ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ԴԱՐԸ ՉԷ՛ ԱՆՑԱԾ

Այսօր կան շատեր, որոնք կը խորհին, թէ հրաշքներու դարը անցած է։ Սակայն ամէն օր հազարումէկ հրաշքներ կը պատահին մեր մէջ եւ մեր շուրջը։

Այս հարցը հրաշքին մասին չէ, այլ անոր անդրադառնալ կամ անտարբեր ըլլալու մասին է։ Հրաշքը, իրապէս զարմանահրաշ դէպք մըն է, այն՝ ինչ որ մարդուս համար անկարելի, բայց Հրաշագործին համար բնական դէպք մը, իրողութիւն մըն է։ Եւ որքա՜ն սքանչելի է անդրադառնալ, գիտակցիլ, ապրիլ եւ վկայել, թէ Հզօր Աստուած, մեր Երկնաւոր Հայրը կը լսէ սրտաբուխ աղօթքները եւ օգնութեան կը հասնի մեր հոգերը, կասկածները փարատելու եւ մեր հաւատքը զօրացնելու եւ ամրապնդելու համար։

Ահաւասիկ, հաւատքով զօրացած եւ ամրապնդուած հոգիներ կ՚անդրադառնան եւ կը վայելեն հրաշքներու բարիքները։ Արդարեւ, կեանքի զանազան նեղութիւններ, ձախորդութիւններ, ճնշումներ կը մաշեցնեն մարդուս կեանքին ուղիները։

Ոմանք բեռան տակ կքած են, որովհետեւ իրենց համբերութեան կարասը ծակած է եւ չեն կրցած ամպերու ետին՝ պայծառ երկինքը տեսնել։

Ուրիշներ Աստուծոյ փէշերուն կառչած են եւ «ամէն բան բարիի գործակից կ՚ըլլայ» համարին վստահելով չարը եւ բարին ընդունած են առանց գանգատի։ Այս իմաստով, ոմանց օրերը գարունով սկսած են եւ ձմեռով վերջացած։ Ուրիշներուն ձմեռը՝ քիչ ետք գարնան քաղցրութեամբ այցելած է իրենց։ Բայց ձմրան նման՝ ձախորդ օրերը կու գան եւ կ՚երթան։

Ահաւասիկ, այս կէտին՝ հրա՛շքն է, որ ձմրան օրերը կը վերածէ գարնան օրերու։

Սուրբ Գիրքի մէջ կան բազմաթիւ տիպարներ, որոնք գարունը ապրելէ ետք ձմրան ձախորդ օրերուն հանդիպած են իրենց կեանքի վստահութիւնը եւ ապաւինութիւնը, օր մըն ալ ձմեռուան ցուրտը փարատած է եւ դարձեալ գարնան բոյրը վայելած են։

Այս տիպարներէն է Յոբ։ Յոբի համբերութիւնը տիպար մըն է վստահութեան, հաւատքի եւ հաւատարմութեան։ Արեւելքի ամենէն նշանաւոր եւ հարուստ մարդոցմէ մէկը եղած է ան։ Բազմանդամ ընտանիքի մը տիպար հայրը՝ որ օր մըն ալ Սատանայի ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ կ՚ենթարկուի աներեւակայելի տանջանքներու։

Հարստութիւնը կը կորսնցնէ։ Զաւակները արկածի զոհ կ՚երթան եւ մարմինը վէրքերով պատած փողոցը մոխիրի վրայ կ՚անցընէ իր օրերը։

Ո՜ւր էր, ո՜ւր հասաւ։

Իր տառապանքը այնչափ անտանելի էր, որ իր կինը կը թելադրէր իրեն, որ Աստուծոյ հայհոյէր եւ մեռնէր։

Այս տառապող մարդը, սակայն, ամպերուն ետեւէն պայծառ երկինքը կը տեսնէր եւ իր հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը Աստուծոյ հանդէպ պահեց, այն բացատրութեամբ, որ մենք երբ բարիքներ կը վայելենք Աստուծմէ, կարելի չէ՞ որ չարիքներ ալ հանդիպին մեզի, երբ Աստուած է որոշում առնողը կամ արտօնողը, մեզի կը մնայ առանց գանգատի ստանալ տրուածը, նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել տրուածին համար, հոգ չէ թէ որչափ անախորժ ըլլայ տրուածը։

Որովհետեւ Աստուած անսխալակա՛ն է։

Ի՞նչ եղաւ Յոբի համբերութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած սիրոյն, հաւատքին եւ հաւատարմութեան հետեւանքը։

Աստուած վերադարձուց Յոբի իր առողջութիւնը, իր հարստութիւնը եւ իր զաւակները եւ անոր երկար կեանք տուաւ ստացած բարիքները լիուլի վայելելու համար։

Ուստի, հրաշքներ կ՚իրականանան կատարեալ եւ աներկբայ հաւատքի մէջ՝ վստահելով եւ ապաւինելով Աստուծոյ, որ ամենակարողը եւ բացարձակ Տէ՛րն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024