ԻՐԱՒ ՀՈՎԻՒԸ ՔԱ՛Ջ Է

«Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար». (ՅՈՎՀ. Ժ 11)։

«Բարի հովիւ»ը՝ «իրա՛ւ հովիւ»ն է, եւ իրաւ հովիւը «քա՛ջ» է, քանի որ ան իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։ Արդարեւ, «բարի»ի, «իրաւ»ի եւ «քաջ»ի միջեւ կայ ներքին կապ մը՝ որոնք կը ստեղծեն անձնուէր անձնաւորութիւնը։ Անձնուիրութիւնը մարդկային բարձրագոյն արժէքներէն մին է՝ որ ցոյց կու տայ չափը մարդուս առաքինութեան եւ ազնուութեան։

Առաքինութիւնը եւ ազնուութիւնը կը հասնին իրենց գագաթնակէտին անձնուիրութեամբ՝ որ ցոյց կու տայ քաջութեան առաւելութիւնը միւս յատկութիւններու նկատմամբ։ Քաջութիւնը, այս իմաստով բարձրագոյն արժէք մըն է մարդկային կեանքին մէջ։

Արդարեւ, հովիւ ըլլալ, կը նշանակէ անձնուէր ըլլալ, իսկ անձնուէր ըլլալու համար ալ պէտք է քա՛ջ ըլլալ։ Եւ «հովիւ»ի այս լայն նշանակութեան մէջ՝ «հոգեւոր հովիւ» ըլլալ յատուկ իմաստ մը ունի. հոգեւոր հովիւը ո՛չ միայն իր կեանքով եւ իր տիպարով իր հօտին՝ իր հաւատացեալ ժողովուրդին ուղիղ ճամբան ցոյց կու տայ, այլեւ մանաւանդ զանոնք կ՚առաջնորդէ դէպի ուղիղ ճամբան։ Այս ալ կը նշանակէ՝ որ ո՛չ միայն մտածում եւ խօսք, այլեւ յատկապէս գո՛րծ՝ պէտք է կատարեալ կերպով կատարելու համար հովուական նուիրական պարտականութիւնը՝ հոգեւոր ծառայութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ անձնուիրութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ քաջութի՛ւն։

Անշուշտ, անձնուիրութեան համար պայման է «ծառայութեան գիտակցութիւն» ունենալ, իւրացնել զայն եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Արդարեւ, հոգեւոր ծառայութիւնը եթէ սահմանափակ մնայ միայն պաշտօնի հասկացողութեան ըմբռնումին մէջ, հոն կարելի չ՚ըլլար խորհիլ եւ խօսիլ անձնուիրութեան մասին, քանի որ անձնուիրութիւնը պաշտօնը կատարելէ շատ աւելի լայն մտադրութիւն մը կը պահանջէ։

Ուստի, անձնուիրութիւնը կ՚ենթադրէ ուրիշներուն ամէն տեսակ հոգերուն, նեղութիւններուն մասնակից ըլլալ՝ անոնց հետ զգալ եւ ապրիլ նոյն նեղութիւնները, զգալ նոյն հոգերը։ Արդարեւ, իրաւ եւ քաջ հովիւը, իր հօտին հոգերուն չի մօտենար առարկայական մերձեցումով, այլ՝ ենթակայակա՛ն։ Քաջ հովիւին համար իր ժողովուրդին հոգերը եւ նեղութիւնները իր իսկ հոգերը եւ նեղութիւններն են։

Անձնուիրութեան եւ քաջութեան պայմաններէն է նաեւ՝ համբերատարութիւնը, որուն անմիջական ընկերակիցն է՝ հանդուրժողութիւնը։ Քաջ հովիւը երբեք չի՛ վհատիր, չի զզուիր, չի յուսալքուիր, այլ հանդուրժելով ամէն անգելքի, ամէն հակառակութեան, կատարեալ համբերատարութեամբ կը շարունակէ իր հոգեւոր-նուիրական ծառայութիւնը՝ քաջալերելով նաեւ իր հօտը, որպէսզի տոկան, դիմադրեն ամէն նեղութեան եւ դժուարութեան։

