ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐ ԵՒ ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ՅԻՍՈՒՍԸ…
«Յովհաննէսին եւ փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան եւ ըսին անոր.- Ինչո՞ւ Յովհաննէսին եւ փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտներդ ծոմ չեն պահեր». (ՄԱՐԿ. Բ 18)։
Յովհաննէսի եւ փարիսեցիներու աշակերտներուն Յիսուս պատասխան կու տայ՝ ամուսնութեան ակնարկելով, որուն յիշատակումը բոլորովին անսպասելի է։ Ան կը խօսի փեսայի մը մասին, որ կը թուի, թէ հաւանաբար Ի՛նքն է, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցող հարսանեկան խնջոյքի մասին։
Արդարեւ, Հին կտակարանի մէջ մարգարէները Իսրայէլի հետ Աստուծոյ միջեւ կնքուած ուխտը կը ներկայացնեն «նշանախօսութեան» պատկերով։ Եսայի մարգարէ եւ նոյնպէս կը նկարագրէ փառահեղ խնջոյք մը, որ ապագային Տէրը պիտի տար Երուսաղէմ հաւաքուած երկրի բոլոր ժողովուրդներուն անվախճան տօնախմբութեան մը համար։
«Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու եւ զտուած հին գինիներու կոչունք». (ԵՍԱՅԻ ԻԵ 6)։
Յիսուս Ի՛նքն ալ կը գործածէ այն նոյն պատկերները։ Քանի որ ժամանակը հասած է իր լրումին, Եսայի մարգարէի կողմէ կանխանշուած խնջոյքը սկսած է. այդ հարսանեկան կոչունք մըն է, որ փեսան Ի՛նքը Քրիստոսն է, իսկ զայն կազմակերպողը՝ Աստուած։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յայտնի կը դառնայ այդ թագաւորութիւնը յայտնողի ամուսնութեամբ այն մարդոց հետ, որոնց յայտնուած է այն։
Ուստի, Պօղոս առաքեալ համանման խօսքերով կը գրէ կորնթացիներուն։
«Վասնզի ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասնզի ես ձեզ ամուսին մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսի առջեւ հանելու». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 2)։
Իսկ Մարկոս աւետարանիչէ մի քանի տարի յետոյ Մատթէոս աւետարանիչ Յիսուսի բերնով կը պատմէ առակ մը՝ որ սապէս կը սկսի.
«Երկնքի Թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի՝ որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրեալները». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 2)։
Այսպիսի շրջանակներու մէջ Յիսուսի աշակերտները նման են երիտասարդ փեսայի ընկերներուն, տեսակ մը պատուոյ երիտասարդներ՝ որոնք մօտիկէն մասնակից կ՚ըլլան պսակադրութեան եւ մասամբ պատասխանատո՛ւ են խրախճանքի կազմակերպման եւ հարսանեկան ուրախ եւ զուարճալի մթնոլորտին պահպանման։ Արդարեւ, ժամանակը չէ՛ անոնց համար տխուր ըլլալու եւ կախերես, խոժոռադէմ երեւալու։ Յետագային անոնք առիթ կ՚ունենան տխրելու, տրտմելու, երբ որ տօնախմբութիւնը դադրի…
«Մէկը կարկատ չի ձգեր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ, քանզի՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած է, հինէն կ՚առնէ եւ պատռուածքը աւելի գէշ կ՚ըլլայ։ Ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. քանզի՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ եւ գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին ներ տիկերու մէջ դնելու է». (ՄԱՐԿ. Բ 21-22)։
Զգեստի եւ գինիի տիկերու այս համեմատութիւնները, որոնցմով կ՚աւարտի հատուածը, ունկնդիրները կը հրաւիրեն միատարր՝ միակերպ ըլլալու։
Արդարեւ, Յիսուս ո՛չ հինը եւ ո՛չ ալ նորը կ՚արժէքաւորէ, այլ՝ միատարրութիւնը, այսինքն՝ միակերպ ըլլալը։
Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտները եւ փարիսեցիները կարողացած են անցեալին քարոզել «խստակրօնութիւն»ը։ Սակայն, Աստուծոյ Թագաւորութեան յայտնութեամբ, կը հաստատէ նոր կացութիւն մը՝ որ կը պահանջէ նոր վերաբերմունք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