ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍԻՆ
Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր ծիսական արարողութիւնը Ս. Պատարագն է։ Ս. Պատարագը Եկեղեցւոյ կատարուած արարողութիւններէն մէկը չէ պարզապէս։ Եկեղեցւոյ հաւատքին եւ ինքնութեան ամենակարեւոր արտայայտութիւնն է։
Իր աշխարհային կեանքի վերջին երեկոյեան՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս հաւաքեց իր աշակերտները՝ վերջին ընթրիք մը ունենալու համար անոնց հետ։ Ընթրիքը աւանդական հրէական ծիսական ճաշ մըն էր, որուն մաս կը կազմէին աղօթքներ, սաղմոսացութիւն, բաղարջ հացի բեկում եւ նոյն բաժակէն գինիի արբեցում։
Նոր կտակարանի մէջ այս դէպքի վերաբերեալ նկարագրութիւններէն կը տեղեկանանք, որ ընթրիքը բնական ընթացքի մը մէջ էր, երբ Յիսուս առաւ բաղարջ հացը իր ձեռքը, օրհնեց եւ կտրեց զայն, ինչպէս այնպէս որ միշտ ըրած էր, եւ անսպասելիօրէն ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար է»։ Կրնանք միայն երեւակայել Քրիստոսի աշակերտներուն շփոթութիւնը այս առթիւ։ Աւանդական ընթրիքի սովորական ընթացքէն շեղիլը գայթակղութեան տեղի կրնար տալ։ Ապա Յիսուս՝ օրհնելէ ետք գինիի բաժակը, բարձրացուց աշակերտներուն առջեւ եւ ըսաւ. «Այս բաժակը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ըրէք ասիկա իմ յիշատակիս համար՝ քանի անգամ որ խմելու ըլլաք»։
Յիսուսի առաքեալները կրկնեցին այս ծէսը իրենց Տիրոջ յիշատակին։ Չորս աւետարանները, Գործք Առաքելոցը, Ս. Պօղոս առաքեալի թուղթերը եւ այլ հին քրիստոնէական գրութիւնները կը յայտնեն, թէ Քրիստոսի կողմէ հաստատուած այս ծիսակատարութեան սովորական կիրառումը ամենակարեւոր քրիստոնէական պարտականութիւնն է։ Անոնց համար միջոցն էր այս Յիսուս Քրիստոսի հետ միանալու եւ վերակոչելու կատարեալ եւ յաւիտենական կեանքի խորհուրդը Աստուծոյ հետ, զոր ան բերաւ իրենց, այն յաւիտենական կեանքը, որ Ինքն իսկ էր. «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։
Քրիստոնէական հաւատքի տարածումով աշխարհի չորս դէմ, Ս. Պատարագի արարողութիւնը զարգացաւ քրիստոնէացած այլեւայլ մշակոյթներու ոլորտին մէջ որպէս խորհրդանիշը Ս. Եկեղեցւոյ ինքնութեան։ Հայերէնով հնագոյն գրութիւններու մէջ կարելի է տեսնել, որ հայեր Ս. Պատարագը - այն արարողութիւնը որուն խարիսխն է Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան հետ հաղորդութիւնը - կը նկատէին իրենց քրիստոնէական հաւատքի գլխաւոր արտայայտութիւնը։ Հինգերորդ դարու հայ պատմիչներ, Փաւստոս Բիւզանդ եւ Ագաթանգեղոս, կը յիշեն, թէ հայեր Գոհաբանութիւն կը մատուցանէին վանքերու եւ այլ վայրերու մէջ։ Անոնք կը մէջբերեն աղօթքներ, որոնք այսօր ալ գործածութեան մէջ են։ Սոյն աղօթքներու բեկորները եւ Ս. Պատարագի մասերը կը հանդիսանան օղակը մեր եւ ամենավաղ շրջանի հայ քրիստոնեաներուն միջեւ։
Բոլոր հին եկեղեցիներու մօտ Ս. Պատարագը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր մասերէ՝ «Ճաշու ժամ» եւ «Գոհաբանութիւն»։ Հայոց Ս. Պատարագին մէջ այս երկու մասերէն իւրաքանչիւրին կը նախորդէ նախապատրաստական բաժին մը եւ կը հետեւի հակիրճ վերջաբան մը։ Այս երկու բաժիններն ալ ուշ շրջանի յաւելումներ են՝ հնաւանդ երկմասնեայ կառուցուածքին վրայ։
Ճաշու ժամը, որուն միջազգային հոմանիշը «Սինաքիս» է եւ կը նշանակէ «ժողով», յաճախ կը կոչուի նաեւ «Բանին Պատարագ», որովհետեւ Ս. Պատարագի այս մասը հիմնուած է Աստուածաշնչական եւ մանաւանդ Նորկտակարանային ընթերցումներու վրայ։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հայրերը միշտ շեշտած են, որ աւետարանական ընթերցումներու միջոցաւ Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է որ կը յայտնուի։
Ութերորդ դարու առաջին կիսուն՝ հայ աստուածաբան Ստեփանոս Սիւնեցին (+735) կը գրէ. «Պատգամաբեր մը չէ որ կ՚արտասանէ աւետարանը եւ ոչ իսկ հրեշտակ մը, այլ երկինքի եւ երկրի Տէրը, որ կ՚ըսէ.- Ելայ Հօրմէն եւ եկայ աշխարհ». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 28)։
Քրիստոս կը յայտնուի աւետարանական ընթերցումին մէջէն եւ ասիկա կը համապատասխանէ Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ իր Մարմնին եւ Արեան յայտնութեան։ Ճաշու ժամը կը ծագի հին հրէական սինակոկի արարողութենէն։ Վաղագոյն շրջանի քրիստոնեաները հրէութենէ կրօնափոխ եղած էին եւ ամենաուշը մինչեւ երկրորդ դարու սկզբնաւորութիւնը, անոնք շարունակեցին իրենց նախահայրերու ծիսական աւանդութիւնները, որոնց թեքում տուին, շեղեցին նոր քրիստոնէական հաւատքի ոգիին ուղղութեամբ։
Ս. Յուստիանոս վկան (+ շուրջ 165) կը նկարագրէ քրիստոնէական «սինաքսիս»ը՝ աստուածաշնչական ընթերցումներ, քարոզ, հասարակաց աղօթքներ եւ ողջոյն, որոնց կը հետեւի Գոհաբանութիւնը։ Սոյն ուրուագիծը կը յիշեցնէ մեր այսօրուան Ս. Պատարագը։
Հայոց մօտ վերոյիշեալ Ստեփանոս Սիւնեցին կը ներկայացնէ Ճաշու ժամու վաղագոյն եւ կատարելագոյն նկարագրութիւնը։ Սոյն հնագոյն ուրուագիծը կը համապատասխանէ մեր Ճաշու ժամու արարողութեան մէկդի թողլով մինչեւ տասներկրորդ դար ներածուած կարգ մը մանր յաւելումներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024