ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ (Բ.)
Գուշակութիւն ընելը այդքան ալ դժուար բան մը չէ, որովհետեւ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին, սակայն ունին հասարակաց ճակատագրեր. կան ապրումներ ու զգացումներ, որոնք առաւել կամ նուազ չափով բոլորը ապրած են եւ իրենց յուզական կեանքին մէջ յատուկ տեղ ունին այդ բոլորը. պարզապէս պէտք է քիչ մը արթուն ըլլալ եւ կարենալ բռնել այն կապը՝ որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի զգացական աշխարհ՝ ուր յոյզերն են որ կը խօսին՝ ո՛չ թէ միտքը:
Ե.- Պէտք է խօսիլ ընտանեկան ու ազգականական հարցերու մասին, դիտել տալով, որ անոնք շատ անգամ անարդար գտնուած են անձին դէմ, սակայն ինք իր կամքով յաջողած է այդ բոլորին դէմ դնել: Պէտք է ըսել, որ ինք կրած է բազմաթիւ նեղութիւններ, սակայն յաջողած է իր սեփական ուժերով դուրս գալ այդ բոլորէն. նոյնիսկ ընտանիքի անդամներ փորձած են հալածել զինք, սակայն ինք իր կեցուածքով կրցած է կառավարել բոլոր իրադարձութիւնները: Վերջապէս զինք պէտք է ընտանիքի միւս բոլոր անդամներէն տարբեր տեսնել՝ շեշտելու համար իր իւրայատուկ եւ տարբեր ըլլալը:
Զ.- Պէտք է խօսիլ հաւանական թշնամիներու մասին, որոնք նախանձով լեցուած են իր անձին դէմ. անոնք նախանձած են անձին ունեցած յաջողութիւնները եւ կամ անկոտրում կամքը: Պէտք է խօսիլ, որ ինք իր կեանքի մեծագոյն հարուածները ստացած է իր մօտիկ բարեկամներուն կողմէ՝ զորս հարազատ ընտանիքի անդամի մը պէս կը սիրէր։ Անոր մէջ պէտք է շօշափել շրջապատի հանդէպ փշրուած վստահութիւնը եւ խօսիլ սեփական անձին վստահելու կարեւորութեան մասին: Խօսիլ՝ որ այդ թշնամիները անհրաժեշտութիւն են կեանքին մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաջողութիւն ու յաղթանակ ապտակ մըն է անոնց դէմքին. պարզապէս պէտք է կեդրոնանալ սեփական կեանքին վրայ:
Է.- Պէտք է խօսիլ կեանքի եւ մահուն մասին. ամէ՛ն մարդ նուազագոյնը մի քանի անգամ ապրած է դէպք մը, ուր մահուան վտանգին հանդիպած է. եթէ անձը հաստատէ նման դէպք կամ դէպքեր, ուր մահուան դէմ յանդիման գտնուած է, կարելի է խօսիլ ապագայ պատահարներու մասին՝ որոնք կրնան պատահիլ ոեւէ մարդու հետ: Պէտք է խօսիլ, որ իր մահը կրնայ տխրութիւն պատճառել շատ շատերու, որովհետեւ ինք շրջապատի կողմէ յարգուած մէկն է. եթէ գրող եւ կամ արուեստագէտ է, կարելի է խօսիլ յետ մահու հաւանական գնահատանքի մասին, որովհետեւ մեր ազգը ողջերուն արժէքը չի՛ գիտեր: Այստեղ պէտք է խօսիլ անոր բարութեան մասին եւ հաւաստիացնել, թէ դրախտի դռները բաց են իր դիմաց, որովհետեւ իրեն նման բարի մարդ մը անկասկած դրախտը պիտի ժառանգէ. գուցէ ամբողջ կեանքը մարդոց միայն վատութիւն ըրած ըլլայ՝ սակայն հոգ չէ. ուրիշին վատութիւնը ցանկացող մարդն ալ իր միտքին մէջ ինքզինք «բարեգործ» կը տեսնէ:
Ը.- Պէտք է խօսիլ խորտակուած սիրոյ մը պատմութեան մասին. այդ մէկուն գոյութիւնը կարելի է կարդալ մարդու արտայայտութիւններուն մէջ. մեծ հաւանականութեամբ առաջին սէր մը, որ զինք թողելով ամուսնացած է ուրիշի հետ եւ կամ ընտանեկան խնդիրներու պատճառով չէ տիրացած անոր. եթէ անձը ամուրի է, նոյնիսկ կարելի է խօսիլ, որ այդ աղջկան սիրտին մէջ ինք գոյութիւն մըն է եւ հակառակ հեռաւորութեան՝ աղջիկը տակաւին կը շարունակէ զինք մտածել: Մարդ արարած կ՚ուզէ գիտնալ, որ ինք տակաւին որոշ արժէքներ ունի նաեւ մարդոց մօտ՝ որոնք այլեւս «օտար» են իրեն. այդ եսասիրութիւնը պարզապէս ուրախութիւն ու գաղտնի հպարտութիւն մը կ՚արթնցնէ մարդ արարածին մէջ:
Թ.- Խօսիլ գործերու յաջողութեան մասին. ըսել որ արժէքաւոր բան մը պիտի գտնէ. ըսել որ մէկ երկու ձախողութենէն ետք մեծ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ եւ ամէն անգամ որ ձախողութիւն մը ունենայ՝ յաջորդին յոյսովը պիտի ապրի: Մարդոց «պիտի հարստանաս» ըսելը այնքան գրաւիչ չի՛ թուիր՝ ինչքան «պիտի յաջողիս» ըսելը, որովհետեւ մարդոց համար հարստանալը ինքնին յաջողութեան հասնիլ կը նշանակէ: Մարդոց պէտք է ըսել, որ գործերու մէջ այնպիսի յաջողութիւններ պիտի ունենայ, որ մարդիկ պիտի սկսին մատով զինք ցոյց տալ եւ իր յաջողութիւններուն մասին խօսիլ. նման յաջողութեան պարագային նախանձ թշնամիներն անգամ հաճելի կրնան թուիլ, որովհետեւ մարդ արարած կը սիրէ իր յաջողութիւնները «ուրիշին աչքը մտցնել»:
Ժ.- Խօսիլ անոր բարեսիրութեան մասին. բարձրաձայնել, թէ ինչպէս ուրիշներուն օգտակար ըլլալու համար հալեցուցած ու մաշեցուցած է ինքզինք: Խօսիլ, թէ հակառակ այն իրողութեան՝ որ ինք ցոյց չտայ, ինք հոգեպէս մանուկի անմեղութիւն ունի եւ շատ անգամ իր անձէն առաջ յաճախ կը մտածէ ուրիշներու մասին. այդ մէկը թէեւ գաղտնի կը մնայ, սակայն Աստուած կը տեսնէ. պէտք է ըսել, որ ինք շատ անգամ հարուած կը ստանայ այն մարդոցմէ՝ որոնց բարիք կը կատարէ, սակայն պէտք չէ մտածել... պէտք է բարիքը ընել եւ ծովը նետել, այն յոյսով որ մօտիկ ապագային բոլոր այդ բարիքներուն պտուղը յաջողութեամբ պիտի քաղէ:
Այս է մարդ արարածը. մէկով առաւել՝ կամ նուազ. հաւատացէ՛ք, թէ մարդ արարած այս բոլորը կ՚ուզէ լսել. կ՚ուզէ գիտնալ, որ ունի դժուարութիւններ, սակայն մօտ է խաղաղ նաւահանգիստը. կ՚ուզէ իր ապագայ անյայտ բախտաւորութեան մասին լսել. կ՚ուզէ վերոյիշեալ բոլորը լսել՝ նոյնիսկ եթէ սուտ ըլլան անոնք, որովհետեւ մարդ ատակ է երազներով ապրելու եւ այդ երազներն են, որոնք այսօրը կը դարձնեն հանդուրժելի՝ անյայտ յաջողութեան մը հասնելու մեծագոյն փափաքը ունենալով:
Գուշակութիւն ընելով դուք ո՛չ թէ մարդուն ապագային մասին պիտի խօսիք, այլ առիթ պիտի տաք, որպէսզի անոր աչքին առջեւէն անցնի մարդկային կեանքը՝ իր դրական ու ժխտական բոլոր պատկերներով:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ամուսնացած զոյգեր ինչո՞ւ կը դաւաճանեն:
Պատասխան. Ամուսնացած զոյգերու դաւաճանութիւնը կը կատարուի տարբեր պատճառներով՝ կախուած յարաբերութիւններուն մէջ տեղ գտած խնդիրներուն եւ հանգամանքներուն: Ընդհանուր պատճառ կարելի է նկատել զգացական դժգոհութիւնը, մտերմութեան բացակայութիւնը կամ գնահատուած չըլլալու երեւոյթը: Շատեր ամուսնական կեանքէն դուրս կրնան յուզականութիւն եւ ներքին ուրախութիւն փնտռել. շատեր նոյնիսկ կ՚ուզեն այդ ձեւով վրէժ ու անձնական խնդիրներ լուծել: Դաւաճանութեան պատճառ կրնայ ըլլալ նիւթական անկայուն վիճակն ու վէճերը, լարուած ամուսնական կեանքը, որուն որպէս մխիթարութիւն կ՚ընտրեն դաւաճանութիւնը: Սակայն դաւաճանութիւնը խնդիրներ լուծելու փոխարէն խնդիրները կը բարդացնէ՝ խոր ազդեցութիւն ունենալով զոյգերու կեանքին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան