ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Բ. եւ Ե. դարերուն՝ հայրաբանական շրջանին, եկեղեցական Հայրեր հետզհետէ «աստուծաբանութիւն» բառին պաշտամունքային կամ պարզ «նկարագրողական» իր իմաստի սահմանէն անդին՝ տրամաբանական վերլուծումի, մեկնողական պարզաբանումի ու ուսումնասիրական մեթոտի, քննողական տարողութիւն եւ տարածք տուին։ Ուստի, աստուածաբանութիւնը չմնաց պարզօրէն Աստուծոյ մասին յայտնութեան տուեալներով խօսելու համեմատաբար սահմանափակ շրջագծին մէջ, այլ դարձաւ իմացական, տրամախոհական, քննողական յղացային գործօնութիւն մը՝ փիլիսոփայական գիտութիւններէն փոխ առնելով վերլուծման մեթոտներ եւ եզրեր։

Աստուածաբանութիւնը, այսպէս, հետզհետէ ստացաւ վարդապետական կեցուածքի մը, դիրքաւորումի մը նկարագիրը՝ «մեկնաբանութիւն» մը ըլլալու կերպարանքը։ Քրիստոնէական ճշմարտութիւնները սկսան սահմանուիլ, մեկնաբանուիլ, թարգմանուիլ՝ պաշտպանուիլ ընդդէմ ժխտումներու կամ այլափոխութիւններու։ Աւետարանի պատմողական, նկարագրական, առակախօսական ուսուցողական պարզ եւ սահուն ոճը եկեղեցական Հայրերու գրչին տակ սկսաւ դառնալ իմաստասիրական վերլուծումի, տրամախոհական զարգացումի, փաստարկական կառուցումի ընթացք մը։

Այս ուղղութեամբ, «աստուածաբանութիւն» (theologia) բառին կողքին աւելցան «դաւանաբանութիւն» (dogmatics), «վարդապետութիւն» (doctrine), «հաւատոյ հանգանակ» (credo կամ canon of faith) բառերու նման բանաձեւումներ։ Մէկ խօսքով աստուածաբանութիւնը դարձաւ աւելի սեղմ իմաստով՝ իմացական, մտաւոր գործադաշտ մը. ոմանց կողմէ միայն մշակելի եւ ոչ բոլորին համար կարելի։

Միջին դարերուն, եւ յատկապէս Սկոլաստիկեան շրջանին՝ ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն, մասնաւորաբար Արիստոտէլեան փիլիսոփայութեան աւելի գիտական եւ մեթոտաբանական տուեալներու ազդեցութեան տակ, աստուածաբանութիւնը սկսաւ գիտական տիսիփլինի մը նկարագիրը ստանալ՝ տրամախոհութեան սկզբունքներու վրայ հաստատուած մեթոտներու, իմաստասիրական եզրաբանութիւններու, մշակման սիստեմաթիկ եղանակերու որդեգրումով եւ լայն օգտագործումով։ Եւ ուսուցման եղանակներն ալ փոխուեցան։ Աստուածաբանութիւնը՝ որ եկեղեցական Հայրերու մշակման մեթոտին մէջ ունէր առաւելաբար քարոզխօսային, մեկնողական եւ ջատագովական շրջագիծ։

Եւ աստուածաբանութիւնը այս շրջանին դարձաւ իւրայատուկ գիտութիւն, սիստեմաթիք դրութիւն, ինքնադրոշմ գործընթացք եւ առանձնակի ուսուցման առարկայ կամ «տիսիփլին»։

Յետագայ դարերուն, մարդկային ծանօթութիւններու եւ ուսումներու գիտականացման եւ ճիւղաւորման ընթացքին զուգահեռ, աստուածաբանութիւնն ալ ունեցաւ ճիւղաւորումներ, իր կալուածին մէջ ենթարկուեցաւ որոշ բաժանումներու, ենթաբաժանումներու եւ ջանաց իր նիւթը դասաւորումի ենթարկել գիտական մեթոտի պահանջներուն համաձայն։

Ընդհանրապէս այս բոլոր բաժանումները կատարուած են երեք դասաւորումներու կամ խմբաւորումներու.

Տեսական, պատմական եւ գործնակա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2024