Քաջ հովիւը ներողամիտ է նաեւ։ Արդարեւ, ներողամտութիւնը հետեւանքն է հանդուրժողութեան եւ համբերատարութեան։ Ան երբեմն կը սաստէ, կ՚ազդարարէ, կը զգուշացնէ իր հօտը, պարզապէս օգնելու համար իրենց շիտակ բայց նոյնքան դժուարութիւններով լեցուն ճամբուն մէջ։

Քաջ հովիւը իր կեանքի գինով կը պահէ եւ կը պաշտպանէ իր հօտը, քանի որ ան նուիրուած ոգիով կը ծառայէ անոնց եւ այդ կերպով ծառայած կ՚ըլլայ անոնց Արարչին՝ Աստուծո՛յ։

Արիութեամբ եւ քաջութեամբ ծառայել նկարագիրն է քաջ հովիւին։ Ան անկեղծ է նաեւ իր նուիրական ծառայութիւններուն, զգացումներուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ։ Ան կ՚ապրի ուղիղ կեանքով եւ իրական «տիպար» մը կը հանդիսանայ իր հօտին, իր կոչումին հաւատարիմ է ան միշտ, համոզուած եւ իւրացուցած է ծառայութեան գիտակցութիւնը, եւ զայն ընդունած է որպէս ապրելակերպ, եւ դարձեալ, իր օրինակով, նոյն գիտակցութիւնը կը ներշնչէ իր հօտին։

Քաջ հովիւը արժէ՛ք մըն է մարդկային ընդհանուր կեանքին մէջ՝ ուր յաճախ կը պակսին, կը բացակային «արժէք»ներ։

Քաջ հովիւը միշտ հեզ է եւ խոնարհ եւ միշտ մօտիկ իր ժողովուրդին՝ իր հօտին։ Արդարեւ ան ունի Յիսուսի իշխանութիւնը եւ զօրութիւնը՝ հեզութեան, խոնարհութեան, մտերմութեան եւ կարեկցական եւ քնքշութեան իշխանութիւնը եւ զօրութիւնը։ Քաջ հովիւը իրեն միշտ տիպար ունի Յիսուսը՝ որ իր երկրային կեանքի մեծամասնութիւնը անցուց ճամբաներու վրայ, ժողովուրդին մօտ՝ անոնց հետ։ Ան միշտ խոնարհութիւն ցոյց տուաւ ժողովուրդին նկատմամբ. ո՛չ թէ պոռալով եւ ամէնուն ըսելով, թէ Ինք Մեսիան է, աղմուկ եւ փող չէ՛ր ըսելիքներուն միջոցը եւ կամ երբ հրաշք մը կը կատարէր, աղմուկ եւ փող չէր հնչեցներ. Ան պարզապէս մօտիկ եւ մտերիմ էր ժողովուրդին։ Ան իրական Քաջ Հովի՛ւն էր եւ է՛…։

Քաջ հովիւը միայն աղօթքի պահուն է որ մեկուսի քաշուած Հօր հետ կապ կը հաստատէր եւ այն ատեն ալ միշտ կ՚աղօթէր իր հօտին համար։

Ահաւասիկ Քաջ Հովիւին՝ Յիսուսի օրինակով, ամէն մէկ քաջ հովիւ պէտք է մօտենայ իր հօտին՝ ժողովուրդին։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է «Քաջ Հովիւ»ին տիպարը եւ պէտք է սորվիլ՝ մարդոց մօտ ըլլալ եւ մտերիմ անոնց հետ, անկեղծութեամբ եւ նուիրականութեամբ, եւ հեռո՛ւ այն ամէն մոլութիւններէն՝ որոնք կը թունաւորեն իր կեանքը եւ արգե՛լք կը հանդիսանան իր առաքելութեան։ Ուստի քաջ հովիւը առ այդ ունենալու է Յիսուսի հեղինակութիւնը եւ զօրութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 21, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019