«ՕՐԷՆՔԸ ՀՈԳԵՒՈՐ Է…»

«Գիտենք անշուշտ, որ Օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնեղէն եմ՝ մեղքին ստրուկ դարձած։ Ինչ որ կ՚ընեմ՝ չեմ հասկնար թէ ինչո՛ւ կ՚ընեմ։ Որովհետեւ ուզածս չէ որ կ՚ընեմ, այլ հակառակը՝ ատած բանս է որ կ՚ընեմ», (ՀՌՈՄ. Է 14-15)։

Այսպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ։

«Օրէնքը հոգեւոր է», կ՚ըսէ Առաքեալը։

Արդարեւ, ինչպէս որ «մարմնաւոր» բառը կը նշանակէ «չար կիրք» եւ «բաղձանք», նոյնպէս «հոգեւոր» բառը կը նշանակէ ո՛չ միայն սրտին մէջ եղածը իբր սոսկ արտաքին բաներէն զատուած, անջատուած, այլեւ ուրիշ ազդեցութիւններէ զերծ՝ սուրբ, մաքուր, աստուածային եւ Սուրբ Հոգիին մտքին եւ կամքին համաձայն բաներ։ Ուստի Աստուծոյ Օրէնքը հոգեւո՛ր է այս նշանակութեամբ, եւ հոգեւոր, մաքուր եւ սուրբ հնազանդութիւն կը պահանջէ։

«Ես մարմնաւոր եմ»։ Մարմնաւոր մարդը այն է որ մարմնաւոր, այսինքն չար կիրքերու կը ծառայէ։ Ուստի, Առաքեալը ըսել կ՚ուզէ, թէ ինք դեռ մարմնաւոր բնութեան մը ազդեցութեան ներքեւ էր։ «Մեղքի տակ ծախուած», այսինքն՝ մեղքին շղթայակապ գերի եղած։

Առաքեալը, օրէնքով կամ լոկ անձնական զօրութեամբ փրկուելու ջանք ընող մարդը երկու մասերու կամ երկու անձերու կը բաժնէ, այսինքն՝ «ներքին մարդ»ը, որ է միտքը, եւ «մարմնաւոր մարդ»ը, որ է Աստուծմէ հեռացած սիրտը։ Առաջինը կը նշանակէ մարդուն բանականութիւնը, խիղճը, բարոյական կարողութիւնները՝ որ կ՚որոշեն ուղիղը, ճիշդը եւ բարին, եւ կը ստիպեն մարդը ընտրել եւ ընել ի՛նչ որ ուղիղ է, եւ անոր յաւիտենական երջանկութեանը համար է։

Երկրորդը կը նշանակէ մարդուն ապականեալ կիրքերը եւ հակամիտութիւնները։

Եւ այսպէս երկուքի բաժանեալ մարդ մը իր միտքովը կը հաւնի, կ՚ընդունի Աստուծոյ Օրէնքը եւ երբեմն կը ջանայ անոր հնազանդիլ։ Բայց անոր ապականեալ սիրտը դէ՛մ կ՚ելլէ, արգելք կը հանդիսանայ եւ զայն կը ձգէ, կը տանի մեղքերու մէջ։ Այսպէս մարդուն ներսիդին պատերազմ մը, պայքար մը կ՚ըլլայ, այնպէս որ Առաքեալին խօսքին համաձայն, մարդը շատ անգամ ի՛նչ որ կ՚ատէ, այսինքն ի՛նչ որ անոր խղճին ատելի կ՚երեւի, զայն կ՚ընէ իր չար սրտին ազդեցութեամբը։ Ուրիշ խօսքով, միտքը կը պարտուի այս պայքարին մէջ։

«Վերստին ծնեալ» քրիստոնեաներ քիչ շատ այսպիսի ներքին պատերազմներ, պայքարներ ունին, քանի որ կատարելապէս սրբուած չեն։ «Վերստին չծնած» մեղաւորներ ալ ունին ներքին մեծ կռիւներ, պայքարներ։

