ԱՐԴԱՐ ՎԱՍՏԱԿ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ԾԱԽՔ

Աշ­խա­տան­քը՝ աշ­խար­հի սկիզ­բէն ի վեր ան­փո­փոխ եւ կեն­սա­կան սկզբունք մը ե­ղած է ա­մէն կեն­դա­նի էա­կի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­մա­նը հա­մար։ Եւ բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րու ա­մե­նէն կա­տա­րեա­լը՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ ե՛ւ բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուա­ծը՝ մար­դը աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ է որ կրցած է ա­պա­հո­վել իր էու­թիւ­նը։ Մար­դուս աշ­խա­տան­քի ձեւն ու հան­գա­ման­քը կը տար­բե­րի միւս կեն­դա­նի­նե­րէն, քա­նի որ ան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի «ա­պա­գայ»ի մը ի­րո­ղու­թեան եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով չ՚աշ­խա­տիր միայն իր ներ­կան ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, այլ նաեւ՝ իր եւ իր յա­ջորդ­նե­րուն ա­պա­գա՛ն։

Եւ «ա­պա­գայ»ի հա­մար աշ­խա­տիլ, ո՛չ միայն ներ­կայ սե­րուն­դի, այլ ա­պա­գայ սե­րուն­դի մա­սին մտա­հո­գուիլ, ա­նոնց ա­պա­հո­վու­թեա­նը, բա­րե­լաւ­մա­նը եւ եր­ջան­կու­թեա­նը ձգտիլ, ա­նոնց հա­մար ալ ներ­կա­յին աշ­խա­տիլ միա՛յն մար­դուն յա­տուկ, բնո­րո­շիչ հան­գա­մանք մը՝ բա­րե­մաս­նու­թիւն մըն է։

Ար­դա­րեւ, «ա­պա­գա՛յ»ի մա­սին մտա­հո­գուիլ, ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու հո­գա­ծու­թիւ­նը ստանձ­նել՝ մար­դուն ի­մա­ցա­կա­նու­թեան, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեան հարց մըն է, որ միա՛յն մար­դուն իւ­րա­յա­տուկ է։

Ուս­տի մարդ կը խոր­հի, կը մտա­հո­գուի, կը պատ­րաս­տուի նաեւ յա­ջորդ ժա­մա­նակ­նե­րու, այ­սինքն՝ ա­պա­գա­յին, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բո­լո­րո­վին «ան­ծա­նօթ» աշ­խարհ մըն է՝ ան­տե­սա­նե­լի, ան­շօ­շա­փե­լի եւ նոյ­նիսկ շատ ան­գամ «ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի՛»։­

Եւ այս կէ­տին, ա­հա­ւա­սիկ ե­րե­ւան կու գայ մարդ­կա­յին բարձր ա­ռա­քի­նու­թեան մը ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ մար­դա­սի­րու­թեան, զո­հո­ղու­թեան, նուի­րու­մի, անձ­նուի­րու­թեան ազ­նիւ եւ սրբա­զան զգա­ցում­նե­րը, ո­րոնք մարդ էա­կին յա­տուկ են։

Ար­դա­րեւ, մար­դը «մա՛րդ» ը­նո­ղը իր այս յատ­կու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դար­ձումն է, ինչ որ կ՚են­թադ­րէ այ­լա­սի­րու­թիւն, գի­տակ­ցու­թիւ­նը այն ճշմար­տու­թեան, թէ՝ աշ­խար­հի վրայ միայն «ինք» չկայ, միակ կա­րե­ւո­րը իր «Ես»ը չէ՛, այլ իր շուրջ կայ նաեւ ի­րեն նման­ներ, եւ ոչ միայն ներ­կա­յիս, այլ նաեւ՝ յա­ռա­ջի­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն ի­րեն բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ յա­ջորդ­ներ։ Այ­լա­պէս ա­նոնք ալ հո­գալ, ա­նոնց ալ պա­հանջք­նե­րը ներ­կա­յիս տես­նել ու գո­հաց­նե­լու հա­մար կա­րե­լին ը­նել՝ ա­ռա­քի­նի մար­դու յատ­կու­թիւն մըն է։ Եւ ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, այ­լա­սի­րու­թիւն կամ մար­դա­սի­րու­թիւն չի նշա­նա­կեր միայն ներ­կայ մարդ­կու­թիւ­նը սի­րել, այլ սի­րել եւ հո­գալ նաեւ ա­պա­գայ մար­դը։

Մար­դուս տե­սա­ծը սի­րել, տե­սա­ծը հո­գալ մա­սամբ դիւ­րին է եւ բնա­կա՛ն. բայց ան­տե­սա­նե­լին, ան­ծա­նօ­թը սի­րել եւ հո­գալ, ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է վե­հանձ­նու­թիւ­նը, «կա­տա­րեալ մարդ» ըլ­լա­լու, «բա­րե­գործ» ըլ­լա­լու նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ ի­մա՛ս­տը։

Ար­դա­րեւ միայն իր շուր­ջին­նե­րը սի­րել, միայն իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը հո­գալ ա­մէ­նուս պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է, քա­նի որ մար­դուս սկզբնա­կան կո­չումն է ի­րե­րօգ­նու­թիւն, բայց «շուր­ջին­ներ» ու սահ­ման­ներ թէ՛ ան­ձե­րով եւ թէ՛ ժա­մա­նա­կով անց­նիլ «մեծ մարդ»ու, ազ­նիւ եւ ա­ռա­քի­նի մար­դու գո՛րծ է։ Ե­րա­նի՜ այն մար­դա­սէր­նե­րուն, ո­րոնք «մարդ»ը միայն այ­սօ­րուան մար­դը չեն տես­ներ, այլ ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը՝ ան­ցեա­լի եւ ա­պա­գա­յի մէջ միան­գա­մայն։

«Հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն»ը մար­դուս յա­տուկ բա­րե­մաս­նու­թիւն մըն է, բայց այդ հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը, մարդ, որ­քան կա­րե­նայ տա­րա­ծել ժա­մա­նա­կի մէջ, ա­նի­կա այդ­քան կա­տա­րե­լու­թեան կը հաս­նի եւ կ՚ազ­նուա­նայ։ Ուս­տի «ա­պա­գան տես­նել», գէթ ա­պա­գան ե­րե­ւա­կա­յել՝ մար­դուն տրուած ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է, որ մար­դը կը բարձ­րաց­նէ, մե­ծա­հո­գի կ՚ը­նէ։

Եւ բո­լոր այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու, ճշմար­տու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, կա­րե­լի է ը­սել, որ աշ­խա­տան­քը պար­տա­ւո­րու­թիւն մըն է մար­դուս հա­մար, ա­ւե­լին՝ ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հարց մը, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պէտք է աշ­խա­տի թէ՛ իր, թէ՛ իր շուր­ջին­նե­րուն կեան­քը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, բայց ըստ վե­րո­յի­շեալ ճշմար­տու­թեան, պէտք է աշ­խա­տի նաեւ «ա­պա­գայ» մը կազ­մե­լու, ա­պա­գայ կեանք մըն ալ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Ինչ­պէս ը­սինք, ար­դէն մար­դուն սկզբնա­կան կո­չու­մը ա՛յս է եւ ան պէտք է հա­ւա­տա­րիմ մնայ իր կո­չու­մին՝ ի­րե­րօգ­նու­թեան։ Եւ այս ի­րե­րօգ­նու­թեան սահ­մա­նը պէտք է տա­րա­ծուի կա­րե­լի չա­փով մարդ­կու­թեան ա­մէն խա­ւե­րուն եւ եր­կա­րի ամ­բողջ ժա­մա­նա­կի շեր­տե­րուն մէջ։

Այս ի­մաս­տով, ստա­ցուած­քը, ընդ­հան­րա­պէս դրա­մը, պէտք է «մարդ­կու­թեան հա­սա­րա­կաց ուժ»ը հա­մա­րուի եւ ա­նի­կա ի­րե­րօգ­նու­թեան ար­դար մի­ջոց ըն­դու­նուի, կեղծ բա­րե­պաշ­տու­թեամբ չա­նար­գուի, չվար­կա­բե­կուի եւ չնա­խա­տուի։

Դրա­մը «ար­ժէք» մըն է, մի­ջոց մը, ա­ռար­կայ՝ ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի­րար զօ­րաց­նե­լու, զի­րար ամ­բող­ջաց­նե­լու, կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու, եր­ջան­կաց­նե­լո՛ւ։

Բայց այդ ար­ժէ­քը պէտք է «ար­դար վաս­տակ»ով ձեռք ձգուած ըլ­լայ, ար­դար աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք ըլ­լայ։ Այ­լա­պէս ար­ժէք չի ստա­նար ա­նի­կա։

Եւ «ար­դար աշ­խա­տու­թիւն»ը, ար­դար վաս­տա­կը աս­տուա­ծա­հա­ճոյ է, մա­նա­ւանդ երբ ար­դա­րօ­րէն օգ­տա­գոր­ծու­թեան յատ­կա­ցուի։ Այ­լա­պէս ար­դար աշ­խա­տան­քի վաս­տա­կը ե­թէ բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տակ­նե­րու չի գոր­ծա­ծուիր, ա­մուլ ու ան­շարժ, ա­նօ­գուտ կը մնայ եւ չօգ­տա­գոր­ծուած ար­ժէք մը «ար­ժէք» չի ներ­կա­յաց­ներ։ Ու­րեմն երբ աշ­խա­տան­քը ար­դար է, վաս­տակն ալ ար­դա՛ր է, բայց այդ վաս­տա­կին «ար­ժէք» ներ­կա­յաց­նե­լը կա­խում ու­նի ա­նոր գոր­ծա­ծու­թե­նէն, գոր­ծա­ծու­թեան նպա­տա­կէն։ Ա­հա­ւա­սիկ այս ուղ­ղու­թեամբ ար­դար ար­ժէք մըն է այն՝ որ մար­դուս սկզբնա­կան կո­չու­մին հա­մա­ձայն կը գոր­ծա­ծուի մար­դոց ար­դար պա­հանջ­նե­րը գո­հաց­նե­լու հա­մար։

Ա­նաշ­խատ ըլ­լալ «ըն­կե­րա­յին յան­ցանք» մըն է, այս ի­մաս­տով, ե­թէ մէ­կը բա­նա­ւոր ար­գելք մը չու­նի աշ­խա­տե­լու, ինչ­պէս Ժան Ժագ Ռու­սօ կ՚ա­նուա­նէ՝ «ըն­կե­րա­յին ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ գո­ղու­թիւն» ը­րած կը հա­մա­րուի, քա­նի որ ա­նար­դար եւ ա­նի­րաւ իւ­րա­ցում կ՚ը­նէ։ Ուս­տի ա­մէն մարդ իր կա­րո­ղու­թեան եւ տա­րո­ղու­թեան հա­մե­մատ պէտք է ար­դար աշ­խա­տան­քով ար­տադ­րէ եւ իր ար­դար վաս­տա­կը ու­րիշ­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծու­թեան տրա­մադ­րէ եւ ինք ալ, փո­խա­դար­ձա­բար ու­րիշ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­թե­նէն նպաս­տա­ւո­րուի։

Ըն­կե­րա­յին ար­դար կեան­քը ա՛յս կը պա­հան­ջէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 30, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017