ԵԶՆԻԿԻ «ԵՂԾ ԱՂԱՆԴՈՑ»ԷՆ՝ ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Գ -

Ու­րեմն կը շա­րու­նա­կենք հա­տուած­ներ ներ­կա­յաց­նել Եզ­նի­կի «Եղծ Ա­ղան­դոց»էն։ Հա­տուած­նե­րու նիւթն է՝ «չա­րին ծա­գում»ը։

«Եւ հիւ­լէն, տուն հա­մար կ՚ը­սեն, թէ ա­նար­գա­սա­ւոր է եւ ան­կեր­պա­րան, ի՞նչ­պէս կրնար ա­նար­գա­սա­ւորն ու ան­կեր­պա­րա­նը տար­բեր ար­դիւնք­ներ յա­ռաջ բե­րել, ե­թէ չա­րի­քը դի­պուա­ծա­կան չէ՛ եւ ո՛չ ալ իր­մէ է։ Զի սպա­նու­թիւ­նը գո­յա­ցու­թիւն չէ, ոչ ալ շնու­թիւ­նը եւ ոչ իսկ չա­րիք­նե­րէն որ եւ է մէ­կը, այլ, ինչ­պէս որ մէ­կը դպրու­թե­նէն կը կո­չուի դպիր, վար­պե­տու­թե­նէ՝ վար­պետ եւ բժշկու­թե­նէն՝ բժիշկ, եւ ա­դոնք-դպրու­թիւն եւ այլն- ո՛չ թէ գո­յա­ցու­թիւն­ներ, այլ հան­գա­մանք­նե­րէն առ­նուած ա­նուն­ներ են, այս­պէս ալ չա­րիք­նե­րը պա­տա­հար­նե­րէն կ՚առ­նեն ի­րենց ա­նուն­նե­րը։

«Իսկ ե­թէ կ՚են­թադ­րեն ու­րիշ մը իբ­րեւ դրդիչ ու գրգռիչ՝ որ մար­դոց մտքին մէջ կ՚արթնց­նէ չա­րիք­ներ եւ չա­րիք գոր­ծո­ղը իր գոր­ծէն կ՚առ­նէ չա­րու­թեան ա­նու­նը,- պէտք է գիտ­նալ, սա­կայն, թէ գոր­ծո­ղը նոյն չէ՛ գոր­ծուա­ծին հետ. ինչ­պէս որ բրու­տը, երբ ա­նօթ­ներ կը շի­նէ, ինք չըլ­լա՛ր ա­նօթ, այլ ա­նօ­թը շի­նողն է, ո­րով եւ ա­րուես­տին ա­նու­նը կ՚առ­նէ. այս­պէս ալ չա­րա­գոր­ծը չա­րիք գոր­ծե­լուն հա­մար՝ չա­րու­թիւն ա­նու­նը կ՚առ­նէ, շուն ըլ­լայ թէ սպան­նող։

«Ա­պա ու­րեմն ի­րա­ւա­ցիօ­րէն մար­դիկ կ՚ը­սուին չա­րիք­նե­րու ա­րա­րիչ­ներ, զի ի­րենք են պատ­ճառ չա­րիք գոր­ծե­լու կամ ո՛չ։ Եւ պէտք չէ որ չա­րիք­ներն ա­նուա­նենք գո­յա­ցու­թիւն­ներ, այլ գո­յա­ցու­թեանց ար­գա­սի՛ք։

«Իսկ ե­թէ շա­րու­նա­կեն յա­մա­ռիլ, թէ ար­դա­րեւ ան­ձեւ եւ ա­նար­գա­սա­ւոր էր հիւ­լէն եւ Աս­տուած բե­րաւ ձե­ւի, կեր­պա­րան­քի եւ ար­գա­սի­քի, եւ ա­պա զԱս­տուած կը դնեն պատ­ճառ չա­րի­քի,- լաւ պի­տի ըլ­լար որ այդ հիւ­լէն մնար նոյն ան­հե­թե­թու­թեան եւ ա­նար­գա­սա­ւո­րու­թեան մէջ, քան թէ գար ար­գա­սի­քի եւ կեր­պա­րան­քի եւ պատ­ճառ դառ­նար ու­րիշ­նե­րու չա­րի­քին։

«Վասն­զի ի՞նչ­պէս կրնայ ըլ­լալ մէ­կը՝ որ ան­կեր­պա­րան ե­ղած ըլ­լայ. ան­կեր­պա­րան ը­սելն ալ՝ կեր­պա­րան­քի գո­յու­թիւ­նը կը յայտ­նէ։ Իսկ ե­թէ կար գո­յա­ցա­կան եւ ո­րա­կա­կան բան մը, ա­ւե­լորդ է ա­րա­րիչ կո­չել զԱս­տուած։