Աշխարհի կամ ժամանակաւոր բարիքներու համար անոնց փափաքները կը պայքարին ընդդէմ այն մտաւորական համոզումներուն՝ որոնք կ՚ունենան իրենց ճշմարիտ շահերուն եւ պարտաւորութիւններուն վրայ։ Եւ այսպիսի պայքարներու, պատերազմներու, հոգեւոր կռիւներու մէջ Աստուծոյ շնորհքը քրիստոնեան յաղթո՛ղ կ՚ընէ մեղքերու դէմ. բայց չնորոգուած մեղաւորը, ներքնապէս չփոխուած մէկը՝ որ չունի այդ շնորհքը, պարտուելով, յաղթուելով՝ եւս աւելի՛ գերի կը դառնայ մեղքին։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ո՛չ թէ ես»։ Այսինքն ո՛չ թէ բուն անձս, այն է բանականութիւնս եւ խիղճս, այլ՝ ներսիդիս բնակող մեղքը, այսինքն մեղանչական կիրքերս եւ փափաքներս։ Այս կը նշանակէ՝ թէ բարի բան մը չկայ մարմնաւոր բնութեանը մէջ մարդուն կամ ապականեալ սրտին մէջ, մինչեւ որ անոր մէջ Աստուծոյ Հոգիին եւ անոր Խօսքին միջոցով «բարոյական նորոգութիւն մը չգործադրուի։ Մարմնաւոր մարդը, այսինքն «չնորոգուած մարդ»ը՝ մեղաւորը, կրնայ ճշմարտախօս, արդար, գթած, ողորմած եւ բարերար ըլլալ, կրնայ ընել շատ բաներ որ ինքնին ուղիղ են եւ բարի, եւ յարգութեան եւ սիրոյ արժանի, սակայն մինչեւ որ Աստուծոյ շնորհքովը նորոգուած չըլլայ այնպիսին, ճշմարիտ սէր չունի Աստուծոյ նկատմամբ, եւ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ սկզբունքէն մղուած բան մը չ՚ըներ, ուստի եւ շարունակ կը մեղանչէ ընդդէմ Աստուծոյ Օրէնքին, որ ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ հանդէպ սէր կը պահանջէ։ Կրնայ ըլլալ որ այսպիսի անձ մը «կամեցողութիւն» ունենայ հնազանդութիւն ընել Աստուծոյ պահանջներուն, պատուիրաններուն, այսինքն այն պահանջներուն ուղղութիւնը տեսնելով ուզէ անոնց հնազանդիլ, եւ սակայն իր մէջը «մարմնաւոր խորհուրդ»ներ եւ ապականեալ կիրքեր տիրելուն պատճառով, այս կամեցողութիւնն ալ ի գործ դնել անկարելի կ՚ըլլայ. ուստի եւ մարդը հոգեւոր եւ կատարեալ հնազանդութիւն պահանջող Օրէնքէն դատուելով՝ հոգեւոր բարութենէ բոլորովին զուրկ կը գտնուի։

Այսպիսի վիճակի մէջ մարդը կ՚ընէ ո՛չ թէ բարին զոր Աստուծոյ սուրբ եւ հոգեւոր օրէնքը կը պահանջէ եւ զոր մարդն ալ կ՚ուզէ ընել, քանի որ բանականութիւնը եւ խիղճը հաւանութիւն կու տան բարիին, այլ կ՚ընէ չարը զոր չ՚ուզեր ընել, որովհետեւ գիտէ թէ չա՛ր է։

Ուզած բաները չընելուն եւ չուզած բաները ընելուն պատճառը մե՛ղքն է որ մարդուն սրտին մէջ կը բնակի եւ իբրեւ օրէնք իրեն «հնազանդութիւն» կը պահանջէ։ Իրեն հը-նազանդութիւն, այսինքն չարագործութիւն պահանջող այս օրէնքը ո՛չ թէ գերագոյն իշխանութեամբ մարդուս վրայ դրուած օրէնք է, այլ չարի սկզբունք է, որուն հպատակ է մարդուն սիրտը կամաւ եւ չարագործութեամբ, մինչեւ իսկ երբ մարդը բարիին ուղղութիւնը տեսնելով բարին ընել կը կամենայ։ Բանականութիւնը, խիղճը Աստուծմէ տրուած բարոյական բնութիւններ են, որոնց հնազանդիլ եւ որոնց համաձայն շարժիլ մարդուս երջանկութեան եւ երանութեան պայմաններն են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 27, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018