ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ի.)
Յաջողութեան ճամբուն վրայ դժուարութիւնները անխուսափելի են, սակայն, պէտք է լաւապէս հասկնալ, թէ այս սխալները արդիւնք են արտաքին հանգամանքներու, թէ ոչ սեփական հոգեբանութեան, որովհետեւ դժուարութիւններու մեծամասնութիւնը արտաքին հանգամանքներէ աւելի ծնունդ կ՚առնէ բացասական մտածողութենէն, վախէն, որոնք մեծապէս կ՚ազդեն մարդու ընտրութիւններուն եւ որոշումներուն վրայ: Այս հոգեկան վիճակը մարդուն մօտ կը ստեղծէ ինքնահաստատման պակաս, անհանգստութիւն, որովհետեւ մարդկային տկար բնաւորութեամբ մարդ արարածը ատակ է աւելիով կեդրոնանալ իր դժբախտութիւններուն ու մտահոգութիւններուն վրայ՝ քան յաղթանակներուն եւ ինքնակատարելագործման:
Հետեւաբար ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ յաջողութիւնը առաջին հերթին մարդուն մօտ սկիզբ կ՚առնեն եւ անոր մօտ վերջ կը գտնեն. վախն ու յոյսն են, որոնք մարդուն մէջ պայքար կը մղեն եւ վերջաւորութեան կը յաղթէ ան՝ որ զօրաւոր է: Դժբախտութիւնն ու յաջողութիւնը նախ եւ առաջ ծնունդն են մարդու լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան. այն անձը, որ համոզուած է, թէ չի կրնար, համոզուած է, թէ պիտի ձախողի, ինչպէ՞ս կրնայ սպասել յաջողութեան հասնիլ. յոռետեսութիւնը մտաւոր թակարդ մըն է, որ մարդիկը ձախողութեան կ՚առաջնորդէ, անոնց մէջ սպաննելով այն յոյսը՝ որ յաջողութեան ճամբան պիտի լուսաւորէր:
Աշխատանքի մէջ պէտք է փոքր աճն ու լաւ արդիւնքը տեսնելով անտեսել մեծ դժբախտութիւնը եւ կեդրոնանալ այդ լաւատես պայմանին վրայ: Ժխտականին մասին մտածելը բնականաբար ժխտականը պիտի բերէ, որովհետեւ ձախողութեան մասին շատ մտածելը ինքնին ձախողութիւն մըն է: Անձի մը հիւանդութենէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցը առողջ ու լաւ օրերու վերադարձին մտածելն է չէ՞. նոյնն է նաեւ յաջողութեան ու ձախողութեան պարագային։ Ձախողած անձը կրնայ դուրս գալ իր կացութենէն պարզապէս իր յաջող օրերուն երազն ու մտածումը ունենալով: Սակայն, այս մէկը պէտք է ունենայ միջին սահման մը. մծայրայեղութենէն մին դժբախտութեամբ տարուիլն է, իսկ միւս ծայրայեղութիւնը եսասիրութիւնն է. կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, որ իրենք երբեք չեն կրնար ձախողիլ։ Յաջողութեան հասնելու նախապայմաններէն մէկը եսասիրութիւնը խեղդելով շատ անգամ սեփական սխալներն ու ձախողութիւնները ընդունիլն է։ Եսասիրութիւնը վնաս է յաջողութեան, որովհետեւ եսասէր մարդը երկարաժամկէտ շահերը գերադասելու փոխարէն կարճաժամկէտ փոքր շահերը առաջնահերթ կը նկատէ եւ ժամանակ մը ետք կը վարժուի այդ ձեւին:
Պէտք է պահել միջինը, սակայն ունենալ նախաձեռնող միտք. յայտնի մտածում մը կ՚ըսէ. «Այն մարդը, որ ոչինչ կը վտանգէ՝ ոչինչ կ՚ունենայ»:
Պէտք է գիտնալ, որ յաջողութիւնը բարձր պաշտօններ զբաղեցնելու մէջ չէ. յաջողութիւնը ամենէն պարզին մէջ անգամ բարձրանալու նպատակ ունենալուն մէջ է։ Տարիներ առաջ յայտագիրի մը ընթացքին հաղորդավարը հարց կու տայ պատանիի մը, որ երբ մեծնայ, ի՞նչ կ՚ուզէ դառնալ. պատանին կը պատասխանէ, թէ կ՚ուզէ դառնալ գետինները աւլող ու մաքրող. հաղորդավարը կը ծիծաղի, սակայն պատանին կ՚աւելցնէ հետեւեալը. «կ՚ուզեմ այստեղի մաքրողը դառնալ, որպէսզի սորվիմ, թէ ինչ կ՚ընես, որպէսզի երբ հանգստեան կոչուիս տեղդ անցնիմ». հիմա դուք ըսէք, օդաչու ըսե՞լը աւելի շօշափելի է, թէ այս մէկը:
Այս բոլորը կեանքի կոչելու համար պէտք է հեռու մնալ անամբարտաւանութենէն։ Հպարտութիւնը եւ մանաւանդ գոռոզութիւնը մարդը յաջողութեան չի տանիր. ո՛չ ալ անոր ունեցած յաջողութեան վրայ նորերը կ՚աւելցնէ. Իսկապէս յաջող է այն մարդը, որ ո՛չ թէ ինք, այլ իր գործերը իր մասին կը խօսին ու կը վկայեն: Ձախողութեան պարագային խօսեցանք արբեցութեան մասին, սակայն մարդ կրնայ արբենալ իր յաջողութիւնով ալ. այդ մէկը եւս վտանգաւոր է ինչքան ոգելից ըմպելիքը, որովհետեւ սեփական յաջողութեան վրայ սիրահարուող անձը չի կրնար ապագայ յաջողութիւններուն պատրաստուիլ. պէտք է գնահատել սեփական անձը եւ նոյնիսկ վարձատրել, սակայն, գերին չըլլալ ո՛չ յաջողութիւններուն եւ ոչ ձախողութիւններուն։ Այսօր աշխարհի պատմութիւնը լեցուն է ինքնասպան մարդոց անուններով, որոնք յաջողութեամբ արբենալէ ետք առաջին իսկ ձախողութեան դիմաց պարտուած ու վերջ տուած են իրենց կեանքին. գուցէ ձախողութենէն ետք գար այլ, գուցէ շատ աւելի մեծ յաջողութիւն մը... սակայն, շատերը գերի կը դարձնէ յաջողութիւնը, որ ինքնին ձախողութիւն մըն է:
Յաջողութիւնը կամայ թէ ակամայ պատճառ ու առիթ կ՚ըլլայ ուրիշներու յաջողութեան. պէտք է աւելիով յաջողելու համար արդար ըլլալ նման յաջողութեան մը պարագային. ժողովրդական խօսքը կ՚ըսէ, որ լաւագոյն գործերը կուշտ փորով կարելի է ընել, այդ իսկ պատճառով պէտք է լաւ վարձատրել թէ՛ սեփական անձը եւ թէ աշխատողները, որոնք յաջողութեան սիւնն են:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է աշխատողը լաւ վարձատրելը:
Պատասխան. Աշխատողը լաւ վարձատրելը կարեւոր է, որովհետեւ մեծապէս կ՚ազդէ անոր կատարած գործին եւ կ՚աւելցնէ անոր արտադրողունակութիւնը եւ կազմակերպութեան հանդէպ կը ստեղծէ հաւատարմութեան զգացում: Արդար փոխհատուցումը կը խթանէ զիրենք եւ կը բարձրացնէ յարգանքը. լաւ վարձատրուող աշխատողը շատ աւելի ներգրաւուած կ՚ըլլայ եւ նորարար միտքերով լեցուն, որ մեծապէս կ՚օգնէ աշխատանքի ընթացքը բարելաւելու։ Նման ընթացք մը օգուտ կը բերէ թէ՛ աշխատակիցին եւ թէ կազմակերպութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024