«Բայց -կ՚ը­սեն- այն ի­րո­ղու­թեամբ որ ա­նո­րակն ու ան­տա­րա­զը ո­րա­կի եւ տա­րա­զի վե­րա­ծեց, ար­դար է կո­չել զայն ա­րա­րիչ։ Ա­դի­կա նման է այն ի­րո­ղու­թեան, որ երբ մէ­կը քա­րե­րէն շէնք մը կա­րու­ցա­նէ, ա­րա­րիչ կ՚ըլ­լայ պատ­շա­ճե­ցու­ցուա­ծին եւ յօ­րի­նուա­ծին եւ ո՛չ թէ գո­յա­ցու­թեան։

«Արդ, ի՞նչ­պի­սի բա­նի մը վե­րա­ծեց Աս­տուած ան­կեր­պա­րա­նը, լա՞­ւի թէ յո­ռիի։ Ե­թէ ը­սեն՝ լա՛­ւի, պար­տին քննել թէ ո՞ւս­կից են տե­ղի ու­նե­ցող չա­րիք­նե­րը։ Ու­րեմն ար­գա­սիք­նե­րը չմնա­ցին նոյ­նը՝ ի՛նչ որ էին, այլ դառ­նա­լով լա­ւին՝ միայն լաւ ե­րեւ­ցան։ Իսկ ե­թէ յո­ռի բա­նի մը դար­ձան, պի­տի հա­մար­ձա­կի՞ն ը­սե­լու, թէ, չա­րիք­նե­րու պատ­ճա­ռը Աս­տուած է, քա­նի որ՝ Ան ար­գա­սիք­նե­րը լա­ւի դար­ձուց։

«Բայց կ՚ը­սեն, թէ յստա­կը մէկ կողմ զա­տեց եւ ան­կից ա­րա­րած­ներն ստեղ­ծեց, իսկ մրրա­խառ­նը թո­ղուց։

«Պա­տաս­խա­նենք։

«Ե­թէ կա­րող էր զայն յստա­կել եւ չա­րի­քը մէջ­տե­ղէն վերց­նել եւ սա­կայն չու­զեց վերց­նել,- ա­պա ու­րեմն զայն պէտք է նկա­տել պատ­ճառ չա­րիք­նե­րու. վասն­զի ա­նոր կէ­սէն բա­րի ա­րա­րած­ներ ստեղ­ծեց, եւ կէսն ալ թո­ղուց այն­պէս, որ­պէս­զի ա­պա­կա­նէ բա­րի ա­րա­րած­նե­րը։

«Եւ ե­թէ մէ­կը ճշմար­տու­թեամբ քննէ ի­րե­րը, կը գտնէ որ հիւ­լէն սաս­տիկ վտան­գի մէջ է ին­կած, քան որ չէր իր ա­ռա­ջին ան­կազմ վի­ճա­կին մէջ, վասն­զի չա­րի­քի վտանգ­նե­րէն ընտ­րե­լը եւ զգա­լէ ա­ռաջ՝ ա­պա­հո­վու­թեան եւ ան­հո­գու­թեան մէջ՝ էր, եւ չա­րի­քի ազ­դում­ներն առ­նե­լով, տագ­նա­պի եւ տա­րա­կոյ­սի մէ՛ջ է։ Եւ ե­թէ կ՚ու­զես՝ օ­րի­նակն առ մար­դէն իսկ, որ պատ­կե­րա­նա­լէ եւ կեն­դա­նի լի­նե­լէ ա­ռաջ ան­մասն է չա­րիք­նե­րէն, եւ երբ չա­փա­հաս մարդ կը դառ­նայ՝ այն ա­տեն կը հա­կա­մի­տի չա­րի­քին՝ անձ­նիշ­խան­բար։ Եւ ո­րով­հե­տեւ կ՚ը­սեն թէ Աս­տուած ստեղ­ծած է հիւ­լէն, ե­րե­ւան կու գայ որ բա­րու­թե­նէն յո­ռու­թիւն շրջուած կ՚ըլ­լայ։

