ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
«Որոշեցի երջանիկ ըլլալ, որովհետեւ առողջութեան համար երջանկութիւնը անհրաժեշտ է»։
François-Marie Arouet VOLTAİRE
Երջանկութիւնը առողջութեան պայմաններէն մին է անշուշտ, բայց փոխադարձաբար՝ առողջութիւնն ալ երջանիկ ըլլալու պատճառներէն մէկն է։ Ուրեմն, առողջ մարդը երջանիկ է, եւ երջանիկ մարդն ալ՝ առո՛ղջ։
Անշուշտ, երջանկութիւնը միակ պայմանը չէ առողջութեան, ինչպէս՝ միայն առողջութիւնը բաւարար չէ՛ լիակատար երջանկութեան համար։ Մարդ կրնայ ինքզինք երջանիկ զգալ որեւէ պատճառով, բայց կրնայ նաեւ առողջ չըլլալ, եւ փոխադարձաբար՝ կրնայ առողջ ըլլալ բայց որեւէ պատճառով դժբախտ ըլլալ եւ երջանիկ չզգալ ինքզինք։
Այս իմաստով երջանկութիւնը յարաբերական արժէք մըն է եւ կրնայ փոխուիլ անձերու նկատմամբ. կան՝ որ փոքր եւ աննշան բաներով իրենք զիրենք երջանիկ կը զգան, կան ալ՝ որ ինչ բարիք որ ալ ստանան միշտ իրենք զիրենք դժբախտ կը զգան եւ երբեք երջանիկ չեն ըլլար։ Այս կարգի մարդիկ անյագ մարդիկ են, միշտ աւելին, միշտ աւելի լաւը կ՚ուզեն եւ չեն կրնար լիակատար երջանկութիւն վայելել։ Եւ ո՛չ մէկ բան անոնք երջանիկ կ՚ընէ։
Կան նաեւ մարդիկ, որոնք ամենափոքր դէպքէ մը անմիջապէս կ՚ազդուին եւ իրենք զիրենք դժբախտ կը զգան. եւ քանի որ կեանքի մէջ միշտ նեղութիւններ եւ դժուարութիններ չեն պակսիր՝ անոնք միշտ դժբախտ են եւ անոնք երբեք երջանիկ չեն կրնար ըլլալ։
Եւ բոլոր այս կեանքի փորձառութիւնները եւ իրականութիւնները ցոյց կու տան, թէ երջանիկ ըլլալու համար պարզութիւնը, չափաւորութիւնը եւ կարելի չափով քիչով գոհանալը պայման է…։
Կեանքի մէջ մարդ իր ուզած ամէն բանին չի կրնար տիրանալ։ Ասիկա բնական օրէնք մըն է թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս։ Հայր մը, եթէ կարողութիւնը կը ներէ, իր զաւկին ինքնաշարժ մը կրնայ առնել, բայց ընդհանրապէս օդանաւ մը՝ ո՛չ։
Կեանքի մէջ միշտ «աւելի»ն կայ, եւ այդ «աւելի»ներուն հասնիլ կարելի չ՚ըլլար։ Չէ՞ որ առածը կ՚ըսէ. «Լաւագոյնը լաւին թշնամին է»։ Արդարեւ, մարդ լաւագոյնին հասնելու համար կրնայ զրկուիլ լաւէն։ Մարդ կրնայ բրինձի համար տան ձաւարէն ալ զրկուիլ…։ Եթէ մարդ տեղ մը անցնի իր չափը եւ կշիռը, չկարենայ սահման մը դնել իր պահանջներուն, չգիտնայ գոհանալ, երբեք երջանիկ չի կրնար ըլլալ։
Ասկէ կը հետեւի, որ մարդ պէտք է իրատես ըլլայ՝ անկարելին եւ կարելին կարենայ զանազանել, անկարելիին հետեւիլ միայն դժբախտութեան պատճառ կ՚ըլլայ…։ Պահանջներու, կիրքերու մէջ չափ եւ կշիռ ունենալ, կարենալ սահման մը դնել՝ երջանկութեան պատճառներէն կրնան ըլլալ գոնէ ժամանակի մը համար։
Երջանկութիւնը հորիզոնի կը նմանի՝ անոր հասնիլ կարելի չէ, որքան ալ անոր մօտենալ փորձուի, բայց մարդ հորիզոնը իր գծին վրայ դիտելով ալ կրնայ անոր գեղեցկութիւնը վայելել։ Ուրեմն, մարդ փոխանակ լիակատար երջանկութիւն փնտռելու, ինչ որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ գրեթէ անկարելի՛ է, ժամանակաւոր երջանկութիւններով գոհանալ գիտնալու է։ «Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է». (ՄԱՏԹ. Զ 34)։
