ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ - Գ -
Բայց մինչեւ այս բանակին երկիր հասնիլը՝ արդէն նախարարներու ուրացութեան համբաւը հասած էր եւ ընդհանուր շփոթութիւն յառաջացուցած։ Մինչ վիճակաւոր եպիսկոպոսներն ալ իրենց վիճակները վերադարձած էին, քորեպիսկոպոսները՝ գիւղերն ու աւանները, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւղացիները եւ ազատները պէ՛տք է պաշտպանեն եկեղեցին իրենց հաւատուրաց իշխաններուն դէմ՝ կռուին եւ պատժեն զանոնք։
Նախարարները շատ շփոթած էին։ Անոնք երբ տեսան հայ ժողովուրդը եւ իրենց մերձաւորները՝ այս ընդդիմադիր բարձր ու ազնիւ ոգին շուարեցան։ Բայց միւս կողմէ, չէին համարձակեր իսկոյն միանալ այս զայրացած ամբոխին հետ եւ պարսիկներու դէմ ապստամբութեան դրօշ բարձրացնել, այլ կ՚աշխատէին համոզելով ու բացատրելով իրենց կատարած գործը՝ ժողովուրդը հանդարտեցնել։
Սակայն մոգերու ներկայութիւնը եւ անոնց անհամբեր փափաքը՝ քրիստոնէական տաճարները փակելու եւ անոնց տեղ ատրուշաններ շինել՝ ժողովուրդին եւ եկեղեցականներու գրգռմունքը առաւել եւս կը սաստակցնէին։ Եւ այդ «արդար զայրոյթ»ը առաջին անգամ բացայայտօրէն կ՚արտայայտուի Անգղ գիւղի Ղեւոնդ երէցի ձեռքով, երբ մոգպետը փորձ մը կ՚ընէ, ժողովուրդին տրամադրութիւնը հասկնալու համար։
Վասակ մարզպանը, կերպով մը կ՚աշխատի խաթարել ու կասեցնել, բայց հայ նախարարներէն ոմանք այս դէպքէն օգտուելով կը ստիպեն Վարդանը յայտնապէս ապստամբութեան դրօշ բարձրացնել, կարծելով, թէ այդ ապստամբութիւնը կորստաբեր կ՚ըլլայ իրենց անձնական թշնամի Վասակի համար։
(Պէտք է յիշել, թէ՝ «Վասակ» անունը գործածուած է հայերու մէջ սկսեալ Առաջին դարէն մինչեւ 19-րդ դար։ «Vaso» բառէն կրճատուած է՝ որ կը նշանակէ. «ինքնիշխան, ազատ»։ Այս անունի գործածութիւնը դադրած է, քանի որ «վասակ» անունը սկսած է գործածուիլ իբր «մատնիչ» եւ «դաւաճան» բառերուն հոմանիշ)։
Վարդան սկիզբէն կը տատանուէր ապստամբիլ, բայց աւելի վերջ յօժարեցաւ, եւ միաբան ու համաձայն նախարարներու եւ եկեղեցականներու հետ՝ աշխատեցաւ Վասակին եւս նոյն մտքի կողմը շահիլ։ Վասակ եւ նոյնպէս կը տատանուէր եւ կը տարակուսէր, բայց ստիպուած միաբանած է եկեղեցասէր իշխաններու հետ եւ երդում կատարած է՝ «արիւն թափել քրիստոնէական հաւատքի եւ մեղքերու թողութեան համար»։
Հայ աշխարհի մեծամեծներու այս միահամուռ ուխտը մեծապէս քաջալերած է հայ ժողովուրդը եւ ընդհանուր ոգեւորութենէն դրդուած հայ զօրքի մէկ մասը իսկոյն ատրուշան կործանած է, յանցանք մը՝ որ մեծապէս ու խստութեամբ կը պատժուէր Պարսկաստանի մէջ։ Նաեւ բաւական թիւով մոգեր ալ կոտորուեցան այդ ընդհանուր ոգեւորութենէն դրդուած։ Այսպէս ահաւասիկ, սկսաւ հայոց առաջին ապստամբութիւնը։
