ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԻԴ.)
Այսօր կու գանք գրելու յաջողութեան մասին մեր յօդուածաշարքին վերջինը ու աւելի քան երբեք կը հաւատանք, որ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը՝ «զոյգն այդ խաբող» գուցէ ստեղծուած է մարդու կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պարապութիւնը լրացնելու եւ անոր կեանքին «արժէք» մը, իմաստ մը տալու: Յաջողած թէ ձախողած, վերջաւորութեան հաւասարապէս կ՚արժանանան մահուան եւ որոշ ժամանակ յիշուելէ ետք կը տրուին մոռացութեան, այն տարբերութեամբ որ մին աւելի ուշ կը մոռցուի քան ուրիշը:
Յաջողութեան մասին կը գրենք, լաւապէս գիտենք, թէ ինչ բան մարդը յաջողութեան կ՚առաջնորդէ, սակայն, տարօրինակ ձեւով մենք անձնապէս հեռու կը մնանք յաջողութենէն. շատ անգամ նման ենք Փարիսեցիներուն, որոնց համար Յիսուս Քրիստոս յորդորեց, որ անոնց խօսքերը լսենք, սակայն կեանքի օրինակին չնայինք:
Որպէս մարդ արարածներ մեր մէջ գոյութիւն ունեցող հասարակաց գիծը այն է, որ բոլորս ալ այդ յաջողութեան ծարաւը ունինք. գուցէ մարդկային կեանքը ստեղծած է նման պակաս մը, որպէսզի մարդ ամբողջ կեանք մը հետապնդէ այդ մէկը, լաւապէս գիտնալով, որ աւարտը նոյնն է: Յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը, որուն մէջ տատանելով կ՚անցնի մեր կեանքը, երկնայինէն աւելի երկրային արժէք մըն է (թէեւ յաջողութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ երկնայինին համար գործելու)։ Այսօր նախանձով կը նայինք մեր շուրջը յաջողած մարդոց, մոռնալով, որ երկրի վրայ յաջողութիւն գտած շատ մը մարդիկ, կրնան երկինքի մէջ մեծագոյն ձախողածներ դառնալ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ մենք յաջողած կը նկատենք նիւթապէս հարուստ մարդը, որ Տիրոջ խօսքերով երկինքի արքայութեան ժառանգ պիտի չդառնայ. այսօր գեհենը լեցուն է նման յաջողակներով, իսկ անդին բազմաթի՜ւ ձախողածներ հիմա դրախտի բարօրութիւն կը զգան ու կը վայելեն (անշուշտ, եթէ կը հաւատանք անոնց գոյութեան):
Ամէն ժամանակաշրջան ունի եւ ունեցած է իրեն յատուկ ակնկալիք մը. օրինակի համար՝ ժամանակ մը եղած է, երբ մարդիկ զիրար համեմատած են բարիով ու չարով, գեղեցիկով ու տգեղով, հասակով, ազգութեամբ եւ բազմաթիւ այլ արժէքներով։ Այսօր յաջողութեան ու ձախողութեան դարն է, որ կ՚ապրինք, որովհետեւ մարդիկ (նոյնիսկ յաճախ կեղծաւորութեամբ) շողոքորթութեամբ կը քծնին յաջողածին եւ անյարմարութեամբ կը նային անձի մը, որ ձախողած է: Նախապէս ըսինք, ու դարձեալ կը կրկնենք, որ մեր կեանքին մէջ ձախողած մարդոց ներդրումը աւելի կ՚ըլլայ քան յաջողածներունը. մենք կը փորձենք դասեր քաղել յաջողածներէն, մոռնալով, որ ձախողութենէն զերծ մնալը սորվիլը ինքնին յաջողութեան կը տանի։ Այսօր պէտք է փոխենք մեր հարցը. «Ինչպէ՞ս յաջողիլ»ը փոխակերպենք «ինչպէ՞ս չձախողիլ»ով, որովհետեւ վերջինը սորվիլը, արդէն իսկ առաջինին հասնիլ կը նշանակէ:
Իրականութեան մէջ կը հաւատանք, որ բոլոր մարդիկ յաջողածներ են՝ որոնք ժամանակի ընթացքին կը ձախողին. հին փիլիսոփաները կը հաւատային, որ մութը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի. մութը պարզապէս լոյսին բացակայութիւնն է. գուցէ գոյութիւն չունի նաեւ ձախողութիւն, որովհետեւ իրականութեան մէջ բոլորս ալ հաւասար ձախողածներ ենք՝ մինչեւ գտնենք յաջողութեան լոյսը:
Այսօր մեզմէ ո՛վ յաջող, ո՛վ ձախող է չենք գիտեր, սակայն, յաջողութենէն ու ձախողութենէն վեր կը նկատենք մարդկային արժէքները. մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ յաջող կամ ձախող ըլլալու փոխարէն առաջնահերթութեամբ կը քարոզէր մարդ ըլլալու մասին. «մարդու նկատմամբ մա՛րդ եղէք մարդիկ»։ Ահաւասի՛կ, յաջողութեան ձեւ մը, որովհետեւ ամէն յաջողած մարդ չէ մարդու հանդէպ. պէտք է յաջողութիւնը նիւթականէն վեր փնտռել նաեւ շատ մը այլ արժէքներու մէջ:
