ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Հայկական գաղութները, աշխարհի տարածքին կամաւոր ձեւով չէ՛ որ հիմնուեցան. մեր ճակատագիրն ու պատմութիւնը իր վերիվայրումներով պատճառ եղաւ, որպէսզի ստեղծուին գաղութներ եւ կազմեն հայկական սփիւռք մը: Սակայն այդ գաղութներուն հիմնադրութեան պատճառներն ու նպատակները ամբողջութեամբ ուրիշ էին: Ուրիշ էր ու տարբեր էր նաեւ գաղթականներուն մտածողութիւնը՝ իրենց գաղթական իրավիճակի շուրջ:

Այդ գաղթականները հիմնականին մէջ կարելի է բաժնել հետեւեալ խմբաւորումներուն.

Ա.- Կար գաղթականներու բաժին մը, որ կը հաւատար, թէ այս բոլորը ժամանակաւոր իրարանցումներ են. անոնք կը հաւատային, որ պատերազմներէն ու խաղաղութենէն ետք դարձեալ առիթը պիտի ունենան վերադառնալ իրենց տուները: Այդ է պատճառը, որ շատ շատեր իրենց հարստութիւնն ու ունեցուածքը ձգեցին այնտեղ՝ վերադառնալու հաւատքով:

Բ.- Կար խումբ մը, որ կը հաւատար, թէ այդ բոլորը պարզ ու անցողիկ դժբախտութիւն մը չէ, սակայն տակաւին իրենց մէջ ունէին հայրենադարձութեան յոյսը՝ անորոշութեան անուրջին մէջ թաղուած. այս խումբին շունչով հասակ առնող սերունդն է որ 1946 թուականին առիթ բաց չթողեցին վերադառնալու համար հայրենիք։ Անոնք ունէին գիտակցութիւնը, որ վերադառնալով անոնք պիտի չտիրանային իրենց տուներուն, սակայն հայրենի հողին վրայ ըլլալու հանգստութիւնը կը սփոփէր զիրենք: Հայրենադարձութեան ականատես եղած խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ այդ հայրենադարձութիւնը. «Ահաւասիկ հոծ բազմութիւն մը, որ արմատախիլ՝ 1915-էն կամ 1922-էն ի վեր, բայց արդէն ինքնաբաւ՝ շնորհիւ տարիներու տքնութեանց, յանձն կ՚առնէ ամէն զոհողութիւն, իր բաժինը տրամադրելու համար հայրենիքի վերաշինութեան»:

Գ.- Կար խումբ մը, որ հայրենիքէն ամբողջովին յուսահատ իր ապագան օտար այդ ափերուն վրայ հիմնել կ՚ուզէր, որովհետեւ այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին Ամերիկան եւ Եւրոպան երազային ըլլալ կը թուէին. վկայ գաղթականներուն առաջին նամակները:

Սակայն նոյնիսկ Ամերիկան եւ Եւրոպան երազային նկատողներուն մօտ կար կեղծ համոզում մը, որ աշխարհի չորս կողմերը ստեղծուած հայկական գաղութները ժամանակաւոր են. նոյնիսկ հայրենասիրական երգը կ՚ըսէր այդ մէկը՝ հետեւեալ բառերով. «Երկիր մ՚ունինք մենք Հայաստան, ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան»: Այս համոզումը համատարած էր. նոյնիսկ Շաւարշ Միսաքեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Գաղութները հանգրուաններ են, ուր նետուած ենք ակամայ, դէպքերու բռնադատման տակ, մինչեւ որ կարենանք հասնիլ մեր հայրենիքը»:

Հակառակ ներկային, գաղութներու մէջ թափառող մեր հայրենակիցները օտար այդ ափերուն վրայ յայտնուած էին ակամայ ձեւով. անոնք իրենց ազատ կամքով չէին լքած իրենց հայրենիքը եւ գուցէ այդ էր պատճառը, որ դարձեալ հայրենիք վերադառնալու երազովը կ՚ապրէին, որովհետեւ տակաւին մարդոց մօտ տեղ գտած ու հաստատուած չէր հայրենիքէն դուրս եւ հեռու ապրելու գաղափարը՝ մանաւանդ տեղահանուած ու արհաւիրքը սեփական աչքերով տեսած սերունդին համար:

Սակայն սպասուածին նման գաղութները ժամանակաւոր հանգրուաններ չդարձան, որովհետեւ հայրենիքը այնքան ալ յոյս չներշնչեց գաղթականներէն շատերուն։ Կարդացէ՛ք հիները եւ պիտի տեսնէք, թէ հայրենիքէն միշտ տխուր եւ դժբախտ լուրեր կը հասնին օտար ափեր. հալածանքներ, սպանութիւններ ու չարչարանք. օտարին լուծին տակ յայտնուած հայրենիքը առանց ճաղերու բանտի մը կը նմանէր, ինչ որ հեռու կը պահէր գաղթականները: Կրնայ ըլլալ այդ մէկը նոյնիսկ պատճառաբանութիւն էր չհեռանալու «երազային» այդ երկիրներէն՝ որուն երազովը կ՚ապրին մեր հայաստանաբնակ հայութեան գրեթէ մեծամասնութիւնը:

Այս քաոսային հոգեվիճակը մեծ խնդիր էր գաղթականներուն համար, որոնք թէ՛ հայրենիքով կ՚ապրին եւ թէ պարտաւորութիւնը ունէին տեղի մշակոյթին ու կեանքին հետ քայլ պահելու. այսօր կը բողոքենք, թէ «Երազային» երկիրներու մէջ ապրող մեր հայորդիները հայերէն չեն խօսիր կամ չեն հասկնար, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ սկզբնական շրջանին պատկերը հակառակն էր. մեծ եղեռնը սեփական աչքերով տեսնող տատիկը յայտնուած էր օտար ափերու մէջ, առանց լեզուի իմացութեան, հեռու հայրենիքէն, իր բարքերէն ու աւանդութիւններէն եւ տեղին է ըսել, որ անոնցմէ շատեր օտար ափերու մէջ իրենց աչքերը առ յաւէտ փակեցին առանց երբեք օտարանալու, օտար հողին վրայ նոյնիսկ ապրելով այնպէս՝ ինչպէս պիտի ապրէին իրենց հայրենիքին մէջ՝ տեղահան ըլլալէ առաջ: Նախապէս գրած ենք այն մասին, թէ ինչպէս Ամերիկայի պետութիւնը կը նեղանար, որ հայերէն կը խօսին, կը գրեն ու կը կարդան՝ հեռու կը մնան իրենց վաղուց գոյութիւն ունեցած համաշխարհայնացման ծրագիրէն:

Տարիները անցան, սակայն «ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան» հարցադրումը երբեք ալ իր պատասխանը չգտաւ. ամէն սերունդ իր կարգին ստեղծեց ինչո՞ւ մը եւ այդ ինչուներու շարքը երկարելով հասաւ մինչեւ մեր օրերը, մեզի տալով այն համոզումը, որ գաղութները ոչ թէ ժամանակաւոր հանգրուաններ են, այլ աւելի ուժեղ ու ուռճանալու ենթակայ են: Ունինք դժբախտութիւնը յայտնելու, որ կրնայ օր մը գալ, որ հայրենիքը ժամանակաւոր հանգրուան թուի մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ դառնանք ասորի ժողովուրդին նման՝ ազգ առանց հայրենիքի:

Սակայն Շաւարշ Միսաքեան ինքն իրեն կը հակասէ։ Իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ, թէ գաղութները ժամանակաւոր հանգրուաններ են, սակայն այլ յօդուածի մը մէջ կը գրէ. «Եղկելիները կը մոռնան, որ եթէ գաղութները կազմալուծուին, հայրենիքն ալ չարաչար կը տուժէ, կորսնցնելով թանկագին պահեստ մը»:

Գաղութներու դժբախտութիւնը եղաւ այն, որ չգտնուեցան անձեր, որոնք յաջողէին կազմակերպել հայկական գաղութային կեանքը. ամէն մէկը իր համոզումին ու գիտցածին համաձայն, իր օրէնքներով գաղութ մը հիմնել փորձեց։ 1929 թուականին «Դրօշակ» ամսաթերթը հետեւեալը կը գրէր հայկական գաղութային կեանքին մասին. «Ամէն հատուած, ամէն գաղութ, ամէն յարանուանութիւն, ամէն կուսակցութիւն շարունակեց քայլել առանձին-առանձին, յաճախ, ներհակ ուղիներով, անհաշտ պայքարելով իրար դէմ»:

Կարիքը չենք զգար կրկնելու, որ պատկերը մինչեւ այսօր նոյնն է. այդ անտարբեր իրավիճակն է, որ գաղութը հասցուց մերօրեայ վիճակին: Հանելուկ մըն է գաղութներն ու հայրենիքը, որովհետեւ Հայաստանէն հայազգը կը հայաթափուի ու դուրս կը գաղթէ, սակայն նոյն ձեւով սփիւռքի մէջ մեր ազգութիւնն ու պատկանելիութիւնն է որ կը հայաթափուի:

Հետեւաբար ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք լրջօրէն Հայաստան եւ սփիւռք սեղանի մը շուրջ հաւաքուելու եւ առանց ատելութեան հասարակաց գիծ մը գտնելու՝ թէ՛ հայրենիքին եւ թէ մեր գաղութներուն համար. քայլ մը՝ որ կ՚ակնկալենք ղեկավարներէն՝ որոնց ձախողութիւնն է պատճառը մերօրեայ քաոսային վիճակին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -355-

Շատ մը հայերու թիւր կարծիքով, հայ ըլլալու համար Հայաստանի մէջ պէտք է ծնիլ, այլապէս հայութիւնդ կասկածելի կրնայ դառնալ։

Եղած են մարդիկ, որ համարձակած են հետեւեալ հարցը տալ. «Դուն քեզ հա՞յ կը զգաս, թէ ոչ լիբանանցի»։ Ընդունինք կամ ոչ, անձնագիրով մէկս լիբանանցի ենք, իսկ միւսս սուրիացի կամ ֆրանսացի, որովհետեւ ծնած ու հասակ առած ենք այդ երկիրներուն մէջ, սակայն կ՚ընդունինք, որ մեր հայրենիքը Հայաստանն է եւ Լիբանանը, Սուրիան կամ Ֆրանսան լոկ ծննդավայր։ Հայրենիքի հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնը կ՚ունենանք նաեւ այդ երկիրներուն համար, որովհետեւ հակառակը ապերախտութիւն պիտի ըլլար, սակայն ամէն բանէ առաջ ու վեր ՀԱՅ ենք՝ հոգիով, սիրտով ու արիւնով։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023