ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հաւատքը՝ իր ամենալայն առումով, զօրութի՛ւն մըն է, ներուժ մըն է, որ մարդուս վստահութիւն կը ներշնչէ եւ կեանքին ամուր կերպով կապուելուն, նեղութիւններու տոկալուն պատճառ կ՚ըլլայ։ Հաւատքով է, որ մարդուս տարողութիւնը կ՚աւելնայ ամէն դժուարութիւններու նկատմամբ եւ կենդանացուցիչ զօրութեամբ կը բարձրացնէ եւ միշտ բարձր կը պահէ տրամադրութիւնը։

Աւելի յատուկ իմաստով, հաւատքը, մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ. իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։

Հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահութիւն, քանի որ հաւատքը հաստատ համոզում կը նշանակէ, որ ինքնավստահութեան համար անհրաժեշտ տրամադրութիւն մը, հոգեվիճակ մըն է։ Մարդ, հաւատացածին կը վստահի եւ վստահածին կը հաւատայ։

Իր սիրոյն անհունութենէն բխող «Յայտնութեան» միջոցով, Աստուած, որ անտեսանելի է, Իր խօսքը կ՚ուղղէ մարդոց իբրեւ Իր «բարեկամ»ներուն, կը խօսի, կը զրուցէ անոնց հետ, կը հրաւիրէ, որ մտնեն Իրեն հետ հաղորդութեան մէջ. մտերմանան, ապա կ՚ընդունի զանոնք այս «հաղորդութեան» մէջ։

Ահաւասի՛կ, այս հրաւէրին համազօր պատասխանը մարդուն՝ «հաւատք»ն է։ Եւ այս իմաստով հաւատք՝ «Աստուած ճանչնալ» կը նշանակէ։

«Հաւատք»ով՝ մարդը իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ Ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։ Սուրբ Գիրքը «հաւատքի հնազանդութիւն» կը կոչէ մարդուն այս պատասխանը յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ։

Հաւատքը մարդուն նախ «անձնական փարում»ն է Աստուծոյ։ Ան միաժամանակ եւ անբաժանելիօրէն «ազատ հաւանութիւն»ն է Աստուծոյ յայտնած ամէն ճշմարտութեան։ Քրիստոնեայ հաւատքը իբրեւ անձնական փարում Աստուծոյ եւ հաւանութիւն՝ Անոր յայտնած ճշմարտութեան, տարբեր է մարդկային անձի մը ընծայուած հաւատքէն։ Արդար եւ բարի է լիուլի վստահիլ Աստուծոյ եւ բացարձակապէս չտարակուսիլ, չվարանիլ՝ բացարձակօրէն հաւատալ Անոր ըսածին։ Ուրեմն, «հաւատալ»՝ համազօր է «վստահել»ու։ Բայց ընդունայն պիտի ըլլար եւ թիւր՝ նման հաւատք մը՝ բացարձակ վստահութիւն մը դնել արարածի մը վրայ, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ԵՐՄ. ԺԷ 5-6), (ՍԱՂՄ. ԼԹ 5), (ՍԱՂՄ. ՃԽԶ 3-4)։ Աստուած ամենակատարեալն է, բայց մարդը անկատար, եւ ուրեմն վստահութիւնն ալ տարբեր պէտք է ըլլայ Աստուծոյ եւ մարդուն վրայ։

Քրիստոնեային համար, հաւատալ Աստուծոյ անբաժանելիօրէն հաւատա՛լ է Անոր, զոր Աստուած ղրկեց, «Իր սիրելի Որդի»ին, որուն մէջ դրած է Իր ամբողջ հաճութիւնը եւ հաւանութիւնը։ Աստուած ըսաւ, որ զԻնք ունկնդրենք։ Տէրը Իր հերթին կ՚ըսէ Իր աշակերտներուն. «Հաւատացէք Աստուծոյ, հաւատացէք նաեւ Ինծի». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 1)։

Մենք կրնանք հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի, որովհետեւ Ան Աստուած է, մարմնացեալ Բանն է. «Ո՛չ ոք Աստուած տեսաւ երբեք, բայց Միածին Որդին, որ Հօր ծոցն է, Ան յայտնեց մեզի». (ՅՈՎՀ. Ա 18)։ Քանի որ Ինք «տեսաւ Հայրը». (ՅՈՎՀ. Զ 46), ուստի միա՛յն Ինք կը ճանչնայ զԻնք եւ ունի իշխանութիւն զԻնք յայտնելու. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27)։

Անհնար է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի առանց Անոր Հոգիին մասնակցելու։ Սուրբ Հոգին է, որ կը յայտնէ մարդոց, թէ ո՛վ է Յիսուս։ Որովհետեւ «ո՛չ ոք կարող է ըսել.- Տէր է Յիսուս, եթէ ո՛չ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 3)։

«Հոգին կը քննէ ամէն ինչ, մինչեւ իսկ խորութիւնն Աստուծոյ…։ Ո՛չ ոք գիտէ Աստուծոյ խորհուրդները, բացի Աստուծոյ Հոգիէն». (Ա ԿՈՐՆ. Բ 10-11)։ Միա՛յն Աստուած կը ճանչնայ Աստուած կատարելապէս։