Այսօր մարդ կայ նիւթապէս հարուստ է, սակայն, հոգեպէս ուրախ չէ. անդին կայ մարդ, որ նիւթապէս հարուստ չըլլալով հանդերձ ուրախ է. հիմա այստեղ հարցականի տակ է յաջողութիւնը. անոնցմէ ո՞վ է յաջողածը, ո՞վ է ձախողածը: Նիւթապէս հարուստ, սակայն իր կեանքը ոչ հոգեպէս ուրախ անցընող մարդը պէտք է յաջո՞ղ, թէ ձախող նկատել. վերջապէս յաջողութիւն մը չէ՞ կեանքի մէջ ըլլալ գոհունակ եւ ուրախ՝ նոյնիսկ նիւթապէս ձախող պայմաններու մէջ: Աւելի լաւ չէ՞ յաջողութիւնը փնտռել մեր մարդկային արժէքներու կատարելագործումին ու հոգեկան աշխարհին մէջ, որովհետեւ վերջաւորութեան հարստութիւնն ու նիւթականը ժամանակաւոր են եւ միւս անժամանակն է, որ մարդուն կեանքը կ՚իմաստաւորէ:
Եթէ ունցած էք մեծ հայր եւ կամ մեծ մայր, վստահաբար գէթ մէկ անգամ լսած էք այս պատմութիւնը. օր մը մեծահարուստ մարդ մը աղքատի մը տունին առջեւէն անցնելով կը զարմանայ, թէ ինչպէ՞ս ընտանիքի անդամները իրենց թշուառ ու աղքատ վիճակին այսքան ուրախ ու երջանիկ կրնան ըլլալ, իսկ ինք իր մեծ հարստութիւնովը տխրութեան մէջ թաղուած կը մնայ. առիթով մը կ՚ուզէ գաղտնիքը գիտնալ եւ կ՚որոշէ հարցնել գաղտնիքը. նիւթապէս աղքատ մարդը հարցին կը պատասխանէ. «Գնդակ մը ունինք, անով կ՚ուրախանանք». մեծահարուստ մարդը կ՚որոշէ «գնդակ» մըն ալ ինք ունենալ եւ պարզ գնդակի մը փոխարէն շինել կու տայ ոսկի գնդակ մը, սակայն, դարձեալ չի հարսնիր այդ ուրախութեան մակարդակին: Երկրորդ անգամ երբ հարցը կը կրնէ, նիւթապէս աղքատ մարդը ցոյց կու տայ իր գնդակը՝ իր զաւակը, իր ուրախութիւնը ընտանեկան յարկէն ներս. աղքատին ուրախութիւնը, իր ընտանեկան սէրն ու սրբութիւնը շատ աւելի մեծ յաջողութիւն է, քան նիւթապէս մեծ հարստութեան տէր ըլլալը, որովհետեւ հարստութիւնը ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, սակայն երկրորդը յաւիտենական արժէք մըն է, որ կ՚իմաստաւորէ մարդուն կեանքը:
Մեր մաղթանքն է, որ բոլորս ունենանք երկրորդ կարգի յաջողութիւն. թող Աստուած բոլորին նիւթապէս ալ օրհնէ, սակայն նիւթականէն շատ աւելի առաջ տայ կեանքի ուրախութիւն, բաւարարուածութիւն ու երջանկութիւն, որովհետեւ իր քիչին մէջ ուրախ եղողը, իր շատին մէջ գոհունակ կ՚ըլլայ, իսկ հակառակ պարագային յատակ չունեցող տակառի մը նման անվերջ կը հետապնդուի յաջողութիւնը՝ մարդը ինքնին ձախողութեան հասցնելով:
Այսպիսով վերջ կը գտնէ մեր յաջողութեան փնտռտուքը, համոզուած ըլլալով, որ յաջողութիւնը ո՛չ հարստութեան քանակով եւ ոչ ալ դրամով կարելի է ձեռք բերել. յաջողութիւնը նախ հոգեկան պայքար մըն է. պէտք է նախ հոգին ու միտքը յաջողութեան գաղափարը լաւապէս ըմբռնեն, որպէսզի նման չըլլան այն յիմարներուն, որոնք կը հետապնդեն «յաջողութիւն»ը՝ առանց լաւապէս գիտնալու անոր ինչութիւնը:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս շատ մը յաջողակներ տխուր, իսկ անյաջողներ ուրախ են։
Պատասխան. Յաջողութիւնն ու ուրախութիւնը յարաբերկան են եւ անձէ անձ կը տարբերին։ Յաճախ մարդիկ յաջողակ կ՚ըլլան, սակայն կը շարունակեն սխուր մնալ, որովհետեւ իրենց յաջողութիւնն ու նպատակները կրնան տարբեր ըլլլալ։ Եթէ մարդուն նպատակները իրագործուած չեն, մարդ կրնայ ինքզինք տխուր զգալ։ Միւս կողմէ, որոշ անյաջող մարդիկ շատ մանր յաջողութիւններու եւ ձեռքերումներու համար ուրախ կը զգան, որովհետեւ ուրախութիւնը արտաքինէն աւելի ներքին ազդակներու վրայ հիմնուած է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան