ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Սփիւռքահայ գրող Վահրամ Մավեան իր «Անկապ օրագիր»ին մէջ կը յիշատակէ Լիզպոն գրած իր մէկ օրագրութիւնը, որ պատճառ կ՚ըլլայ մտածելու մեր ներկայ սերունդի հետաքրքրութիւններուն ու շահագրգռութեան մասին: Օրագիրին մէջ գրողը կը ներկայացնէ երեք տարբեր համալսարանական երիտասարդներու հետ իր ունեցած սրճարանային մէկ հանդիպումը, որուն մասին գրողը կը կ՚ըսէ. «... երեկոն անցաւ հաճելի: Խօսեցանք ազգային պատկանելիութեան եւ այդ գիտակցութեան՝ մեր ընկերային ըմբռնումներուն, յարաբերութիւններուն վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին. քննադատեցինք անցնող երկու տարիներուն Լոնտոնի բեմերուն վրայ լայն ժողովրդականութիւն գտած թատերական գործ մը. պաշտպանեցինք համալսարանական նոր սերունդին դժգոհութիւնները, հետզհետէ խմորուող ըմբոստութիւնը՝ հիներուն, տիրող կարգերուն դէմ...»:

Այս տողերու ընթերցումէ ետք կը փորձեմ նժարի վրայ դնել ներկայ սերունդի հետաքրքրութիւններն ու անցեալինը, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր ու զանազան են: Մավեանի այս խօսքերուն դիմաց կը յիշեմ անցեալ օր սրճարանի մը մէջ ականջս ծակող խօսակցութիւնը. երիտասարդ աղջիկ մը, իր տարեկից ընկերուհիին հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կը պատմէր, թէ իր խօսակից տղան «գիշեր բարի» ըսելու փոխարէն «եաթախ քըլապ» կ՚ըսէ... այլ «քըլապ»ին կը յաջորդէր «ինծի իշուկս կ՚ըսէ» պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող յայտնութիւնը եւ երկու երիտասարդ երկար ժամանակ կը խօսակցին այնպիսի նիւթերու մասին՝ որ մարդ կ՚ուզէ կա՛մ լռեցնել եւ կամ ձգելով հեռանալ այդ միջավայրէն:

Ժամանակներուն հետ միատեղ մարդոց հետաքրքրութիւններն ալ փոփոխութիւն կը կրեն եւ այսպիսով անցեալին կարեւորութիւն ներկայացնող արժէք մը յաջորդող սերունդին մօտ կրնայ անկարեւոր նկատուիլ՝ մտածողութեան հսկայ վիհեր ստեղծելով զիրար յաջորդող երկու սերունդներուն միջեւ:

Անցեալին, 1850 թուականէն ետք ի յայտ եկաւ երիտասարդ նոր սերունդ մը՝ Դուրեանով, Մեծարենցով, Նալպանտեանով, Պէշիկթաշլեանով, Սիամանթոյով եւ բազմաթիւ ուրիշներով, որոնք մահացան քառասուն տարեկան չհասած, սակայն եղան «Զարթօնքի սերունդ» մը: Մեր թուականէն 53 տարիներ առաջ՝ 1968-ին լոյս տեսաւ արձակագիր ու մանկավարժ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» վեցերորդ հատորը, որ գրողի կողմէ կոչուեցաւ «Արուեստագէտ սերունդ»: Օշական իր այդ աշխատութեան միտքին մէջ կը գրէ. «Ամլութեան օրերուն իսկ պիտի կազմաւորուի ուրիշ սերունդ մը, ան որ կը սիրեմ «արուեստագէտ սերունդ» անուանել»: Նոյն սերունդին մասին խօսելով հրապարակախօս Շաւարշ Միսաքեան կ՚ըսէ. «Ունէինք սերունդ մը, որ պատրաստ էր գործի վերածելու ցանուած հունտերը»:

Վերոյիշեալ սերունդներէն ետք՝ ահաւասիկ մերօրեայ սերունդը, որ ո՛չ Զարթօնքի սերունդի տիտաններուն գործերուն ծանօթ է, ո՛չ Արուեստագէտ սերունդին արուեստը գնահատել ու արժեւորել գիտէ: Նման սերունդ մը ի՞նչ կրնանք կոչել:

Անցեալին կը խօսէին ազգային պատկանելիութեան եւ անոր գիտակցութեան մասին, այսօր մեր նոր սերունդէն քանի՞ն այդ պատկանելիութեան, անոր կարեւորութեան ու գիտակցութեան մասին մտածած ունի. մէկ սերունդէն միւսը կը գերեզմանուի ա՛յդ պատկանելիութիւնը ու անոնց տեղը կու գան նորերը՝ անծանօթ մեր ինքնութեան ու բարքերուն:

Անցեալին ուսում չունեցող ռամիկ հայը շա՛տ աւելի գիտակից ու խելահա՛ս էր, քան նոր սերունդի համալսարանաւարտը: Անցեալի՛ն հողագործէն, բանուորէն, մսավաճառէն ու նպարավաճառէն աւելի՛ գիտակից սերունդ ունեցանք, քան՝ բարձրագոյն ուսում ունեցող անհատէն, որոնց որդիները հիմա այնպէ՛ս ինչպէս ջայլամը իր գլուխը հողին մէջ կը մխրճէ, իրենց գլուխները արդի արուեստագիտութեան չարիքներուն մէջ մխրճած կը թափառին փողոցները:

Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ հողագործ սերունդ մը աւելի առողջ նոր սերունդ մը առաջ բերէ՝ քան դաստիարակուած, զարգացած ու ուսման տէր եղող հողագործին զաւակը. պատճառը պարզ է. որովհետեւ հետաքրքրութիւնները կը փոխուին, իմաստաւորը կը փոխարինուի անիմաստով, յարգանքն ու պատիւը կը փոխարինուին անպատուութեամբ ու անկրթութեամբ: Այդ բոլորը այնքա՛ն արագ ու սրընթաց փոփոխութիւն կը կրեն, որ ներկայիս տասնհինգ տարեկան պատանին գրեթէ ոչինչ կը գտնէ խօսելու վաթսուն տարեկան եւ վեր մեծերու հետ, որովհետեւ անոնց հասարակաց միա՛կ գիծը վերջապէս իրենց արենակցութիւնը կ՚ըլլայ:

Եթէ Մավեանի սերունդը, կէս դար առաջ թատերական ներկայացում մը քննադատելով՝ անոր արժեւորումը կը կատարէին, այսօր հասակ առնող նոր սերունդը իրմէ շա՛տ աւելի դիտում ունեցած «այլանդակութեան մրցակից»ներն է որ կը քննադատէ: Պատմութիւնը փա՛ստ է, որ անցեալին համալսարանականներու բողոքները ինչպիսի յեղափոխութիւններու սկիզբ տուած է. այսօր միակ բողոքը հաւանաբար դաս ընելու տաղտուկն ու գլխացաւն է պարզապէս:

 Օր պիտի ըլլա՞յ որ ունենանք պիտանի, գիտակից սերունդ մը՝ որ նո՛ր զարթօնք մը  յառաջ բերէ մեր կեանքէն ներս. յոյսը ամօթով չի՛ ձգեր...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԷՈՐԳ ԿԻՒՐՃԻԵՒ
(1866-1949)

Մեր թուականէն 72 տարիներ առաջ՝ 29 հոկտեմբեր 1949-ին Ֆրանսայի մէջ մահացած է մտաւորական, փիլիսոփայ, հոգեւոր ուսուցիչ, պարուսոյց ու երաժիշտ Գէորգ Կիւրճիեւ:

Գէորգ ծնած է 13 յունուար 1866-ին, Կիւմրիի մէջ: Անոր հայրը եղած է աշուղ՝ ծանօթ «ուստա Ատաշ» անունով: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած՝ Կարսի Ս. Առաքելոց վանք: Փիլիսոփան եղած է Աւետիք Իսահակեանի դասընկերը. որոշ աղբիւրներ կը նշեն, թէ եղած է նաեւ Ստալինի դասընկեր՝ Վրաստանի հոգեւոր սեմինարի ընթացքին:

Երիտասարդ տարիքէն Գէորգ շրջած է բազմաթիւ երկիրներ. ինչպէս՝ Յունաստան, Եգիպտոս, Աֆղանիստան, Թուրքիա, Հնդկաստան, Ափրիկէ եւ այլ երկիրներ: Զանազան երկիրներ շրջելու նպատակը եղած է ուսումնասիրել եւ համեմատել տարբեր ժողովուրդներու հոգեւոր աւանդութիւնները, հաւաքել յայտնաբերուած գիտելիքները՝ նոյնիսկ երաժշտութեան եւ պարի ճամբով. այս աշխատանքը կոչուած է «Ճշմարտութիւն փնտռողներ»:

Գէորգ Կիւրճիեւ բազմաթիւ երկիրներ շրջելէ ետք Մոսկուայի մէջ 1912-ին կը հիմնէ իր անձնական հոգեւոր գիտելիքներու դպրոցը ու կը սկսի իր գաղափարները քարոզել իր աշակերտներուն, որոնք՝ իր բառերով «կ՚ուզեն իրենց անձերը կերտել»:

Կիւրճիեւ իր փիլիսոփայութեանց մասին գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ, որոնք տպագրուած են «Ամէն ինչ եւ ամէն ինչ», «Բելզեբուբի հեքիաթներ», «Հանդիպումներ հանրաճանաչ մարդկանց հետ»  եւ այլ աշխատութիւններու մէջ: Անոր առաջին հրատարակած գործերէն եղած է «Տեսք իրական աշխարհից» աշխատութիւնը։

Գէորգ Կիւրճիեւ 1915-ին ծանօթացած է փիլիսոփայ ու լրագրող Ուսփենսկիի հետ, որ կ՚օգնէ անոր գաղափարներու մշակման եւ կամաց-կամաց դէպի Եւրոպա հասնելուն: Անոր փիլիսոփայական մտածումները խոր են եւ մինչեւ օրս կ՚ուսումնասիրուին տարբեր երկիրներու համալսարաններու մէջ: Անոր մահէն ետք իր անմիջական աշակերտները հիմնած են Կիւրճիեւեան հիմնադրամներ Ֆրանսայի, Լոնտոնի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Մեքսիքայի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ:

Մինչեւ օրս Գէորգ Կիւրճիեւ՝ որ աւելի ծանօթ է Ճորճ Կիւրճիեւ անունով, կը մնայ անլուծելի մտածող մը, որուն համար կոչուած է «Առեղծուածային իմաստունը», որուն գործերը մինչեւ օրս տարբեր համալսարաններու մէջ որպէս փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան դասագիրք կը գործածուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021