Առաջին մարդը երջանիկ էր դրախտի մէջ, որովհետեւ, նախ այն պատճառով որ ան թէեւ «հողանիւթ բնութեամբ» ստեղծուած, բայց «աստուածային պատկերով» օժտուած էր, եւ երկրորդ՝ այն պատճառով դարձեալ որ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ էր միշտ, նախամարդը յաճախ կը տեսնէր, որ Աստուած դրախտ կ՚իջնէր իրեն համար եւ ասիկա «անտխրական խնդութեամբ» հաճոյք եւ զուարճութիւն կ՚առթէր իրեն։ Ուստի, մարդ պէտք է ունենայ ներհայեցողութեան եւ ինքնամփոփման պահեր, եւ ի՛նչպէս Ադամ կ՚ուրախանար եւ երջանիկ էր դրախտին մէջ, ի՛նքն ալ պէտք է ուրախանայ եւ ինքզինք երջանիկ զգայ հոգեւոր օրհնութիւններով, որոնք կը բխին երջանկացեալ սրտէ մը։ Դարձեալ՝ հաւատացեալը «աստուածաստեղծ նախահօր» պէս, որ դրախտի պտուղը ճաշակելով կը զուարճանար, պէտք է ճաշակէ աստուածային պատուէրները եւ անոնց համը առնէ։
Մարդ դժբախտ եղաւ պատուիրազանցութեան հետեւանքով, ինչ որ կը նշանակէ՝ իրենց սահմանուած չափ եւ կշիռը չյարգել, սահմանը անցնիլ, ուրիշ խօսքով՝ ունեցածովը չգոհանալ՝ միշտ աւելին պահանջել, փորձութեան մատնուիլ։ Եւ այդ անհնազանդութեան հետեւանքով, ոչ միայն կորսուեցաւ դրախտը, այլ նաեւ մարդկային հոգին զանազան վէրքեր առաւ թշնամիէն՝ սատանայէն եւ այս բազմապատիկ վէրքերու բուժումը Քրիստոսի անհուն մարդասիրութեամբ ապահովուած է, որովհետեւ Քրիստոս է, որ դառնաճաշակ պտուղին հետեւանքը, մա՛հը, փոխեց քաղցրագոյն օրէնքներու ճաշակման։
Ուստի, անկեղծ եւ անաչառ ըլլանք. խորհինք դրախտի եւ կամ երջանիկ կեանքի մասին, եւ ջանանք չկրկնել նախամարդուն սխալները՝ որոնք արգելք եղան իր երջանկութեան։ Այս ուղղութեամբ մեր աշխատութիւնները եւ մեր տքնութիւններուն նպատակը ճիշդ որոշենք։ Իբրեւ «մարդ» իրաւո՛ւնք ունինք երջանիկ ըլլալու այս աշխարհի վրայ, ուրեմն ինչո՞ւ մեր երջանկութեան արգելքներ չյաղթահարենք, անոնք ոչնչացնելու չաշխատինք, քանի որ մենք օժտուած ենք այդ կարողութեամբ, արդէն մեր կոչո՛ւմն է երջանկութիւնը՝ Աստուած մարդը ստեղծեց որպէսզի երջանիկ ըլլայ՝ դրախտային կեանք վայելէ…։
Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս, երջանկութիւնը կը փնտռեն աշխարհային վայելքներու մէջ՝ ժամանակաւոր եւ երազային ուրախութիւններու մէջ դժբախտաբար։ Մարդ պէտք է անդրադառնայ, որ իսկական երջանկութիւնը հոգեւոր կեա՛նքի մէջ է։
Այո՛, մարդ անշուշտ որ աշխարհային բարիքները եւ վայելքները, հրաշալի՜ միջավայրը պիտի վայելէ, քանի որ աշխարհի բոլոր բարիքները եւ վայելքները մարդուն համար են, բայց առանց չափազանցութեան։
Աշխարհի վրայ ամէն բան «լաւ» է, բայց ամէն ինչ «օգտակար» չէ մարդուս համար։
Ահաւասիկ, այս տարբերութեան անդրադարձող եւ ըստ այնմ շարժող եւ ապրող մարդն է, որ միայն կրնայ երջանիկ ըլլալ, եւ այս տարբերութիւնը կը յայտնուի պարզութեան եւ չափաւորութեան մէջ միայն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 1, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024