ՎԵՐՋԻՆ ՄՈՄԸ ԴԱԴԻՎԱՆՔՈՒՄ

«Այսօր Դադիվանքում ռուսական դրօշի, ռուս խաղաղարարների,
զրահամեքենաների ահարկու հայեացքի ներքոյ իմ վերջին մոմը վառեցի»
ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ, Զինուորական Թղթակից 
11/14/2020

ԿՈՎԿԱՍ ԿԸ ՎՏԱՆԳՈՒԻ

Ինն ամիսներ անցան Հարաւային Կովկասի յանկարծական եւ ամենէն կործանարար պատերազմէն ի վեր ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ Արցախի եւ հասցուցին հայոց պարտութեան սրտաճմլիկ եւ օրհասական օրը։ Ի պատիւ իրեն, Ջանիկեան այնքան սրտագին աւաղելով կու տար նաեւ «Պայքար»ի վերջին համարին մէջ իր մոմավառութեան լոյսին տակ լրիւ, անհաւատալի, ցուցակը այն բոլոր 79 վանքերուն եւ ուխտավայրերուն, որոնք պիտի անցնին Ատրպէյճանի ձեռքը։ Նոյնպէս բարձրօրէն գնահատելի էր «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ կարդալ Երեւանէն Քրիսիտինա Աղալարեանի առաջին անգամն ըլլալով ընդարձակ եւ համատեղելի հայ վանքերն ու եկեղեցիները՝ ցրուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքին։

Սաստիկ ռմբակոծումներով քանդուեցան մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու   շրջանի հայաբնակ գիւղերը, եւ մեծ տէրութիւններ ինչի՛ կը սպասէին հայոց իրաւունքն ու արդարութիւնը պաշտպանելու համար, ո՛չ թէ խօսքով, այլ բանակի ուժով։ Աւելին՝ այս պարտութենէն ետք Հայաստանի սահմաններուն հետ կապուած ի՛նչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան։ Ե՞րբ եւ ի՛նչպէս պիտի սահմանուի նաեւ Արցախի Հանրապետութեան գոյավիճակը։ Պատասխանը ուշ եւ անորոշ տրուեցաւ հիւսիսէն գաղտնօրէն ստորագրուած ծուռ եւ կոպիտ պայմաններու «շնորհաբաշխումներով» զեղծարար թուղթի մը համաձայնութեամբ։ Ռուսական խաղարարար ուժեր փրկեցին կացութիւնը գոնէ առժամաբար Ջանիկեանի այդ մէկ մոմի լոյսին տակ։ Իսկ այդ թուղթին հետ խաղալ չ՚արժեր, որքան ատեն որ հոն պատմութիւնը կը կեղծուի եւ աստուածային կոթողները կ՚ոտնահարուին։

Եթէ երեսուն տարիներ առաջ Ռուսաստան սրբագրեց սովետական սերունդի մնացորդացը այն ատեն, այսօր բաւական ուշ եւ զգոյշ, նոյն հզօրագոյն ռուս պետութիւնը ներկայ կացութեան տէրը դարձաւ, ներքին քմծիծաղով մը թէեւ, ուզենք կամ չուզենք։ Կրակի դադրեցումն ու խաղաղարար ուժերու կայունութիւնը երաշխիքը եղան արեամբ մեծագոյն գնով նահատակ մեր երիտասարդներուն, գէթ շունչ մը առնելու առիթը տալով, եւ ոչ թէ մեղաւորներ փնտռելու տենչով։ Դժբախտաբար քաղաքամայր Երեւան կ՚եռեւեփի ցոյցերով, առանց յետագայի մեծագոյն վնասներն ու հաւանական անակնկալները հաշուի առնելու։

Ռուսաստան վերջապէս «յիշեց», որ Ղարաբաղը միայն որպէս «ողորմութիւն» ձրի  տրուած էր Ատրպէյճանին, առանց պատմական որեւէ հիմքի, մինչ անդին մեծ տէրութիւններ միայն կէսբերան խրատներ կ՚արձակէին, միայն լսելի։ Անողոք յարձակման ենթարկուեցաւ նաեւ պատմական Շուշին, ու անոր յանձնումը նոյնքան խռովիչ ու մտահոգիչ։ Սրտի տագնապ մը անցուց Արցախի թեմին նուիրեալ Թեմակալ Առաջնորդը։

ՍԵՒԱԳԻՐ ԹՈՒՂԹԸ

Պատմական, մշակութային, կրօնական եւ աշխարհաքաղաքական տուեալները բոլորովին ուրանալով Ատրպէյճան յամառօրէն պահանջեց Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, ուրանալով որ հայոց բնակավայրը եղած է ան դարեր շարունակ, եւ միայն հարիւր տարի առաջ մարաջախտ Ստալին կատարած էր անարդար եւ կոպիտ այդ սխալը՝ զայն կցելով Ատրպէյճանին, ճիշդ այնպէս ինչպէս յանձնեցին Նախիջեւանի մարզը նոյն հակառակորդին։