Այնուհետեւ Պարսիկներու ձեռքէն մի առ մի առնուեցան նշանաւոր բերդեր, եւ կործանուեցան կրակատները։ Բայց հետզհետէ հասկնալով գործին ծանրութիւնը՝ Վարդան անհրաժե՛շտ գտաւ յոյներու, ինչպէս եւ «յունաբաժին հայ»երու օգնութեան դիմել, մանաւանդ որ պարսիկներ արդէն ահագին պատրաստութեամբ Աղուաններու երկրէն Հայոց երկիրը մտնելու կը պատրաստուէին։
Ուստի ամբողջ հայ աշխարհի կողմէ «պաղատական նամակ» գրուեցաւ յունաց Թէոդոս կայսեր, որ օգնէ ու պաշտպան կանգնի հայ աշխարհին։
Բայց Թէոդոս կայսրը ճիշդ այդ ժամանակ վախճանեցաւ, եւ անոր յաջորդ Մարկիանոս կայսրը առանձին դեսպանութեամբ վստահեցուց Յազկերտը, թէ բնա՛ւ պիտի չօգնէ հայերուն։
Յոյներ անլսող գտնուեցան իրենց արենակից ու հաւատակից հայ եղբայրներու ձայնին ու յունաց բաժնի հայ իշխանները, եւ այսպէս Պարսիկներու բաժնի հայերը միմիայն իրենց ուժին ու կարողութեան թողուեցան։
Տակաւին հայ դեսպաններ չէին վերադարձած, երբ Վարդան թէ՛ իր հայրենիքը, եւ թէ միանգամայն Աղուաններու երկիրը պաշտպանելու համար, եւ այստեղ ծանր հարուած մը հասցուց Պարսիկներուն։
Սակայն այս յաղթութեան խնդութիւնն ու ուրախութիւնը նսեմացաւ, երբ լուր հասաւ, թէ ի՛նչպէս Վասակ ընդհանուր ուխտէն հրաժարելով ու հեռանալով, եւ իրեն կողմը գրաւելով նաեւ երեւելի ու նշանաւոր նախարարներ՝ Պարսիկներու հետ միատեղ, անոնց միանալով, եկեղեցիներ կողոպտել, քահանաներ բանտարկել եւ հայերու բերդերը Պարսիկներու յանձնելու սկսած է։
Վարդան իր զօրքով շտապեց Արարատեան աշխարհը՝ 450 թուականի վերջերը. իսկ Վասակ քաշուեցաւ Սիւնեաց երկիրը։
Իրենց դրութիւնը ճշդութեա՛մբ Յազկերտին իմացնելու եւ գործը խաղաղութեա՜մբ վերջացնելու համար՝ Վարդանանք, նշանաւոր պարսիկ մը ուղարկեցին Պարսկաստան՝ երկրի ներկայ խռովութեան բովանդակ պատճառը Վասակին վրայ ձգելով։
Միւս կողմէն, Վասակը եւս պատգամաւոր ուղարկեց՝ բոլոր անյաջողութիւններու պատճառ եկեղեցական դասը համարելով։
Իսկ Յազկերտ՝ հասկնալով երկրի վիճակը, թողութեան հրովարտակ հանեց, կրօնի կատարեալ ազատութիւն շնորհեց եւ յափշտակուած կալուածներու վերադարձումը ապահովեց։
Արքաներու արքայի այս հրովարտակը իրեն կուսակից քահանաներու ձեռքով տարածեց Վասակ, բովանդակ Հայաստանի մէջ՝ յորդորելով մանաւանդ հայ գեղջուկին ու իշխաններուն՝ հեռանալ Վարդանէն եւ անոր հետ չկորսուի՛լ։
Եւ արդարեւ՝ շատերը հեռացան…։
Բայց շուտով պարզուեցաւ, որ «թողութեան հրովարտակ»ը պատրանք մըն էր պարզապէս եւ թէ 451 թուականին՝ Զատկին՝ պարսիկները ապահովուած էին որ յոյները, որոնց կը վստահէին հայերը, պիտի չօգնէին իրենց ո՛չ մէկ կերպով, մեծ բանակով մը մտան հայոց երկիրը։
Վարդան կոչ ըրաւ ժողովուրդին՝ հայրենիքը ե՛ւ եկեղեցին պաշտպանելու համար եւ հասարակ շինականներ, իշխաններ, կտրիճներ հաւաքուեցան Աւարայրի գիւղին մօտ…։
- Յաջորդով՝ «Վարդանանք Պատերազմը»՝ որ է առաջին կրօնական պատերազմը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 23, 2016, Իսթանպուլ