջ կը քալէ, միշտ գիտութեան եւ ուսման օգնութեամբ։
Որովհետեւ այս լոյսը աշխարհի վրայ տարածուելու համար պէտք է որ դաստիարակութեան մէջ շողայ։
Նոր կեանքը՝ բուն իսկ կեա՛նքն է՝ որուն պէտք չէ պակսի լոյսը, եւ որուն պէտք է միշտ համընթաց ըլլայ ուսումը եւ դաստիարակութիւնը։
Տարիներո՜ւ փորձառութեամբ գրուած այս տողերուն ի՛նչ կարելի է աւելցնել, եւ ոչ անգամ մը եւս խորհիլ ուսման, ուսուցման կենսական հարցին մասին, կրթական մշակին կարեւոր դերին մասին, եւ անդրադառնալ վերամուտի օրուան իմաստին եւ խորհուրդին՝ թէ ան ի՜նչ մեծ նշանակութիւն ունի ամէն մէկուն կեանքին նկատմամբ, ապագային համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 18, 2015, Իսթանպուլ