ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՃԻՒՂ ՄԸ՝ ԹԱՏՐՈՆԸ

«Թատրոն»ը՝ յունարէն թարգմանութեամբ «տեսարաններու վայր, տեսարան», արուեստի ճիւղ մըն է՝ ուր արտայայտման հիմնական միջոցը դերասանն է։ Թատրոնը՝ ըստ էութեան կը համարուի ամենաազդեցիկ միջոցը, կամ գործիքը, որով կարելի է ներգործել մարդու հոգիին եւ մտքին վրայ, քանի որ հանդիսատեսը կատարուածը տեսնելով ինքզինք կը նոյնացնէ «կերպար»ի հետ։ Այլ խօսքով, թատրոնը հանդիսատեսը կը նոյնացնէ բեմին վրայ կատարուած հնարքներուն եւ գործողութիւններուն, որոնք կը կատարեն դերասանները։

Թատրոնի մասին այս հակիրճ տեղեկութիւններէն ետք, տեսնենք, թէ Գրիգոր Զօհրապ ի՞նչ կ՚ըսէ թատրոնի մասին։ Ուստի, ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի տեսակէտները՝ «Թատրոն» խորագրի տակ հաւաքուած։

ԹԱՏՐՈՆ

Ո՞վ ըսաւ որ զբօսանքի միջոց մըն է թատրոնը։

Ո՞վ ըսաւ որ զբօսանք մըն է թատրոնը, ո՞վ ըսաւ որ պարի կամ թղթախաղի տեղը բռնելու պէտք է ծառայէ ատեն ատեն, պարզապէս զանազանութիւն մը յառաջ բերելու համար։

Այնքան յաճախ գրուած է թէ դպրո՛ց մըն է թատրոնը որ այս բանաձեւը պիտի չկրկնեմ։

Կեանքի անկայուն ու յեղյեղուկ երեւոյթները՝ աչքի առջեւ իրենց յարատեւ ներկայութեամբը հասարակ ու անկարեւոր կը դառնան գիրքի մը շարունակուող, ու լեցուն էջերուն պէս, եւ թատրոնն է որ կենալու նշան կու տայ, յատուկ ուշադրութեամբ դիտելու հարկը կը զգացնէ աս կամ ան տիպարը որուն փողոցը հանդիպած ենք շատ հեղ առանց գլուխնիս դարձնելու։

Եւ այս պատկերին առջեւ խորհրդածելու պարտաւորուած՝ հարկ չըլլա՞ր դառնալ մեր անձին վրայ, մեր սրտին վրայ իբրեւ թէ անոնք ալ մատնանիշ եղած ըլլային, եւ թատերաբեմին վրայ ի տես բերուած անձին մօտէն կամ հեռուէն ունեցած մեր առընչութիւնը որոշել, երբեմն կատարեալ մեր նմանութիւնը խոստովանիլ։

Այս ըմբռնումով, թատրոնի բարոյացուցիչ հանգամանքին բարձրութեանը ոչ մէկ արուեստ կրնայ հաւասարիլ։ Բուն իսկ կեանքն է ան. ապրուստը, իրականը ու ո՛չ թէ գրուած երգուած կամ նկարուած կեանքը։ Հոգեբանական կրկներեւոյթն է։

Եւ հոս հասարակութիւնը փոխանակ դրան ծակէն նայելու ներս, ներկայ է անձամբ. իր աչքով կը հետեւի տեսարանին յառաջ բերած ախտաբանական երեւոյթներուն, վախճանին ու դարմանի միջոցներուն։ Իսկ այն հասարակութիւններուն համար ուր որ ընթերցանութիւնը տարածուած չէ կամ գրեթէ կը պակսի, թատրոնը անհրաժեշտ պէտք մըն է հոն։ Հիմա, մարդկութիւնը՝ ամենէն շատ, տաղտուկէ կը տառապի, հազիւ աչք մը նետած գրքի մը առաջին էջին վրայ եւ ահա վերջաբանը հասկնալ կ՚ուզէ. իր աճապարող հոգիին ծանր կու գայ էջերը դարձնել մի առ մի։ Այսպիսիներուն համար թատրո՛նն է որ պիտի գայ իր կեանքի համառօտ կրճատումովը ամենէն նեղ սիրտերը գոհացնել, մէկ երկու ժամուան մէջ ամբողջ տարիներու հոլովումը, անցքերը, պատահածները խիտ ու հոծ ձեւով մը ներկայացնել եւ էապէս շահեկան մասերը երեւան հանել։

Եւ զարմանք որ մեր մէջ՝ ուր ընթերցանութեան սէրը չկայի պէս է, ուր գիրք չի հրատարակուիր, գրեթէ ուր լրագիրները անգամ հազիւ ուշացրիւ ակնարկի մը կ՚արժանանան, զարմանք որ թատերգութիւններ չեն գրուիր մեր մէջ, չեն խաղցուիր։

«Բայց թատրոնի բարձրութենէն իսկ կը հետեւի թէ կատարեալ բան մը ըլլալու է ան կամ բնաւ ըլլալու չէ», Թիէռին մէկ խօսքը փոխ առնուած հոս ըստ պատշաճի։

Դերասանական արուեստը միջակութիւն չ՚ընդունիր, ասոր համար է որ այդ պայմանով ձեւացած տեսարանը պէտք է ուրիշ, բոլորովին ուրիշ անուն մը ստանայ, բայց «թատրոն» չյորջորջուի երբեք։

Մեր մէջ արուեստագէտներ չեն պակսիր ու անկարելի չէ, բնաւ անկարելի չէ խումբ մը կազմակերպել որ թատրոնը վերակենդանացնէ։ Պէտք է ի բաց թողուլ արուեստագէտի պզտիկ նախանձները։

Ու գործնական վերջաբան մը տալու համար այս ամէն խորհրդածութեանց, կը հաւատանք որ պզտիկ ջանք մը կը բաւէ վերականգնելու թատրոնը մեր մէջ։

Մեր հասարակութեան գործերուն գլուխը գտնուողներուն կոչ կ՚ընենք հայ թատրոնը կազմակերպելու համար բաժին մը հանել իրենց աշխատութենէն։

Դպրո՞ցը.- Այո, բայց թատրոն ալ։

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

Վստա՛հ ենք որ Գրիգոր Զօհրապի կոչին ընդառաջած են թատրոնի կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունեցող անձեր եւ չեն խնայած ամէն ջանք այս մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 29, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2020