Մենք կը հաւատանք Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ Աստուած է։ «Հաւատամք ի մի Աստուած՝ ի Հայրն ամենակալ… Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ… Հաւատամք եւ ի սուրբ Հոգին, յանեղն եւ ի կատարեալ…»։

Հաւատքը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով մենք կը հաւատանք Աստուծոյ եւ Անոր յայտնածներուն, զորս Սուրբ Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի հաւատալ, որովհետեւ Աստուած նոյն ինքն Ճշմարտութի՛ւնն է։ Հաւատալով «մարդ ինքզինք ամբողջովին եւ ազատօրէն կը յանձնէ Աստուծոյ», եւ այս պատճառով հաւատացեալը կը փնտռէ ճանչնալ եւ կատարել Աստուծոյ կամքը։

«Արդարը պիտի ապրի հաւատքով», (ՀՌՈՄ. Ա 17)։ «Կենդանի հաւատքը կը գործէ սիրով». (ԳԱՂ. Ե 6)։ Ուրեմն հաւատք եւ սէր սերտօրէն կապուած են իրարու, եւ անբաժանելիօրէն մարդս կ՚առաջնորդեն աստուածճանաչութեան, քանի որ «Աստուած սէր է»։ Եւ հաւատքը սիրով կը ներգործէ մարդուն եւ կը գործէ ուղղակիօրէն եւ կենդանի կը պահէ հաւատքը։ Հաւատքը եւ հաւատքին պարգեւը կը մնայ այն անձին մէջ՝ որ չէ մեղանչած անոր դէմ. բայց «առանց գործերուն՝ հաւատքը մեռած է». (ՅԱԿ. Բ 26)։ Յոյսէն եւ սէրէն զրկուած հաւատքը հաւատացեալը լիովին չի միացներ Քրիստոսի եւ չ՚ըներ զինք կենդանի անդամ Անոր Մարմինին։

Ուստի, պէտք չէ միայն իրեն պահել հաւատքը եւ ապրիլ զայն մինակ, այլ նաեւ պէտք է դաւանիլ, վկայել անոր վստահութեամբ, հետեւելով Անոր՝ Խաչի ճանապարհին վրայ՝ ապրի եւ ապրեցնէ հաւատքը՝ ցոյց տալով անոր զօրութիւնը եւ կարողութիւնները։

Հաւատքին ծառայութիւնը եւ վկայութիւնը անհրաժեշտ է փրկութեան համար. «Ո՛վ որ Զիս դաւանի մարդոց առջեւ, Ես ալ զինք պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է. իսկ ո՛վ որ ուրանայ Զիս մարդոց առջեւ՝ Ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է». (ՄԱՏԹ. Ժ 32-33)։ Հաւատքը վկայութիւն կը պահանջէ։

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ երկար ժամանակ անձրեւ չէր տեղար, ուստի երաշտ կը տիրէր եւ անշուշտ ասիկա մեծ մտահոգութիւն էր պատճառած գիւղացիներուն։ Ուստի մտադրեցին դիմել գիւղի քահանային, որ հաւաքէ գիւղացիները գիւղի եկեղեցին եւ հաւաքաբար աղօթեն որպէսզի անձրեւ տեղայ։

Գիշեր մը ամբողջ գիւղը, քահանային առաջնորդութեամբ հաւաքուեցաւ եկեղեցին եւ գիւղացիներ սկսան մասնակցիլ քահանային աղօթքին։

Հազիւ թէ աղօթքը վերջացած էր, տեղատարափ անձրեւ մը սկսաւ. բոլոր գիւղացիները ուրախութեամբ դիմաւորեցին անձրեւը։ Բայց որովհետեւ տեղատարափը շատ զօրաւոր էր եւ գիւղացիները պատրաստ չէին այդ տեղատարափին, ոչ մէկը կրցաւ եկեղեցիէն դուրս գալ. կարծես բանտարկուած էին եկեղեցիին մէջ։

Բայց փոքր աղջնակ մը, բացաւ իր հետ բերած հովանոցը եւ ինքնավստահ դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ ուղղուեցաւ դէպի տունը։

Եկեղեցին ամբողջ ապշահար կը դիտէր տեսարանը՝ տեղատարափը եւ հովանոցով աղջնակին դէպի տուն երթալը…։ Յանկարծ քահանային ձայնը լսուեցաւ. «Ահաւասի՛կ, սիրելի գիւղացիներ, ահաւասիկ ճշմարիտ հաւատացեալը, իրապէս հաւատքի տէր, Աստուծոյ ամբողջութեամբ վստահող անձը…»։

Աղջնակը ա՛յնքան հաւատք ունէր, ա՛յնքան վստահ էր Աստուծոյ ամենակարողութենէն, որ պատրա՛ստ եկած էր եկեղեցի՝ աղօթելու համար որ անձրեւ տեղայ…։

Ահաւասիկ, ա՛յս է ճշմարիտ հաւատքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 24, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020