ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ

«Ապա կ՚ըսէր.- Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ՚ըլլայ եւ մեծ ճիւղեր կ՚արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։

ՄԱՐԿ. Դ 30-32

Այս վերջին առակն է այն շարքին՝ որ սկսած է «Սերմնացանի առակ»ով. (ՄԱՐԿ. Դ 1-9), եւ ինչպէս նախորդը, այս եւս ուղղուած է ժողովուրդին։

Մարդ գրեթէ կը փորձուի ըսել, թէ Յիսուսի երեւակայութիւնը կը սկսի սպառիլ։ Չորս առակներ պատմուեցան արդէն, եւ ան կարծես կը դժուարանայ հնարել հինգերորդ մը։ Ան կը հրաւիրէ իր ունկնդիրները, որպէսզի իր հետ փնտռեն, գուցէ նաեւ որպէսզի փորձէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին անոնց ունեցած հասկացողութիւնը։

Սակայն, ոչ աւելի քան միւս առակները, այս առակը նոյնպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին յստակ սահմանում մը չի տար։ Ուստի, ան վեր կը հանէ միայն անոր բազմազան կողմերէն մէկը՝ որը բաւականին մօտ է նախորդ առակի մէջ արտայայտուածին. ան է, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեծ հակադրութիւն մը կը ներկայացնէ։

Արդարեւ, Յիսուս անոր մէջ կը տեսնէ «փոքրութիւն» եւ «մեծութիւն», պատկերը մանրագոյն հատիկի մը, որը ծնունդ կու տայ մեծ տունկի մը՝ թելադրելով այն միտքը, որ այդ միեւնոյն իրականութիւնն է, որ կը սկսի փոքրէն եւ այնուհետեւ կը դառնայ անհամեմատ աւելի մեծ։

Ուստի, մեկնաբանութիւններու ամբողջ շարք մը կարելի է կատարել ըստ այն իրողութեան, որ ունկնդիրը կը տեղադրէ բնութեան հրաշալիքներէն մէկուն՝ ծիլարձակման եւ աճման ընթացքին։ Եւ իրապէս հրաշալիք մըն է հետեւիլ հունտի մը աճելով վերջապէս ծառի մը փոխուիլը։ Եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ալ, նոյնպէս մարդուս մէջ հաստատուիլը եւ հոն հետզհետէ մեծնալ եւ տարածուիլը…

Այս իմաստով, ահաւասիկ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պէտք չէ փնտռել դուրսը, այլ մարդուս ներսը՝ սրտին խորը, ուր բնակարան կը հաստատէ ան։

Բնութիւնը մանրանկարն է Աստուծոյ Թագաւորութեան…

Անիկա մարդուն սիրտը չէ՞ արդեօք, ուր Խօսքը ծիլ կ՚արձակէ, կ՚աճի եւ կը մեծնայ, ինչպէս հատիկը՝ սերմանուած հողի մէջ։ Եւ եթէ հատիկը սերմանուի պարարտ հողի մէջ որքա՜ն աւելի շուտ եւ շատ կը բազմանայ։

Եւ կամ աշխարհը չէ՞ արդեօք, որուն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ՚երեւի շատ խորհրդապահօրէն այն պահուն, երբ կը խօսի Յիսուս, բայց յետագային ան պիտի երեւնայ շատ աւելի ակնբախ կերպով։

Հակադրութիւնը մեծութեան եւ փոքրութեան միջեւ կարելի է արտայայտուիլ բազմաթիւ ձեւերով։ Գուցէ հարկաւոր չէ ձգտիլ անպայման տեղ մը դնել այն, այնքանով՝ որքանով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը մնայ ամբողջական իրականութի՛ւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024