«Ա­պա ե­թէ Աս­տուած չկրնա­լով ջնջել չա­րիք­նե­րը՝ թո­ղուց զա­նոնք այն­պէս,- ա­սով տկա­րու­թիւն կը վե­րագ­րեն Աս­տու­ծոյ, կամ թէ բնու­թեամբ տկար ե­ղած կ՚ըլ­լայ կամ վա­խէն յաղ­թուած իր­մէ ա­ւե­լի զօ­րա­ւո­րէն։ Ե­թէ վախ­նա­լով իր­մէ ա­ւե­լի զօ­րա­ւո­րէն՝ յաղ­թուած նկա­տեն, հարկ է որ չա­րիք­ներն ալ սե­պեն բռնա­դա­տիչ­ներ ա­նոր կամ­քին։ Եւ ին­չո՞ւ, ա­նոնց խօս­քին հա­մա­ձայն, չա­րիք­նե­րը չըլ­լա­յին աս­տուած­ներ, երբ ա­նոնք կրնա­յին յաղ­թել Աս­տու­ծոյ։

«Դար­ձեալ հարց­նենք հիւ­լէի մա­սին։

«Հիւ­լէն պա՞րզ բան մըն է, թէ բա­ղադ­րեալ։

«Զի ի­րե­րու զա­նա­զան յօ­րի­նուած­քը այս­պի­սի քննու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն մեզ։ Վասն­զի ե­թէ հիւ­լէն պարզ տարր մըն է, եւ միա­կերպ, եւ աշ­խար­հը ստեղ­ծուած է յօ­դուած­նե­րէ եւ զա­նա­զան գո­յա­ցու­թիւն­նե­րէ եւ խառ­նուրդ­նե­րէ, անհ­նար է ը­սել թէ ան -աշ­խար­հը- հիւ­լէէն ե­ղած ըլ­լայ։ Վասն­զի կա­րե­լի չէ, որ բա­ղադ­րեալ բան մը միայն մէկ պարզ տար­րէ գո­յա­ցած ըլ­լայ։

«Բա­ղադ­րեալ­նե­րը (շատ մը) պարզ տար­րե­րէ կը բաղ­կա­նան։

«Արդ, թող­լով խնդի­րը հիւ­լէին՝ զոր ա­մէն բա­նի նիւ­թը կը նկա­տեն, գանք չա­րիք­նե­րու խնդրին՝ զորս ան­կից յա­ռա­ջա­ցած կը կար­ծեն։ Երբ յայտ­նի կ՚ըլ­լայ թէ չա­րիք­նե­րը գո­յա­ցա­կան չեն, աս­կից կը հե­տե­ւի որ հիւ­լէն եր­բեք չկար եւ ոչ ալ բնու­թիւն մ՚էր գո­յա­ցա­կան։

«Հի­մակ հարց­նենք մար­դոց իսկ վե­րա­բե­րեալ չա­րիք­նե­րու մա­սին, այդ չա­րիք­նե­րը գո­յա­ցու­թեանց ար­գա­սի՞ք են, թէ գո­յա­ցու­թիւն­ներ։

«Ինչ շար­ժում­ներ եւ յու­զում­ներ որ կան մարմ­նին եւ հոգ­ւոյն մէջ, կա­րե­լի չէ ը­սել, թէ ա­դոնք մարդ ե­ղած ըլ­լան, այլ կա­մա­կան շար­ժում­ներ են. զի մար­դը գո­յու­թիւն է, իսկ բար­քե­րը՝ ո՛չ, այս­պէս, սպա­նու­թիւն ու շնու­թիւ­նը բար­քե­րու ար­դիւնք են։ Արդ. ե­թէ այն ա­րա­րած­նե­րը գո­յա­ցա­կան ե­ղած ըլ­լան, հարկ է գո­յա­ցա­կան ա­րա­րած կար­ծել նաեւ այն պատ­ճա­ռը՝ զոր ա­նոնք ցոյց կու տան։ Զի այն, ո­րուն մէկ մա­սը ա­րա­րած է, յայտ­նի է թէ այն­պի­սին իր ամ­բող­ջու­թեամբ ա­րա­րած է. իսկ այն, ո­րուն մէկ մա­սը ա­րա­րած չէ, այն­պի­սին բնաւ եր­բեք ա­րա­րած չէ։ Ա­պա ու­րեմն, երբ Աս­տուած տա­կա­ւին ստեղ­ծած չէր մար­դը, բնաւ ա­մե­նե­ւին չկար ա­րա­րիչ մը՝ որ­մէ չա­րիք­նե­րը գո­յա­նա­յին։

«Եւ ո­րով­հե­տեւ չա­րիք­նե­րու մէկ մա­սին ա­րա­րիչ կը նկա­տուի մար­դը, կը հե­տե­ւի որ բո­վան­դակ չա­րիք­նե­րու ա­րա­րի­չը Աս­տուած է. իսկ եր­բեք կա­րե­լի չէ՛ ը­սել, թէ Աս­տուած չա­րի­քի պատ­ճառ ե­ղած ըլ­լալ, այլ կ՚ըլ­լայ այն՝ որ իր կամ­քով չար գոր­ծեր կը կա­տա­րէ, եւ ի­րա­ւա­ցիօ­րէն չա­րու­թեան ա­նու­նը կը տրուի ա­նոր՝ որ չար կը գոր­ծէ, ինչ­պէս ը­սինք աս­կից ա­ռաջ։

