ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՊԱՒԻՆԻԼ

«Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։ Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս եւ փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս եւ իմ փրկութեանս եղջիւրը եւ իմ բարձր աշտարակս է». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 1-2)։

Սաղմոսի եւ ամբողջ Սուրբ Գիրքի իւրաքանչիւր խօսք, իւրաքանչիւր տող երբեք պատահական չէ, այլ պատճառ մը, նպատակ մը եւ իմա՛ստ մը ունի։

Արդարեւ, կեանքի մէջ ժամանակաւոր յաջողութիւններ, հարեւանցի հարստութիւններ, սկզբունքէ զուրկ գաղափարներ, միջանկեալ զօրութիւններ՝ որոնք հիմք չունին եւ աշխարհասիրութեան արդիւնք են, մարդս կը հեռացնեն Աստուծմէ։

Նիւթական եւ նիւթապաշտ աշխարհի մէջ՝ զօրութիւն, հարստութիւն եւ կարողութիւն, իշխանութիւն ժամանակաւոր են, եւ ի վերջոյ կը կորսուին։ Մարդիկ, ընդհանրապէս կը վկայեն, թէ հարստութիւններ աղքատութեան կրնան վերածուիլ, կարողութիւններ, իշխանութիւններ կը կորսնցնեն իրենց զօրութիւնը եւ գիտութիւնը ինքնին մեծ զօրութիւն մըն է, եւ գիտունը՝ ուժե՛ղ։ Բայց բացառաբար, քանի որ մարդկային միտքը տարիներու ընթացքին կրնայ տկարանալ, մինչեւ իսկ մարդ կրնայ ցնորիլ եւ հետեւաբար կորսնցնել իր զօրութիւնը։

Ուրեմն, կ՚երեւի, որ մարդկային կեանքի մէջ՝ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ բան հաստատ է եւ ոչ մէկ բան տեւական է։ Ստոյգ բան չկա՛յ աշխարհի վրայ, որովհետեւ, մարդ կը ծրագրէ՝ Աստուած կ՚որոշէ։ Այս պատճառով է, որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Այսօրուան հոգը իրեն կը բաւէ, վաղուանը ինք կը խորհի…»։ Ապագան, մարդուն սահմանափակ մտքին առջեւ միշտ անորո՛շ է։

Բայց միակ եւ հաստատ զօրաւորը Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան է, որ իր աստուածային Բնութեամբ ամենակարող եւ ամենազօրաւո՛րն է։

Ուստի, պէտք է հարցին նայիլ հոգեւոր աչքերով, քանի որ մարմնաւոր աչքով կարելի չէ տեսնել ճշմարտութիւնը։ Այս իմաստով՝ առանց Աստուծոյ կարելի չէ, որ մարդ տիրանայ այն ամէն ինչին՝ որ կը փափաքի ունենալ։

Յաւիտենական զօրութիւնը, յաւիտենական կարողութիւնը եւ իշխանութիւնը երբեք չի ձախողիր, երբեք չի տկարանար եւ յաւիտենական զօրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի կը վերաբերի։

Ուստի, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, աշխարհի դէպքերուն եւ երեւոյթներուն մարդկային մտածելակերպով չի՛ մօտենանք եւ անոնք այս տեսանկիւնէն չի՛ տեսնենք, այլ՝ իմաստութեա՛մբ։ Քանի որ իմաստութիւնը գիտութեան եւ ճշմարտութեան հասնելու անհրաժեշտ հմտութիւնն է։ Հոգիի եւ մտքի աչքերով է, որ կարելի է տեսնել ճշմարտութիւնը։ Այս պատճառով՝ պէտք է հաւատալ, վստահիլ, ապաւինիլ եւ յանձնուիլ Յիսուս Քրիստոսի, առա՛նց վհատելու, առա՛նց յուսահատելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 26, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2024