Եւ ի՛նչ հեգնանք սեւագրուած թուղթը Հայաստանի միջով «նրբանցք» մըն ալ կը պահանջէ եղեր ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ գրաւեալ հայկական Նախիջեւանի։ Սա ի՛նչ անհաւասար ու յաւակնոտ ստորագրութիւններ, երբ Հայաստանի վարչապետը ստիպման տակ վայրկեան մը իսկ առիթը չունեցաւ քննելու եւ սրբագրելու որոշ յօդուածներ, որպիսին եղաւ այդ ճակատագրական ու անպատուաբեր «նրբանցք»ը։ Այդ վատոգի վերջին յօդուածը ի՞նչ կապ ունի Ղարաբաղի խնդրոյն հետ։ Ռուս հովանաւորներ այդ նրբանցքին վրա՞յ եւս խաղարարի դերը պիտի կատարեն, երբ Ատրպէյճանի սահմանապահներ իսկոյն երեւան անոր երկայնքին։ Վարչապետ Փաշինեան «չէ կրցած» կամ լաւ եւս «չէ ուզած» նոյնիսկ խորհրդակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանին հետ, որուն ի պատիւ պէտք է ըսենք, որ անյապաղ ու անկեղծօրէն ձեռք առաւ դժբախտ կացութիւնը՝ իրաւական ու սահմանադրական ուղի մը գծելով։ Նախագահը կրկնապէս ողջունելի է, որ ինք կապ մը չէ ունեցած այդ սեւագրութեան հետ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
ՄԻԱԿ ԵԼՔԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեան իր ձայնը բարձրացուց ի տես Երեւանի բազմութեան բողոքին ու անկարգութեանց, որոնք կրնան տակաւին քաղաքացիական բարդութեանց յանգիլ։ Եթէ համաձայնութիւնը միակ բարիք մը ունեցաւ, ինքն իր մէջ շատ թանկ, այն ալ յայտնապէս կրակի դադրեցումն էր, առանց որուն ա՛յլ կերպարանք պիտի ստանար դժոխային կացութիւնը։ Հայաստան պիտի շարժէր միայն հրադադարով եւ ոչ կռիւներու շարունակութեամբ։

Ինչպէս նախկին նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան խոր մտահոգութեամբ ազդարարեց իր վերջին դիտողագրին մէջ «Այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած է, արանքին կը մնայ Արցախ աշխարհը՝ ցաւալիօրէն կ՚անդամահատուի ու կը փոքրանայ։ Գլխահակ ու տխուր է հայկական երբեմնի հզօր Սփիւռքը»։

Հանրապետութեան նախագահը անմիջական քայլեր առնելու թելադրանքներ ըրաւ, ընդ որս կառավարութեան եւ վարչապետին հրաժարականը պահանջելով։ Կասկած չկայ, որ նախագահը ազնուագոյն կարեւորութեամբ մօտենալով հարցին, վարչապետը չէ որ կը պաշտօնազրկէր, եթէ վերջինս իրապէս հրաժարէր, այլ խառնակ եւ վրդով կացութիւնն էր, զոր փրկել կը փորձէր, նոյնիսկ դիմելով միջազգային պետական անձանց։ Մեր վախը պահ մը փարատեցաւ անցեալ շաբթու արտահերթ ընտրութիւններէն ետք, երբ լսեցինք նախագահին ու վարչապետին հաւանական գործակցութիւնը, հակառակ անոր որ նախագահը արտահերթ ընտրութեանց դիմելու նոյնքան անմիջական տարբերակը կը յանձնարարէր՝ նոյնիսկ հրաժարումովը վարչապետին ու կառավարութեան։

ԴԱԴԻՎԱՆՔՆ ՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Խորհրդանշականէն շատ աւելին է զինուորական Գրիգոր Ջանիկեանի Դադիվանքի վերջին այցն ու աղօթքը։ Պատմական է եւ հայրենասիրական։ Դադիվանքի եւ Գանձասարի վանքի համառօտ տեղականքը տալով կը փափաքիմ եզրափակել ներկայ գրութիւնս։

Արցախի Քելպեճեր շրջանի հնագոյն վանքն է Դադիվանքը՝ հիմնուած Հայաստանի առաջին Առաքեալ Թադէոսի աշակերտին Դադէի կողմէ։ Յետագային 9-13-րդ դարերուն վերակառուցուած յարակից եկեղեցիներով, որուն պատկառելի տեսքն ու աւանդական ոճը շատ յատկանշական կը մնան։ Վերջերս յայտնուած է Դադէի գերեզմանը գլխաւոր եկեղեցւոյ խորանին ներքեւ։ Գլխաւոր եկեղեցին իր անունով յայտնի եղած է հնագոյն արձանագրութենէ եւ 1214 թուականը ճշդուած, որուն համաձայն օրուան «իշխանուհին աղօթք կը խնդրէր իր որդիներուն յիշատակին»։

Դադիվանքն ու Գանձասարը վերաբացուեցան 1994-ի հրադադարէն ետք, եւ 2004-2005 թուականին վերանորոգչական աշխատանքներ տեղի ունեցան ամերիկահայ Իտէլ Յովնանեանի հոգածութեամբ։ Մեր մաղթանքն էր, որ սոյն երկու եւ մնացած տասնեակներով Արցախի հայ վանքերն ու եկեղեցիները ռուս խաղաղարար զօրքերուն պաշտպանութիւնը վայելէին, երբ մանաւանդ վերջերս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արցախ։ Սակայն մեր յոյսը փոխարինուեցաւ մեծագոյն մտահոգութիւններով, նոյնիսկ Հայաստանի սահմաններու երկայնքին։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021