ԱՆԳՈՒԹ ԵՒ ՆԱԵՒ՝ ԳՈՐՈՎԱԳԻՆ
Յաճախ կը խորհիմ. մարդ թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, թէ՛ անգութ եւ թէ՛ գորովալից կրնա՞յ ըլլալ։ Անշուշտ որ բացարձակ ճիշդ արդիւնքի մը հասնիլ կարելի չէ՛ այս մասին, ինչպէս մարդկային բնութեան ամէն վիճակին, բայց մօտաւորապէս գաղափար մը գոյացնել կարելի կ՚ըլլայ, երբ մարդ էակի բնութիւնը ուսումնասիրուի տարբեր երեսակներով։ Արդարեւ մարդ էակը միշտ մնացած է «անծանօթ»՝ թէ՛ ինքն իրեն եւ թէ՛ շուրջիններուն նկատմամբ։
Այս մասին, 20-րդ դարու սկիզբը, Dr. Alexis Carrel՚ի «Մարդ Սա Անծանօթը» գիրքը իրապէս գոհացուցիչ տեղեկութիւններ կու տայ եւ եթէ ո՛չ ամբողջական բայց մեծ մասամբ կը լուսաբանէ այս «անծանօթ»ի մասին կարգ մը գաղտնիքները։ Հեղինակը, մարդս, կ՚ուսումնասիրէ բնախօսական եւ հոգեբանական եւ նաեւ՝ անհատէն անբաժանելի՝ ընկերաբանական տեսանկիւններէն դիտելով զայն։ Վերացական եւ բնազանցական գաղափարներէ հեռու՝ մարդուս մարմնական, հետեւաբար կազմախօսական, հոգեբանական եւ մտային կարողութիւններու ամբողջական ուսումնասիրութիւն մըն է, «Մարդ Սա Անծանօթը» գիրքը։
Պահ մը հեռանանք «մարդ» էակէն, ի՞նչ կը մտածէք սիրելի՜ բարեկամներ, մեր ուշադրութիւնը դարձնենք անբան, անասուն կենդանիներուն վրայ եւ հարցնենք, զոր օրինակ կատու մը՝ փոքրիկ, ընտանի սա անասունը եւ կամ թռչուն մը զգացում ունի՞ն։
Անշուշտ ընդհանուր համոզումը այն է, թէ անբան անասուն կենդանիներ բնազդով կը շարժին եւ իրենց կեանքը ընթացք կը ստանայ բնազդի միջոցով։ Այս ուղղութեամբ երկրորդ հարցում մը՝ անոնք կրնա՞ն թէ անգութ ըլլալ եւ թէ նաեւ գորովագութ։
Հարցումը ընդլայնենք. անբան անասուններ երբ իրենց սէր ցոյց տրուի գորովագին, իսկ երբ սիրոյ տեղ՝ սաստկութեան, բռնութեան ենթարկուին չե՞ն կրնար անգութ, չար ու անողորմ ըլլալ։ Արդարեւ, բնա՞զդն է որ անոնք կը փոխէ իրենց վարմունքին մէջ։
Մարդ երբ գթայ, սէր ցոյց տայ անբան անասուն որեւէ կենդանիի եւ եթէ խնամքի պէտք ունի՝ հոգածութիւն ցոյց տայ անոր։ Կը հարցնենք սիրելի՜ բարեկամներ. այդ անասունը կը զգայ այդ բարիքը եւ եթէ կը զգայ, ի՞նչ կը զգայ, ի՞նչ կ՚ըլլայ իր հակազդեցութիւնը անոր հանդէպ։
Գիտնալ կարելի չէ՝ առանց ուսումնասիրելու, առանց որոշ գիտելիքներ ունենալու եւ առանց խորը թափանցելու։ Բայց կարելի է խորհիլ, թէ մարդուն համար կարեւոր չէ անասունի մը զգացումները, թէ՛ անիկա ունի՞ զգացում, թէ չունի։ Անասունը, անբան կենդանի մըն է վերջապէս։ Այսպէս կրնան խորհիլ ոմանք, քանի որ կարեւորը մա՛րդն է՝ սա բանաւոր, շատ մը կարողութիւններով օժտուած, աստուածանման, բայց ի՛նք իրեն անծանօթ մա՜րդը։ Բայց երբ մարդ ինքզինք հպա՜րտ կը զգայ իր բանականութեամբ եւ աստուածանմանութեամբ, չի խորհի՞ր եւ չի տեսնե՞ր որ այդ «խեղճ» անբան անասուն կենդանին ալ զինք ստեղծող Աստուած ստեղծած է։ Մարդ եւ բոլոր արարածներ ի վերջոյ մէկ ծագում ունին, անոնք ստեղծողը նոյն Արարիչն է, ապա ուրեմն միւս արարածներն ալ արժէք մը եւ կարեւորութիւն մը ունին։ Այս երկրորդ խումբի արարածներուն բանականութիւն եւ կամ զգացում չունենալը, ինչ որ վիճելի է, պատճառ չէ՛ որ բոլորովին անտեսուին, անգոյ նկատուին անոնք։ Ուստի մարդուն բնակած այս աշխարհի վրայ անոնք ալ տեղ մը ունին եւ կարելի չէ՛ անտեսել եւ անտարբեր գտնուիլ այս մասին։
