ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ե.)
ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ ԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Կողակցի ընտրութեան պարագային պէտք է ըլլալ իրապաշտ։ Բոլորս ալ մեր միտքերուն մէջ կ՚ունենանք որոշ պատկերացում մը եւ կ՚ուզենք տեսնել մեր կողակիցներուն մօտ անոնց կատարեալ մարմնաւորումը, ինչ որ յաճախ կը դժուարացնէ ամուսնական կեանքը, որովհետեւ մեր կատարելութեան հասնող պատկերացումները ամբողջութեամբ կրնան չհամընկնիլ մեր ընտրած կողակցին հետ:
Ծայրայեղ ակնկալութիւններ ունենալը ինքնաբերաբար մարդս կրնայ առաջնորդել ծայրայեղ յուսախաբութիւններու, որովհետեւ ինչպէս մե՛նք, նոյնպէս ուրիշներ ունին թերութիւններ, համոզումներ, արժէքներ եւ ըմբռնումներ: Յաճախ կը փորձենք մեր կողակցին մօտ փոփոխութեան ենթարկել այդ բոլորը՝ զինք աւելիով նմանցնելու մեր պատկերացուցած կատարեալ պատկերին, սակայն այդ մէկը դրականի փոխարէն ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Պէտք է յիշել, որ ինչպէս մենք ունինք որոշ պատկերացումներ, նոյնպէս մեր կողակիցը ունի իր պատկերացումները, որոնց մենք կրնանք ամբողջութեամբ չհամապատասխանել:
Այս իսկ պատճառով, պէտք է ըլլանք իրապաշտ եւ մեր արժէքներն ու չափանիշերը ճշդենք մարդկային կարողութեան սահմաններուն մէջ։ Չափանիշերու ճկունութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի յարմարուինք հաւանական ամէն տեսակ դժուարութիւններու: Այսօր անձ մը կրնայ համապատասխանել ձեր պատկերացումին, ինչպէս նաեւ դուք կրնաք համապատասխանել անոր պատկերացումներուն, սակայն ո՛չ ձեր ապագայ անձը եւ ո՛չ ալ իր ապագայ անձը այսօրուան նման պիտի չըլլայ, որովհետեւ ժամանակի եւ տարիքի հետ փոփոխական է ամէն բան։ Կեանքը լի է տարբեր-տարբեր անակնկալներով եւ, ցաւ ի սիրտ, ունի զօրութիւնը մէկ օրուան մէջ քանդելու այդ բոլոր պատկերացումները, որոնցմով առաջնորդուիլ փորձած էիք:
Ամէն բանէ առաջ որոշեցէ՛ք, որ ուրիշի մը պատկերացումները կեանքի կոչելու համար պիտի չփոխէք ձեր համոզումներն ու սկզբունքները, որովհետեւ այդ բոլորը փոխելով եթէ երջանկութիւնը գտնել կը փորձէք, կը վստահեցնենք, թէ այդ երջանկութիւնը երբեք պիտի չի յաջողիք գտնել:
Միայն մանկական հեքիաթներու մէջ կեանքը վարդագոյն կը նկարագրուի։ Պէտք է ընդունինք, որ որեւէ զոյգ անպայման պիտի ունենայ տարաձայնութիւններ ու հարցեր եւ սա մարդկային է, որովհետեւ ի վերջոյ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը եկած է տարբեր ընտանիքէ, ստացած է տարբեր կրթութիւն եւ կազմած է տարբեր համոզումներ ու սկզբունքներ։ Զոյգերէն մէկուն համար ճիշդ թուած երեւոյթ մը կրնայ միւսին համար ճիշդ չթուիլ եւ կամ հակառակը:
Իրականութեան մէջ այդ թերութիւնները ամուսնական կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն, որովհետեւ անոնց շուրջ խորհրդածելով, հաղորդակցելով որոշ հասարակաց գիծեր կարելի է ստեղծել եւ անոնց հիման վրայ դաստիարակել ապագայ սերունդները:
Յաճախ կը տեսնենք, թէ զոյգեր կը դժուարանան իրար ընդունիլ այնպէս՝ ինչպէս որ են։ Այս պարագային երկուքի կեանքն ալ կենդանի դժոխքի մը կրնայ վերածուիլ։ Ամուսինի մէկ սխալէն կրնայ նեղուիլ կինը եւ կնոջ նեղուած ըլլալուն հիման վրայ նեղուի նաեւ ամուսինը։ Այդ իսկ պատճառով, կը կարեւորենք զոյգերու յարաբերութիւնները նախքան ամուսնական շրջանը, որովհետեւ այդ ժամանակ զոյգերը կ՚ուսումնասիրեն զիրար։ Ցաւ ի սիրտ, յաճախ սէր կոչուած առեղծուածի լոյսին տակ զոյգեր կը դժուարանան իրենց թերութիւնները տեսնել եւ շատ անգամ ամուսնական կեանքի մէջ կը սկսին այդ բոլորը նկատել ու լրջօրէն նեղուիլ այդ բոլորէն:
Պատկերացումներու մասին խօսելու ժամանակ ամենէն կարեւոր նիւթը, որ զոյգերը պէտք է հետաքրքրէ, հաւասարակշռութիւնն է։ Ցաւ ի սիրտ, հայ զոյգերուն մօտ կը նկատենք, որ հաւասարութիւն հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի։ Հայ ընտանիքներուն մէջ կա՛մ մայրիշխանութիւն կամ հայրիշխանութիւն կը տիրէ եւ այդ մէկը շատ անգամ նախքան ամուսնութիւն արդէն պարզօրէն յստակ կը դառնայ: Յաճախ կը տեսնենք, թէ աղջիկը իր ապագայ կողակիցը իր պատկերացուցած կերպարին վերածել կը փորձէ եւ կամ հակառակը՝ տղան աղջիկը իր պատկերացումին կը փորձէ նմանցնել ու այդ անյստակ պայքարին անունը սէր կը դնեն: Զոյգերու մէջ եթէ եսը կ՚իշխէ, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, թէ այդ մէկը սէր ըլլալէ աւելի պատկերացումներու բռնի իրականութեան փորձ մըն է:
Մենք չենք կրնար մեր կողակիցները ամբողջութեամբ փոխել փորձել, որովհետեւ այդ մէկը անարգանք պիտի ըլլայ թէ՛ իրեն եւ թէ իր ընտանիքին, որովհետեւ անոնց սկզբունքները կրնան նոյնը չըլլալ: Այս բոլորը ի մտի ունենալով հանդերձ՝ զոյգեր իրաւունք ունին որոշ սպասելիքներ ունենալ եւ այդ ակնկալիքներու հիման վրայ կարելի է որոշել տուեալ անձի ամուսնութեան յարմար ըլլալն ու չըլլալը:
Կողակիցը փոխել փորձելը կրնայ ժխտականէն անդին ունենալ նաեւ դրական կողմեր, սակայն այդ մէկը լուրջ գիտակցութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ ո՛չ պոռալով, ո՛չ կռիւով եւ ոչ ալ խռովութեամբ անձի մը մէջ կարելի է փոխել նկարագրի եւ սկզբունքային գիծեր:
Յաճախ մարդիկ կը հաւատան, թէ մարդոց մէջ կարելի չէ փոխել համոզումները եւ սկզբունքները, սակայն մենք կը հաւատանք, որ իսկական ու կատարեալ սէրը կրնայ այդ մէկը ընել, որովհետեւ սիրող զոյգեր իրենց պատկերացումները իրար պարտադրելու փոխարէն զոհողութեամբ եւ ամենէն կարեւորը՝ ինքնակամութեամբ ժամանակի ընթացքին կը փոխուին՝ դարձեալ հաւասարութեան վիճակի մէջ: Ամուսնութեան մեծագոյն դժբախտութիւններէն մին է տեսնել, որ մէկ կողմը յանձն կ՚առնէ զոհուիլ ու դառնալ միւսին պատկերացումներուն համապատասխան, սակայն միւս կողմէն ո՛չ մէկ քայլ կը տեսնուի: Ամուսնութիւնը ոտքի պահողը ո՛չ կինն է եւ ո՛չ ալ մարդը. անոնց միատեղ ջանքն ու զոհողութիւնները կը ստեղծեն սէրը, որ ամուր ընտանիքի մը հիմքը կը կազմէ: Նոյնն է պարագան, երբ զոյգերու պարագային միշտ մէկ կողմը զիջի:
Երկուստեք իրապաշտ ըլլալը կ՚օգնէ, որպէսզի կեանքի ալեկոծութեան մէջ միասին նաւարկէք: Վերոյիշեալ դժուարին պայմաններէ հեռու մնալու համար մեծապէս կը կարեւորենք սիրոյ ժամանակ տրամադրել եւ չաճապարել, որովհետեւ զոյգերու յարմար ըլլալն ու չըլլալը քանի մը օրուան ընթացքին հասկնալու հարց մը չէ եւ ան, որ կ՚ուզէ առողջ ընտանիք մը կազմել, պէտք է համբերէ եւ ոչ-վարդագոյն աչքերով քննէ կեանքը, անոր բոլոր դժուարութիւնները եւ անոնց դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ի՞նչ է ականջի խշշոցը։
Պատասխան.- Ականջներուն մէջ լսուած զնգոցն ու բզզոցը կրնայ տարբեր պատճառներով յառաջանալ. ինչպէս՝ տարիքի հետ կապուած լսողութեան կորուստ, բարձր ձայներու ազդեցութիւն, ականջի մոմերու խցանում եւ կամ տարբեր հիւանդութիւններ:
Ականջին մէջ լսուած բզզոցը կրնայ շարունակական ըլլալ եւ կամ ընդհատուող: Այդ ձայները ընդհանրապէս կապուած կ՚ըլլան լսողութեան խանգարման հետ. օրինակ՝ լսողական համակարգի խանգարում կամ դեղերու կողմնակի ազդեցութիւն: Պարզ թուացող այդ ձայնը կրնայ շատ անգամ լուրջ խնդիրներու պատճառով յառաջանալ, հետեւաբար ծայրայեղ կրկնութեան պարագային բժշկական օգնութեան դիմելը անհրաժեշտ է:
(Յաճախ այդ բզզոցը լսելով կ՚ըսենք, թէ «մեր վրայ կը խօսին»։ Արհեստական բանականութիւնը այս մէկը կը կոչէ սնահաւատութիւն ու ժողովրդական համոզում, որ ո՛չ մէկ գիտական ապացոյց ունի):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024