«Արդ, կ՚ը­սեն թէ Աս­տուած բա­րի՞ է եւ բա­րե­րա՞ր։ Հար­կաւ պի­տի ը­սեն բա­րի՛ եւ բա­րե­րա՛ր, եւ ա­նոր ո­րե­ւէ չա­րիք չի՛ մօ­տե­նար։ Մենք չա­րիք­նե­րը ո՛չ թէ գո­յա­ցա­կան այլ կա­մա­ծին կը հա­մա­րերք. զոր օ­րի­նակ, շի­նո­ղին միտքն է որ կը գոր­ծէ չա­րը։ Ինչ­պէս, եր­կա­թը կը գոր­ծա­ծուի մերթ բա­րի եւ մերթ չար բա­նե­րու հա­մար։ Ե­թէ շի­նէ խոփ, գե­րան­դի եւ ման­գաղ. եր­կա­թը բա­րի բա­նե­րու հա­մար գոր­ծա­ծուած ե­ղաւ. իսկ ե­թէ սուր, գե­ղարդ ու սլաք, եւ ու­րիշ որ եւ է զէնք՝ որ վնա­սա­կար է մար­դոց,- չա­րա­գոր­ծու­թիւն ը­րած կ՚ըլ­լայ։

«Եւ չա­րու­թեան պատ­ճա­ռը շի­նո՛ղն է, եւ ո՛չ թէ եր­կա­թը…»։

­Բո­լոր այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէն վերջ, հար­ցում մը ու­նիմ, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը այս մա­սին. բա­րի բնա­ւո­րու­թիւ­նը չար, եւ չար բնա­ւո­րու­թիւ­նը կա­րե­լի՞ է որ բա­րի ըլ­լայ։

Եւ, շի­տա­կը պէտք է ը­սել, որ չկրցի վճռա­կան լու­ծու­մի մը հաս­նիլ այս մա­սին. չա­րը միշտ «չա՛ր» է, բա­րին ալ՝ միշտ «բա­րի՛», ը­սել կա­րե­լի՞ է…։

Ուս­տի կար­դա­լու չափ խորհր­դա­ծե՛լն ալ կա­րե­ւոր է, եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի օգ­տա­կար ու ար­դիւ­նա­բեր…։

-Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­ներ-

«Ա­նար­գա­սա­ւոր» = ան­բա­րե­բեր, ա­նար­դիւ­նա­ւոր։

«Բրուտ» = կա­ւէ ա­ման­ներ շի­նող։

«Ա­նօթ» = ա­ման, ըն­տիր պնակ։

«Ան­հե­թեթ» = ի­մաս­տա­զուրկ, անտ­րա­մա­բան, հա­կա­սա­կան։

«Հիւ­լէ» = ան­բա­ղա­դիր ա­ռա­ջին տարր, ա­դոմ, կո­րիզ։

«Բա­ղադ­րեալ» = բարդ, շատ մա­սե­րէ կազ­մուած։

«Բարք» =  խառ­նուածք, ապ­րե­լա­կերպ, սո­վո­րոյթ, կեն­ցաղ։

«Գո­յա­ցա­կան» = ան որ ինքն ի­րեն գո­յու­թիւն ու­նի։

«Խոփ» = ա­կօս բա­ցող սրա­ծայր եր­կաթ (ա­րօ­րի)։

«Ա­կօս» = խո­փի բա­ցած գի­ծը ար­տին մէջ. հեր­կուած ա­ծու, մաս մաս մշա­կուած հող, հո­ղա­շերտ։

«Ա­րօր» = հո­ղը հեր­կե­լու գոր­ծիք։

«Գե­րան­դի» = հնձե­լու գոր­ծիք, մեծ ման­գաղ։

«Ման­գաղ» = հնձե­լու գոր­ծիք, մեծ գե­րան­դի։

«Սուր» = թուր, սու­սեր։

«Գե­ղարդ» = նի­զակ, տէգ, մկունդ։

«Սլաք» = նետ, ծայր, խայ­թոց։

«Բա­րի» = լաւ, ա­ղէկ, ազ­նիւ, օգ­տա­կար։

«Չար» = գէշ, վատ, վնա­սա­կար։

- Եզ­նի­կի «Եղծ Ա­ղան­դոց»էն հա­տուած­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցինք Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Խա­չա­տու­րեա­նի աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թեամբ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016