Մարդ ինքզինք երջանիկ կը զգայ երբ զգայ թէ ուրիշէ մը աւելի արժէք մը ունի, աւելի առաւելութիւններով եւ կարողութիւններով օժտուած է, բայց այս երբեք պատճառ մը չէ՛ որ նուազ կարողութիւն ունեցողը, քիչ արժէքով օժտուածը արհամարհէ, նախատէ։ Եւ ահաւասիկ, ո՛չ միայն մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, այլ մարդ եւ անասունի մը յարաբերութեան մէջ սկզբունքը ա՛յս ըլլալու է։ Բայց անշուշտ ամէն մէկը իր դիրքի եւ բնաւորութեան համեմատ կ՚արժանանայ մտերիմ եւ մօտ վարմունքի։ Այլապէս, մարդուս իր նմանին հանդէպ վարմունքը եւ անասուն կենդանիի հանդէպ ընթացքը նոյնը չ՚ըլլար։
Այս կէտին երբեմն կ՚ըսուի, թէ անասուն մը անհաւատարիմ է մարդուն, քան մարդս մարդու։
Բայց անոնք կը մոռնան կարեւոր իրողութիւն մը՝ մարդս մարդուն համահաւասար դիրք ունի մարդ մարդու տէրը չէ՛, բայց անոնք որ հաւատարմութիւն կը սպասեն անբան անասունէն, անոնք իրենք զիրենք «տէր»ը կը նկատեն անոնց եւ ուրեմն հաւասար չեն տեսներ զիրենք անասունին եւ ճի՛շդ է ան, քանի որ մարդը՝ «մա՛րդ» է, իսկ անբան անասունը «բանականութենէ զուրկ կենդանի՛»։ Հոս հարցը այս երկրորդին զգացում ունենալը կամ չունենա՛լն է. եւ նոյնիսկ նախնական բանականութիւն մը նոյնիսկ եթէ ունի, այդ երբեք հաւասար չի կրնար համարուիլ մարդ էակին բանականութեանը հետ, որ աստուածատուր պարգեւ մը, շնորհ մը՝ առանձնաշնորհութի՛ւն մըն է։
Մարդ պէ՛տք է զգայ, պէտք է գիտակցի թէ ինք «մա՛րդ» է, ինչ որ կարեւոր յատկութիւն մը, եզակի՛ նկարագիր մըն է համայն կենդանեկան աշխարհին մէջ եւ նաեւ ամէն կենդանի եւ անկենդան արարածներու մէջ։ Եւ մարդ պէտք է երջանիկ զգայ ինքզինք այս յատկութեանը պատճառով, քանի որ ան աստուածատուր ընծայ մըն է եւ աւելին՝ ինքզինք երախտապարտ զգալու է Աստուծոյ հանդէպ՝ այն «ազատութեան» համար որ ինք կը վայելէ։
Ուստի գիտակցիլ Աստուծոյ սիրոյն եւ իմաստութեան՝ որ մարդուն ազատութիւն պարգեւած է՝ բնութենէ եւ բնազդէ անկախ շարժելու եւ գործելու յատկութիւն։ Եւ նոյն ազատութիւնը տալով անբան անասուն կենդանիներու՝ մարդ ցոյց կու տայ իր աստուածանմանութիւնը՝ որ երբեք չի նշանակեր անոնց հետ հաւասար ըլլալ, ինչպէս որ մարդուն բանականութիւն եւ ազատութիւն տուող Աստուած, երբեք հաւասար չէ մարդուն։ Եւ ինչպէս որ Աստուած հաւասար կարելի չէ նկատել մարդուն՝ նո՛յնպէս մարդն ալ հաւասար պէտք չէ նկատել անբան անասուն կենդանիին, որը կը խնամէ, կը հոգայ, բայց չի կրնար ստեղծել, քանի որ Արարիչը միայն մէ՛կ է՝ Աստուած։
Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ. գուցէ եթէ Աստուած Ինք սիրած չըլլար մարդը եւ անհունապէս, ինչպէս մարդ կը սիրէ անբան անասուն կենդանին, ի՜նչ կ՚ըլլար մարդուն դիրքն ու վիճակը՝ տարբեր ուրիշ արարածներէ։
Ո՜վ գիտէ ինչպիսի թշուառութիւն մը եւ դժբախտութիւններու շարք մը պիտի սպասէր մարդս, իր երկրային-ժամանակաւոր այս կեանքին մէջ։
Եթէ անբան անասունը զգացում չունի, ուրեմն ինչպէ՞ս կու գայ, երկնքի ընդարձակութիւնը կը թողու եւ կը մօտենայ մարդուն եւ զայն «տէ՛ր» կ՚ընդունի հաւատարմօրէն, որ կը խնամէ զինք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 29, 2017, Իսթանպուլ